Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Շնորհիւ հոկտեմբերի վերջաւորութեան Աւստրալիոյ մէջ կնքուած պատմական համաձայնութեան մը, Անթարքթիքի ջուրերէն բաժինի մը մէջ պիտի հաստատուի ծովային անասուններու յատուկ պահպանուած հսկայական տարածք մը:
Երեւակայեցէք շրջան մը, որ կ՛ընդգրկէ Ֆրանսան, Պելճիքան, Լիւքսամպուրկը, Հոլանտան, Գերմանիան, Զուիցերիան եւ Աւստրիան:
Այս հսկայական տարածքին կը համապատասխանէ Անթարքթիքի, Խաղաղական ովկիանոսին կողմը, Ռոս ծովուն մէջ ծովային անասուններուն յատկացուած պահպանուած շրջանը. 1,12 քառակուսի քմ, ուր ձկնորսութիւնը եւ որսորդութիւնը արգիլուած պիտի ըլլան: Այս որոշումը տրուեցաւ 28 հոկտեմբերին, Թասմանիոյ մէջ, Անթարքթիքոյի բնութեան եւ անասուններու պահպանման յանձնախումբին կողմէ, երկար բանակցութիւններէ ետք: Այս մարմինը կազմուած է 24 անդամ երկիրներէ եւ Եւրոպական միութենէն: Այս համաձայնագիրը պատմական քայլ մըն է, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով պետութիւններ կ՛ընդունին պահպանել իրենց ջուրերու սահմաններէն անդին ովկիանոսէն հսկայական տարածքներ:
Այս ծրագիրը ներկայացուած էր Նոր Զելանտայի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ, սակայն արգելքներ զայն սառեցուցած էին 2011-էն ի վեր: Կարգ մը երկիրներ չէին փափաքեր նման ընդարձակ տարածքի մը վրայ ձկնորսութիւնը սահմանափակել: Վերջապէս այդ պետութիւններն ալ ընդունեցին այս համաձայնութեան պայմանները, որուն հիմամբ նախորդ 35 տարիներուն ընթացքին կենսոլորտի ապականումէն եւ չվերահսկուած ձկնորսութենէ պահպանուած պիտի մնայ մեր մոլորակին վրայ մնացած վերջին անձեռնմխելի ծովային բնական միջավայրը: Ասիկա շատ լաւ լուր մըն է բնութիւնը պահպանողներուն համար, որովհետեւ ըստ նոր կատարուած ուսումնասիրութեան մը, անասուններու ամբողջ ընտանիքներու անհետացումը արագացած է վերջին քառասուն տարիներու ընթացքին: Ճիշդ է, որ այս նախաձեռնութիւնը քիչ մը ուշ իրականացաւ, սակայն ան պետութիւնները պատրաստ են գործնական քայլեր առնելու վիճակի բարելաւման ուղղութեամբ:
Առանց Անասուններու Աշխա՞րհ Մը
Բնութեան միջազգային յանձնախումբի 2016-ի տեղեկագիրը ահազանգային մեծ ազդանշան մըն է: Ըստ անոր կատարած վերջին ուսումնասիրութիւններուն, 40 տարիներու ընթացքին անասուններու բնակչութեան թիւը կէսով պակսած է: Անասուններու տարբեր տեսակներ շատ արագ կշռոյթով կ՛անհետանան: Այս երեւոյթը ընդհանրապէս ոչ միայն վտանգի տակ գտնուող անասուններուն պարագային կը նշմարուի, այլ կը վերաբերի նաեւ ամբողջ բնութեան դրութեան, որմէ կախեալ են անտառներուն, գետերուն եւ ովկիանոսներուն «առողջապահութիւնը»: Առանց այդ վայրերուն մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր կենդանի էակներուն, բնութեան ամբողջ դրութիւնը կրնայ կործանիլ` հետը տանելով մեզի հայթայթած անոնց տարբեր օգտակարութիւնները, ինչպէս` մաքուր օդ, ջուր, ապրելու միջոցներ:
Մարդ արարածը անհաշիւ կերպով կը սպառէ բնութեան հարստութիւնները: 1970-2012 յանձնախումբը հետեւած է մօտաւորապէս 15 հազար անասուններու խումբերու, որոնք կը պատկանին 3706 տարբեր տեսակներու: Ան նշմարած է, թէ այս բնակչութեան 58 առ հարիւրը նուազած է այդ ժամանակաշրջանին: Այս անհետացման գլխաւոր պատճառներն են` անասուններուն բնակավայրերու կրճատումը երկրագործութեան եւ ծառերու փայտերու չափազանց գործածութեան պատճառով, անհաշիւ ձկնորսութիւն եւ որսորդութիւն, ապականում, կլիմայի փոփոխութիւն: Մարդ արարածը չափազանց կը սպառէ: Մեր պէտքերը, յատկապէս` հարուստ երկիրներու բնակիչներունը, գոհացնելու համար մենք պէտք ունինք մեր երկրագունդին հայթայթած աղբիւրներուն մէկուկէս անգամին…
