ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դասաւորեցէք ձեր թուղթերը եւ գործերը: Որոշում մի՛ տաք առանց մասնագէտներուն կարծիքը առնելուն: Զիջումներ առաջարկեցէք դիւրացնելու համար ձեր պայմանները: Ձեր ընկերներէն օգնութիւն խնդրեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է, լեցուն` բախտով: Յաջողութիւններ պիտի ունենաք: Մի՛ յանձնուիք, կրկին փորձեցէք: Պաշտպանեցէք ձեր իրաւունքները` առանց վախնալու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընտանեկան կամ անձնական խնդիրներ պիտի ծագին. ձեզի պիտի պատճառեն տագնապ եւ նեղութիւն: Աշխատեցէք վերատիրանալու համար ձեր դիրքին: Պիտի ստիպուիք ներկայացուցիչ ղրկել ձեզի ժողովի մը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր յաջողութեան տոկոսը պիտի բարձրանայ: Ձեր կամքը պիտի զօրանայ, եւ տուեալները ինքնաբերաբար պիտի փոխուին ի շահ ձեզի: Զօրաւոր մտքեր ունիք եւ համոզելու կարողութիւն ունիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կրկին սերտեցէք ձեր հաշիւները, շահերը եւ ամսականները: Ձեզ գոհացնող պատասխան մը պիտի լսէք: Մեծ գումարներ մի՛ ծախսէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Լուսինը ձեր աստղին մէջն է: Ձեր բախտը կրկին պիտի զօրանայ: Խանդավառ էք` ուղղութիւն մը կամ սկզբունք մը փոխելու: Նոր ծրագիր մը պիտի առաջարկէք, սպասողական վիճակ մը պիտի տիրէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արդիւնքէ զուրկ շրջան մըն է: Ձեր գործերը պիտի դանդաղին: Խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն փնտռեցէք: Հանգստանալու գացէք: Սերտեցէք ձեր հաշիւները:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պէտք ունիք ձեր ընկերներէն մէկուն գործակցութեան: Յարմար ժամանակ է ամրապնդելու ձեր յարաբերութիւնները: Մի՛ յետաձգէք ձեր խորհրդաժողովները եւ հանդիպումները: Նոր դէմքերու պիտի ծանօթանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պատրաստ եղէք կարգաւորելու ձեր կացութիւնը եւ դիմագրաւելու ներկայ վիճակը: Ճնշումներ եւ քննութիւններ երեւան պիտի գան: Ամէն ինչի պատրաստ եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Լաւապէս կը կառավարէք ձեր կեանքը: Ձեր մտավախութիւնները մէկ կողմ դրէք: Ճնշումները պիտի նուազին: Պիտի կորսնցնէք ընկեր մը կամ գործակից մը: Կրակին հետ մի՛ խաղաք, որ չզղջաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր սխալները ուղղեցէք եւ վիճակը դասաւորեցէք: Կարիքը ունիք ճկուն ըլլալու եւ ամուր ջիղեր ունենալու: Ձեր դրամները պահեցէք սեւ օրերու: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մթնոլորտը տագնապալից է: Վէճեր մի՛ ստեղծէք: Ժխտական զգացումներէ հեռու մնացէք: Օրինազանց մի՛ ըլլաք: Դժուար բնաւորութիւն ունիք եւ վտանգաւոր յամառութիւն:
