ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ալիս Եալմանեան
Օրդ. Լիզա Եալմանեան
Տէր եւ տիկին Վարդիվառ եւ Արփի Եալմանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ եւ Ազնիւ Եալմանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Թամար Եալմանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գօգօ եւ Սարին Եալմանեան եւ զաւակը
Եալմանեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Հաքիմեան եւ Շխըրտըմեան ընտանիքներ
Զաքարեան եւ Ճէպեան ընտանիքներ
Թոմարզալեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, աներոջ եւ հարազատին`
ԳՐԻԳՈՐ ԵԱԼՄԱՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 13 յունիս 2018-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 14 յունիս 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ ուրբաթ, 15 յունիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Թովմաս եւ Նայիրի Խուտիկեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Մելիս եւ Սիլվա Խուտիկեան-Պատալ եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վարդան եւ Անի Խուտիկեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Անի Խուտիկեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տիկին Արշալոյս Վարդանեան եւ զաւակունք
Խուտիկեան եւ Նոխուտեան ընտանիքներ
Պետրոսեան եւ Աբրահամեան ընտանիքներ
Վարդանեան եւ Տէրտէրեան ընտանիքներ
Յովհաննէսեան եւ Հապէշեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ԶԱՐՈՒՀԻ ԽՈՒՏԻԿԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 8 յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 11:35-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, Միացեալ Նահանգներ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 14 յունիսին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Ս. Պետրոս առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, Վեն Նայս, Քալիֆորնիա:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍՕՍԻ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 17 յունիս 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
Հովանաւորութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Կազմակերպութեամբ`
Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական
Ուսանողական Միութեան
ԿԱԼԱ – ԸՆԹՐԻՔ
ՀԵՀՈՄ-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 55-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Մասնակցութեամբ` հայրենի սիրուած երգիչ`
ՍԵՒԱԿ ԱՄՐՈՅԵԱՆԻ
Շաբաթ, 23 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Տըպպայէի «Լը Ռուայալ» պանդոկի «Ռուպի» սրահին մէջ:
Կը հրաւիրենք բոլոր հայ համալսարանականներն ու նախկին ՀԵՀՈՄ-ականները` միասնաբար տօնախմբելու այս յոբելենական հանդիսութիւնը եւ խթան հանդիսանալու ՀԵՀՈՄ-ի յառաջիկայ գործունէութեանց: Յայտնենք, որ այս կալային հասոյթը պիտի տրամադրուի հայ համալսարանականներու կրթաթոշակի օժանդակութեան ֆոնտի մը ստեղծման ծրագիրին:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել 76/088532, 76/868661 թիւերուն եւ կամ կապուիլ կաթողիկոսարան` 04/410001:
ՀԵՀՈՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ձեր ազնիւ ուշադրութեան կը յանձնենք, որ 2018-2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները սկսած են ու կը շարունակուին ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-12:30:
Այս տարեշրջանին եւս վարժարանս կը շարունակէ ընդունիլ ծիլ դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտներ` երեք բաժանմունքներու մէջ.
– Ընդհանուր գիտութիւն (GS)
– Կենսաբանութիւն (LS)
– Ընկերատնտեսութիւն (SE)
Վարժարանին մէջ`
– կը գործէ ուսման յատուկ կարիք ունեցող աշակերտներու բաժանմունք (մանկապարտէզէն` միջնակարգ),
– կը գործէ լիաժամ խորհրդատու-հոգեբան (school counselor),
– կը դասաւանդուի նկարագիրի կրթութիւն (child education),
– կը գործեն այլազան «ակումբ»-ներ (պարի, ճատրակի, մարզական, robotics…)
Վարժարանս օժտուած է վերանորոգուած եւ արդիական տարրալուծարանով:
Ուշադրութիւն
– Վարժարանս կը տրամադրէ յատուկ եւ սերտուած կրթանպաստի դրութիւն քաջալերելու համար ուսումնատենչ հայ աշակերտներու գոյատեւումը հայ վարժարանին մէջ:
– Հայկազեան համալսարան յաճախող ԿԲՎ-ի շրջանաւարտներուն համար յատուկ կրթանպաստ կը տրամադրուի «Թրբանճեան ֆոնտ»-էն (պայմանով, որ աշակերտը վերջին երկու տարիներուն յաճախած ըլլայ ԿԲ վարժարան):
Նորեկ աշակերտներէն կը խնդրուի դպրոց ներկայացնել.
ա.- Վերջին 2 տարիներու վիճակացոյց
բ.- Ինքնութեան թուղթի լուսապատճէն
գ.- Երկու նոր լուսանկար
դ.- Նախկին վարժարանէն աշակերտին պետական թիւը` վաւերացուած:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ԿԸ ՓՆՏՌՈՒԻ ԵՐԻԿԱՄՈՒՆՔ
3 զաւակներու հայր մը անմիջականօրէն եւ յոյսով կը փնտռէ անձ մը, որ կարենայ նուիրել իր երիկամներէն մէկը (A կամ O արեան խմբաւորումով):
Կը խնդրուի հեռաձայնել 03-790698 թիւին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի վաճառող օրիորդի մը` իր ցուցասրահին համար: Հեռ. 03-412442:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
22 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ
ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 55-ԱՄԵԱԿԻՆԱՌԻԹՈՎ
ԿԱԼԱ-ԸՆԹՐԻՔ
ՇԱԲԱԹ, 23 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՔԵՐՄԵՍ-ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
23 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ
25 ԵՒ 26 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ` ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
ՇԱԲԱԹ, 14 ՅՈՒԼԻՍ 2018-ԻՆ
