Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ յայտնեց, որ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման համար կարելի է անոր հետ յաւելեալ բանակցութիւններ վարել:
Նշենք, որ Ռուսիան եւ Վրաստանը անցեալ շաբաթ ուղղակի երկխօսութիւնը վերականգնեցին, երբ Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Կէորկի Զուրապաշվիլի Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ հանդիպում ունեցաւ իր ռուս պաշտօնակից Միխայիլ Կալուզինի հետ:
Քոպախիծէ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Մոսկուայի եւ Թիֆլիսի մէջ եւս կրնան բանակցութիւններու այլ փուլեր կայանալ` նշելով. «Եթէ այս գործելաոճը որդեգրուի, անհրաժեշտ է, որ երկու մայրաքաղաքները փոխադարձաբար այս հանդիպումները հիւրընկալեն»:
Վրաստանի վարչապետը, սակայն, շեշտեց, որ այդ հանդիպումները չեն նշանակեր վերականգնում դիւանագիտական յարաբերութիւններուն, զորս Թիֆլիսը 2008 թուականին խզած էր:
«Երկու պետութիւններ կան, որոնք Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունին, եւ անոնք Վրաստանն ու Ուքրանիան են: Մինչեւ Վրաստանի հողային ամբողջականութեան վերականգնումը, այս արգելքը պիտի մնայ, եւ կարելի պիտի չըլլայ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնել», յայտնեց Քոպախիծէ:
Ան շեշտեց, որ Վրաստանը կառչած կը մնայ Ռուսիոյ իր հողերուն բռնագրաւման վերաբերեալ իր դիրքորոշումին` միեւնոյն ժամանակ ընդունելով, որ այս հակամարտութեան կարգաւորումը ժամանակի պիտի կարօտի:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիան 2008 թուականին հնգօրեայ պատերազմէն ետք ճանչցաւ Վրաստանէն անջատուած Աբխազիոյ ու Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը եւ անոնց մէջ ռազմակայաններ հաստատեց:


