ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Խնայողութեամբ ծախսեցէք ձեր դրամները եւ թոյլ մի՛ տաք, որ պարտքերը դիզուին: Առիթ մի՛ տաք ոեւէ մէկուն, որ կասկածի ձեր կարողութեան վրայ: Քննարկեցէք եւ իմացէք մանրամասնութիւնները ամէն ինչին: Մասնագէտներուն կարծիքը հարցուցէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Լուսինը ձեր աստղին մէջն է, հետեւաբար այս շրջանը իւրայատուկ եւ հմայիչ պիտի դառնայ: Մթնոլորտը առիթ պիտի տայ ճիգ թափելու խաղաղութիւն հաստատելու եւ համաձայնութիւն գոյացնելու համար: Ամսուան գեղեցիկ օրերէն մէկն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Աշխուժութեան կարիք ունիք: Մի՛ ենթարկուիք յոգնութեան: Դրականութենէ բոլորովին հեռու շրջան մըն է: Հեռու մնացէք որեւէ շարժումէ կամ կտրուկ որոշումէ: Յուսահատեցնող շրջան մըն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Համարձակութեամբ պիտի քննարկէք: Յարմար շրջան է քննութեան եւ այլոց հետ յարաբերութեան: Լուսարձակները պիտի կեդրոնանան ձեր զգացական եւ ընտանեկան պայմաններուն վրայ: Թէեւ վիճաբանութիւններ պիտի ծագին, բայց ուրախ առիթներ ալ պիտի տրուին ձեզի:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձախողութենէ ուշադիր եղէք: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Ջղայնութեան կամ նեղութեան ազդեցութեան տակ որոշում մի՛ տաք: Ձեր աշխատանքային խաղաղութիւնը զերծ պահեցէք յոգնութենէ: Խրթին շրջան մըն է:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Կ՛որոշէք ճամբորդել կամ տարօրինակ փորձառութիւն մը ապրիլ: Ինքնավստահ պիտի դառնաք: Դրական շրջան մըն է, որու ընթացքին հարուստ միտքեր պիտի ունենաք: Ընտանեկան եւ անձնական գետնի վրայ հոգեր պիտի ծագին:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք ձեր խօսած ամէն մէկ բառին եւ որդեգրած ամէն մէկ կեցուածքին: Լուսինը պիտի ճնշէ ձեր վրայ: Մի՛ բարձրացնէք ձեր ձայնը եւ մի՛ գանգատիք մանաւանդ վարչական գործերու ընթացքին:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Որպէսզի յաջողցնէք ձեր հանդիպումները, հարկ է հանդարտ, ճկուն եւ դիւանագէտ ըլլալ: Ձեր թշնամին զօրաւոր է: Կրնայ ձեր պաշտպանութիւնը ձախողիլ: Պայմանները ձեր գործերուն պիտի հակառակին: Դիւանագիտութեան պէտք ունիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Իւրայատուկ շրջան մըն է: Ուրախ եւ համարձակ կ՛երեւիք: Կարեւոր քայլերու պիտի դիմէք: Օգտագործեցէք ձեզի տրուած բոլոր առիթները: Հետաքրքրական լուրեր պիտի ստանաք: Կարողութիւնը ունիք հատուցելու ամէն ուշացում: Վիպային շրջան մըն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Փոփոխութիւններ եւ յաջողութիւններ: Ժամանակը հասած է համարձակ քայլ մը առնելու: Պիտի վերագտնէք գործերու ձեր ընթացքը: Ձեր միտքերը աւելի յստակ կ՛երեւին: Բոլորվին մի՛ վստահիք բախտին, դուք ձեր գործը կատարեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն հարցով պիտի մտահոգուիք կամ` տնային, առողջական հարցերով: Մի՛ քննադատէք ձեր սիրելիները: Մի՛ մերժէք նոր միտքերը, որոնք կրնան լուծում բերել ձեր անլոյծ մնացած հարցերուն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Առիթ պիտի ունենաք ձեր դիրքը ամրապնդելու: Աշխատեցէք լուծումի մը յանգիլ` առանց յամառութիւն ընելու: Քաջալերող եւ դրական շրջան մըն է: Եթէ շարունակէք ճկունութեամբ վարուիլ, մեծ յաջողութեան պիտի հասնիք:
 
			