Հետեւաբար պէտք է շատ արագ լուծումներ գտնելու մասին մտածել: Իւրաքանչիւր անհատ կրնայ իր օժանդակութիւնը բերել այս հսկայական աշխատանքին` նախ եւ առաջ փոխելով իր կեցուածքը, մտածելակերպը… Ուրախ ըլլալու համար մենք պէտք չունինք միշտ աւելի սպառելու, դիզելու ինչքեր: Ամէնօրեայ կեանքին մէջ մեր տուած որոշումներն են, որոնք պիտի ազդեն նաեւ մարդկութեան բնութեան հանդէպ վարուելակերպին վրայ:
Ջերմութիւնը Չափենք
Մեր մարմինը ինքնագործ ձեւով իր ներքին ջերմաստիճանը կը կանոնաւորէ, այս պատճառով մենք տաքարիւն էակներ կը համարուինք:
Ճիշդ է, որ ստնաւորները եւ թռչունները տաքարիւն կենդանի էակներ են, սակայն բնական մարմիններուն ջերմաստիճանները միշտ նոյնը չեն ըլլար. անոնք տարբեր կարգերու մէջ կը գտնուին: Օրինակի համար, մարդ արարածներուն պարագային, կարգ մը անձերու մարմնին ջերմութիւնը ուրիշ անձերու մարմինի ջերմութենէն քիչ մը աւելի բարձր կամ քիչ մը աւելի նուազ կ՛ըլլայ: Սակայն ո՞ր կենդանի էակները ամէնէն տաք մարմինները ունին…
– Բեւեռային արջը` 37 աստիճան
– Չափահաս մարդ մը` 37,2 աստիճան
– Շունը` 39,9 աստիճան
– Ուղտը` 41 աստիճան
– Հաւը` 43 աստիճան
Հետաքրքրական
Ինչպէ՞ս Կը Կազմուին
Քարայրները
Երբ կ՛անձրեւէ, ջուրին մէջ գտնուող թթուն կը յարձակի ժայռերուն վրայ եւ կը թափանցէ անոնց մէջ` ճեղքերուն ընդմէջէն: Այս ճեղքերը կը մեծնան, մինչեւ որ քարայրներ կազմուին: Այս մաշումը շատ դանդաղ կը պատահի. սակայն երբեմն անիկա կ՛արագանայ, երբ գետ մը կը մտնէ գետնին տակ` այս ձեւով ջրհորներ եւ ներքնուղիներ փորելով:
Ինչպէ՞ս Էր Առաջին
Պատկերասփիւռը
Առաջին պատկերասփիւռը ստեղծուեցաւ 1926-ին, Անգլիոյ մէջ: Անիկա կը նմանէր մեծ ձայնասփիւռի մը եւ անոր պաստառը շատ փոքր էր: Սփռուած նկարները կարմիր եւ սեւ էին եւ` բաւական պղտոր, սակայն կարելի էր ճանչնալ դէմքեր:
Ուրկէ՞ Գիտենք, Որ
Արեւը Լուսինէն Աւելի Մեծ Է
Մենք այն տպաւորութիւնը ունինք, թէ արեւը եւ լուսինը նոյն չափի են: Սակայն արեւը լուսինէն 400 անգամ աւելի մեծ է: Եւ որովհետեւ ան երկրագունդէն 400 անգամ աւելի հեռու է, քան լուսինը, անոր չափը լուսինին չափին կը թուի:
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Ինքզինք
Հայելիին Մէջ Տեսնել
Հայելիները կազմուած են մետաղեայ բարակ խաւէ մը, որ ծածկուած է ապակիի խաւով մը: Անոնք լոյսէն միայն բաժին մը կը կլանեն եւ մնացածը կը ցոլացնեն. այս ձեւով կը կազմուին մեր տեսած նկարը:
Երբ մենք ապակիի մը առջեւ կենանք, մենք պիտի չտեսնենք մեր պատկերը, որովհետեւ ապակին գրեթէ ամբողջ լոյսը կը կլանէ:
Ինչպէ՞ս Մենք Ծանօթացանք
Գետնախնձորին
Երբ Ամերիկան գտնուեցաւ…
Գետնախնձորը կը մշակուէր էնքոներուն կողմէ, Լատին Ամերիկայի մէջ (Չիլի, Փերու): Սպանացի հետախոյզները «փափային» ծանօթացած են 16-րդ դարուն եւ իրենց հետ բերած են Եւրոպա:
Ինչպէ՞ս Կը Թռչին
Թռչունները
Թռչունները կրնան թռչիլ շնորհիւ իրենց շատ թեթեւ կմախքին եւ 2 թեւերուն: Երբ անոնք կը բանան իրենց փետուրները, թեւերուն մակերեսը կ՛աւելնայ` անոնց կարելիութիւնը տալով յենուելու օդի աւելի մեծ քանակի մը վրայ: Ապա անոնք իրենց թեւերը կը թափահարեն օդին մէջ մնալու համար, կամ` սաւառնելու օդի հոսանքներուն վրայ:
Ժամանց


