ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դժուար շրջան մըն է: Կրնաք նեղութիւնները յաղթահարել հանդարտ ջիղերով: Մի՛ անտեսէք ձեր պատասխանատուներու թելադրանքները: Խաղաղութիւնը փնտռեցէք եւ հանգիստի պահ մը առէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ թերանաք առօրեայ ձեր պարտականութիւններուն մէջ: Առողջական խնդիրները լուրջի առէք: Փոփոխական շրջան մըն է: Առաջնահերթութիւններէն սկսէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կրնաք դժուար նիւթեր քննարկել: Հաշտուելու առիթը մի՛ կորսնցնէք: Դրական շրջան մըն է: Մօտ օրէն սիրոյ կրակներուն մէջ պիտի իյնաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հեռու կեցէք ամէն տեսակ վիճաբանութիւններէ: Տագնապալից շրջան մըն է: Ստիպուած էք քննարկումի մէջ մտնելու` դուրս գալու համար որոշ հարցերէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Խելացի միտքեր ունիք եւ կրնաք սակարկութեան մէջ մտնել: Աշխուժ օրեր են եւ խոստմնալից` աշխատանքային եւ ընտանեկան առումով: Ձեր ժամադրութիւնները եւ հեռաձայնային կապերը պիտի շատնան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Լուրջ նիւթեր պիտի քննարկուին: Հանդարտութեամբ քննեցէք ձեր աշխատանքային եւ վարչական պայմանները: Ձեր փաստաթուղթերը դուք անձնապէս դասաւորեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նոր ծրագիր մը իրականացնելու պիտի սկսիք կամ շատոնց սպասուած արտօնութիւն մը ձեռք պիտի ձգէք: Պիտի ձերբազատիք շատ մը յոգնութիւններէ եւ հոգերէ: Ձեր ժամանակը մի՛ վատնէք: Ինքնավստահութեամբ սկսէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այս շրջանին պայմանագիր մի՛ ստորագրէք: Պիտի ուշանան ձեր ծրագիրները կամ` չեղեալ նկատուին: Ժխտական պայմաններ պիտի ստեղծուին: Համբերեցէք եւ հանդարտ պահեցէք ձեր դիրքը: Զգուշ եղէք յուսահատութենէն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Աշխատեցէք աւարտել ձեր բոլոր գործերը: Բոլորին ուշադրութեան առարկան պիտի դառնաք: Լաւ շրջան մըն է եւ արդիւնաբեր: Պիտի յաջողիք կախուած հարցեր լուծել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Թերացումէ եւ անպատրաստ վիճակէ զգուշացէք: Անակնկալ հարց մը պիտի դիմագրաւէք: Տակնուվրայ պահեր պիտի ապրիք եւ պիտի կորսնցնէք ձեր վստահութիւնը: Հակառակութիւններէ հեռու մնացէք: Ձեր անունը մի՛ աղաւաղէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք կամ նոր մշակոյթով մը պիտի հետաքրքրուիք: Յաջող շրջան մըն է, մի՛ թերանաք: Նոր արհեստ մը պիտի ուզէք սորվիլ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բախտը պիտի ժպտի ձեզի: Առիթէն օգտուեցէք եւ կանուխ գացէք աշխատանքի: Հանդարտութեամբ քննարկեցէք: Առիթ մը պիտի ունենաք` սրբագրելու հին սխալները:
