ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օրը շատ եռուն պիտի ըլլայ: Այս լաւ նշան մըն է սիրոյ մարզին մէջ: Ուրեմն թոյլ տուէք, որ սիրահարիք եւ ուրախանաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանեկան յարաբերութիւնը շատ սիրալիր պիտի ըլլայ: Օգտուեցէք այս լաւ առիթէն` զիրար լաւ հասկնալու համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դուք նախապաշարուած անձ մը չէք, սակայն երբեմն դուք ձեզի տարօրինակ հարցումներ կ՛ուղղէք: Հեռու մնացէք աւելորդապաշտ հարցերէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր լաւ գումար մը պիտի յատկացնէք կարեւոր գնում մը կատարելու համար: Ուշադիր եղէք ձեր քսակին, խնայասէր եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դրական մտածումները առիթ պիտի տան ձեզի, որ ունենաք յաջող գործունէութիւն մը ձեր աշխատանքին մէջ: Օրը ունի օգտագործելի բարիքներ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր առողջութեան հետ մի՛ խաղաք: Եթէ կը զգաք, թէ անհանգստութիւն մը կայ, անմիջապէս բժիշկի մը դիմեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լաւ բարեկամ մը ունենալը բախտաւորութիւն մըն է, զոր պէտք է նկատի առնէք: Այսօր պիտի ունենաք լաւ բարեկամներ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Գործի դիմողներուն մէջ առանձին չէք: Մրցակցութիւնը կարծր պիտի ըլլայ: Շատ բարձր յոյսեր մի՛ ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դրական ձեւով կը մտածէք, եւ ձեր շրջապատը գոհ պիտի մնայ ձեր կեցուածքէն: Միշտ կեանքի նոյն ձեւը ապրեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այսօր ոչինչ պիտի փոխէք ձեր սովորութենէն: Դուք ձեզ նախապաշարեալ անձ մը մի՛ նկատէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հեռու մնացէք ամէն ինչէ, որ օգտակար չէ: Բախտը այդքան ալ ժպտուն կրնայ չըլլալ այսօր, ուստի ճակատագրական քայլեր մի առնէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Աշխուժ եւ գործունեայ էք: Այս եռանդը օգտագործեցէք ճշգրիտ աշխատանքի մը մէջ: