ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պիտի վերագտնէք ձեր առողջութիւնը: Փոփոխութիւն մը պիտի մտցնէք ձեր առօրեային մէջ: Տեղքայլի վիճակէն դուրս պիտի ելլէք եւ պիտի ուրախանաք յաջողութեան մը համար: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք եւ նոր էջ մը պիտի սկսիք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Նոր բան մը մի՛ սկսիք եւ պայմանագիր մի՛ ստորագրէք: Ձեր ընթացքը պիտի դանդաղի, եւ աշխուժութիւնը վերանայ: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք, ամսուան քիչ բախտաւոր օրերէն մէկն է: Վատ օրերուն պիտի յաջորդեն դրական օրեր, որոնց ընթացքին առիթ պիտի տրուի ձեզի` ձեր սխալները սրբագրելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ուշադիր եղէք ձեր ընկերային յարաբերութիւններուն: Զբօսնելու համար դուրս եկէք ձեր տունէն: Մի՛ յետաձգէք ձեր ժամադրութիւնները: Ինքնավստահութեամբ քննարկեցէք եւ պաշտպանեցէք ձեր շահերը: Պատասխանատուութիւն պիտի զգաք որոշ հարցերու նկատմամբ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Զօրակցութեան համար պիտի ուրախանաք, բայց մի՛ նեղացնէք ոեւէ մէկը: Յարմար շրջան է ամրապնդելու ընտանեկան եւ ընկերային յարաբերութիւնները: Մինակ մի՛ մնաք: Աշխատեցէք ժամանակ անցընել ընկերներու եւ բարեկամներու հետ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Տրամադրութիւնները պիտի բարձրանան, եւ յաջողութեան մեծ առիթներ պիտի ունենաք: Դրական շրջան մըն է, պիտի յաջողիք այս ընթացքին զրուցել ձեր բարեկամներուն հետ: Լուրով մը պիտի ուրախանաք: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Յարգեցէք ձեր վարչական եւ դրամատնային պարտաւորութիւնները: Խրթին շրջան մըն է, որ կը պահանջէ գործակցութիւն` տարբեր կողմերու հետ: Մեծահոգի մի՛ ըլլաք: Ձեր լռութենէն դուրս եկէք եւ համարձակութեամբ վարուեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Տագնապ պիտի նկատէք մթնոլորտին մէջ: Վիճաբանութենէ եւ հարցերէ հեռու մնացէք, եթէ կ’ուզէք յաջողութիւն մը արձանագրել: Պատրաստուեցէք դիմագրաւել հարց մը` մարզական ոգիով: Ձեր բոլոր տեսածներն ու լսածները պիտի չհաւնիք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր օրն ու աշխատանքը կանուխ սկսեցէք: Ձեր առողջական վիճակին հոգ տարէք: Դասաւորեցէք ձեր ժամանակը` ուշացումէ զերծ մնալու համար: Մի՛ ջղայնանաք եւ հարցերէ հեռու մնացէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Անձնական անակնկալ պարագայի մը համար պիտի մտահոգուիք: Մի՛ մեղադրէք ձեր սիրելիները եւ հոգ տարէք ձեր առողջութեան: Անիմաստ խօսակցութիւններու մի՛ հետեւիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Պիտի նեղանաք ընտանեկան կամ անձնական վիճաբանութեան մը պատճառով: Ձեր ընկերները եւ սիրելիները ձեզ պիտի չկարենան հասկնալ, այս մէկը գէշ պիտի ազդէ ձեր վրայ: Վերապահ մի՛ մնաք եւ ձեր պարտականութիւններուն մէջ մի՛ թերանաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Այս օրերուն աշխուժութիւն եւ ուժ պիտի ունենաք` արդիւնաբեր լուծումներու յանգելու: Յստակ խօսեցէք, որպէսզի անհասկացողութեան զոհ չերթաք: Ուշադրութեամբ վարեցէք ձեր ինքնաշարժը: Ձեր բջիջային հեռաձայնը պիտի կորսնցնէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ նորութիւն կ’ուզէք մտցնել: Մի՛ ձգձգէք ձեր գործը, եթէ նոյնիսկ յոգնեցաք: Նոր էջ մը սկսեցէք եւ հին էջերը ծալեցէք: Լաւ շրջան մըն է` զուարճանալու եւ հաճելի ժամանակ անցընելու ձեր ընկերներուն հետ: