50 Տարի Առաջ (21 Յունիս 1968)
Ուշադրութեան Արժանի Այսօր` յունիս 20-ին, «Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճը կու տայ իր առաջին հունձքը: Չորս տարի առաջ հիմնուեցաւ ճիշդ տեղին, եռուն միջավայրի մը մէջ, Պուրճ Համուտի սրտին: Շրջանի հայութեան հոծ զանգուածը երախտապարտ պիտի մնայ անոր հիմնադրին, նոյնիսկ` ողբացեալ Սոֆիա Յակոբեանին, որ այնքան շռայլ ու կենսատու մեծագործութեամբ մը օժտեց իր քաղաքամասը: Սոֆիա Յակոբեան բարերարուհիին հանդէպ նոյն ջերմ զգացումները տածելու պատճառներ պիտի ունենայ...




