Հովանաւորութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Կազմակերպութեամբ`
Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական
Ուսանողական Միութեան
ԿԱԼԱ – ԸՆԹՐԻՔ
ՀԵՀՈՄ-Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 55-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Շաբաթ, 23 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ, Տըպպայէի «Լը Ռուայալ» պանդոկի «Ռուպի» սրահին մէջ:
Կը հրաւիրենք բոլոր հայ համալսարանականներն ու նախկին ՀԵՀՈՄ-ականները` միասնաբար տօնախմբելու այս յոբելենական հանդիսութիւնը եւ խթան հանդիսանալու ՀԵՀՈՄ-ի յառաջիկայ գործունէութեանց: Յայտնենք, որ այս կալային հասոյթը պիտի տրամադրուի հայ համալսարանականներու կրթաթոշակի օժանդակութեան ֆոնտի մը ստեղծման ծրագիրին:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար հեռաձայնել 76/088532, 76/868661 թիւերուն եւ կամ կապուիլ կաթողիկոսարան` 04/410001:
ՀԵՀՈՄ-Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի վաստակաշատ անդամին`
ՍԱՄՈՒԷԼ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 19 յունիս 2018-ին:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅԱՍՄԻԿ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 24 յունիս 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՍԵՐՈԲ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆի մահուան Դ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 24 յունիս 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
100 ԱՌ ՀԱՐԻՒՐ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ՊՐԷՕՎԷԻ
ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ 2017-2018 տարեշրջանի Պրէօվէի պետական քննութիւններուն Թ. դասարանի 39 աշակերտները յաջողած են 2 շատ լաւ եւ 15 լաւ յիշատակութեամբ:
Ստորեւ աշակերտներուն անուանացանկը.
Աճէմեան Նաթալի, Ադամեան Հելեն, Պապիկեան Արփի (լաւ), Պահտայեան Ռուպինա, Տէմիրճեան Սիլվիա (լաւ), Տիրացուեան Շերիլին (լաւ), Ճինպաշեան Ալիք, Հաճաքեան Սէրլի, Հէյպէլեան Նանոր (շատ լաւ), Քէչէք Ինեսա (լաւ), Խաչատուր Նարօտ, Խաչատուրեան Լոռի (լաւ), Պապոյեան Սիրվիա, Գրիգորեան Արին-Հելենա, Պայրաքտարեան Սինթիա, Տէմիրճեան Սօսի, Գարաճեան Ալիս (լաւ), Քէշիշեան Կալի (շատ լաւ), Գէորգեան Ցոլեր (լաւ), Խաժօ Ռէն, Մանիսաճեան Վանա, Մկրտիչեան Մեղեդի, Սարգիսեան Նաթալի (լաւ), Թաշճեան Նարօտ (լաւ), Թէքէլեան Բալիկ, Թորոսեան Փեռլա (լաւ), Թիւթէլեան Կասիա (լաւ), Զարմէնեան Սարին (լաւ), Ժըհայէմ Ճոն (լաւ), Ճինպաշեան Կարէն (լաւ), Ղազարեան Յարութ, Կէօզիւպէօյիւքեան Վարագ, Իսքենտեր պապա Շանթ, Թաշճեան Էտուարտ, Աճէմեան Ժաքոպ, Ահարոնեան Շանթ (լաւ), Համալեան Պօղոս, Գալուստեան Պետօ, Գարամինասեան Անտրու:
Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃԻ 9-ՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆԻ
ԲԱՑԱՌԻԿ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՊՐԷՕՎԷԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ
Այսու կը յայտարարենք, որ դպրոցիս 9-րդ դասարանի բոլոր աշակերտները յիշատակութեամբ յաջողած են պրէօվէի քննութիւններուն` արձանագրելով հետեւեալ բացառիկ արդիւնքը.
Այգ Արզումանեան («շատ լաւ»), Նարինէ Պաստաճեան («շատ լաւ»), Սէլին Համմուտ («շատ լաւ»), Աւօ Տէրտէրեան («լաւ»), Գառնի Քէօշկերեան «լաւ»), Արիժ Սիտանի («լաւ»), Եարա Եունես («լաւ»):
Կը շնորհաւորենք աշակերտները եւ անոնց ծնողները, ինչպէս նաեւ ուսուցիչները` այս բացառիկ արդիւնքին համար:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՊՐԷՕՎԷԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ`
1 «ՇԱՏ ԼԱՒ» ԵՒ 7 «ԼԱՒ» ԳՆԱՀԱՏԱԿԱՆՆԵՐՈՎ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը մեծագոյն ուրախութեամբ եւ խորագոյն գոհունակութեամբ կը յայտնէ, որ վարժարանի 2017-2018 տարեշրջանի 9-րդ (պրէօվէ) դասարանի 34 աշակերտներէն 31-ը յաջողեցան այս տարուան պետական քննութիւններուն:
Աշակերտուհի Կասիա Լեւոնեան յաջողեցաւ «շատ լաւ» գնահատականով, իսկ աշակերտներ Ճոնի Պէյլէրեան, Վարդան Ժըմմօ, Արբի Թապագեան, Ճօ Կարապետեան, Կարօ Թաշճեան, Հրակ Ճապրայեան եւ Յովսէփ Ասատուր յաջողեցան «լաւ» գնահատականով:
Տնօրէնութիւնը կը շնորհաւորէ յաջողած 31 աշակերտները եւ կը խնդակցի անոնց ծնողներուն` մաղթելով, որ նման իրագործումներ միշտ մնան անոնց ուղեկից` ուսման բոլոր փուլերուն, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն կը մաղթէ երկրորդ շրջանի քննութիւններու 3 մասնակիցներուն:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
22 յունիս, 2018
—————————————
2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ`
ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ ընթացքի մէջ են 2018-2019 կրթական տարեշրջանի աշակերտական արձանագրութիւնները, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ 16 յուլիս 2018, ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00:
Նորեկ աշակերտներու ծնողներուն կը յանձնարարենք դպրոցի քարտուղարութիւն ներկայանալով ստանալ արձանագրութեան համար պահանջուած փաստաթուղթերու ցանկն ու անհրաժեշտ այլ տեղեկութիւններ: Քարտուղարութեան հետ կարելի է կապուիլ 01-241541 հեռաձայնի թիւով:
Օգոստոս ամսուան արձակուրդային դադարէն ետք, արձանագրութիւնները կը վերսկսին 3 սեպտեմբերին, ամէն օր (բացի ուրբաթ օրերէն), ժամը 9:00-12:00:
ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ
– Պրէօվէի եւ պաքալորէայի դասարաններ`
Երեքշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2018
– Միջնակարգ եւ երկրորդական`
Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2018
– Նախակրթարան
Դ.-Զ. դասարաններ`
Չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբեր 2018
Ա.-Գ. դասարաններ`
Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2018
– Մանկապարտէզ
Ծաղիկ – կոկոն դասարաններ`
Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2018
Բողբոջ-ծիլ դասարաններ`
Երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2018
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————
ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Կը պատրաստենք կապոյտ մոմի յատուկ կաղապարներ: Հեռ. 03-242665:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ Է
Գրասենեակ կամ սրահ 2-րդ յարկ, 180 քառ. մեթր, Պուրճ Համուտ, Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մօտ, «Սեւան» շէնք: Հեռ. 70/420246:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ` ԳԱՌՆԻԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ
ՇԱԲԱԹ, 14 ՅՈՒԼԻՍ 2018-ԻՆ



