ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ձեզի յարմար է մասնակցիլ ընկերային տարբեր գործունէութիւններու, որոնց նպատակն է անցում դէպի խաղաղութիւն: Պիտի զբաղիք ձեր գործերը դասաւորելով: Յոգնութիւն պիտի դիմագրաւէք եւ պիտի յաղթահարէք բոլոր պայմանները` շնորհիւ ձեր ճիգերուն:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր բոլոր ուժերը եւ կարողութիւնները երեւան հանեցէք, նոյնիսկ եթէ զգաք նեղութիւն եւ տագնապ: Մեծ պատասխանատուութիւն ունիք: Դուք պէտք ունիք բարելաւելու ձեր աշխատանքը եւ վերաբերմունքը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Խանդավառ եւ լաւատես կ՛երեւիք: Յարմար շրջան է քննարկումներ կատարելու եւ միտքեր արտայայտելու: Նախկին փորձերը կրկնեցէք: Փաստեր պիտի տաք ձեր սիրոյ մասին: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Կարողութիւնը ունիք շտկելու ձեր կացութիւնը եւ զայն վերադարձնելու իր բնականոն վիճակին` առանց խնդիրներու: Յարմար ժամանակ է` սորվելու, ճամբորդութիւն կատարելու, մասնակցելու համագումարներու կամ խմբային աշխատանքներու:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ուշադիր եղէք օրինական հարցերէն: Մէկու մը նեղութիւն մի՛ տաք: Հանդիպումներու եւ ժողովներու յարմար շրջան մըն է: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է: Զրկանք եւ նեղութիւն պիտի զգաք, բայց հակառակութիւններ մի՛ յարուցէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Աշխատանքային նոր շրջան մը պիտի սկսիք, բայց այս չի նշանակեր, որ ամէն բան լաւ պիտի ըլլայ: Պարտաւորութիւնները պիտի շատնան, աւելի լաւ է նշաններուն հանդէպ անհոգ չգտնուիք, որքան ալ պարզ ըլլան անոնք: Առողջական հարցերէ զգուշացէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Պիտի ծանօթանաք դրական պայմաններու եւ անձերու, որոնք կարեւոր առիթի մը պիտի դառնան ձեզի համար: Քաջալերուեցէք, յարմար շրջան է աշխատանքային կամ ընտանեկան հանդիպումներ կազմակերպելու: Ամսուան գեղեցիկ օրերէն մէկն է:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Պիտի տագնապիք եւ իրար պիտի անցնիք: Հակադարձութիւններէ եւ ընտանեկան վէճերէ ուշադիր եղէք: Յարմար շրջան է տարածք մը շահարկելու կամ նոր աշխատանք մը սկսելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Նիւթական հարցերու շուրջ մի՛ շտապէք որոշում տալ: Մօտէն հետեւեցէք ձեր գործերուն: Նոր ծախսեր պիտի ունենաք: Վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք: Բացասական դիտողութիւն մի՛ կատարէք ուրիշին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Արժեւորելու շրջան է, հարկ է, որ ամրապնդէք ձեր դիրքը եւ պահէք ձեր անունը: Աւելորդ ծախսերէ խուսափեցէք: Ընկերային գործունէութիւնները պիտի շատնան: Գնահատագիր մը կամ մրցանակ մը պիտի շահիք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Խանդավառ էք` կարեւոր որոշում մը տալու: Յարմար շրջան մըն է համարձակ քայլ մը առնելու: Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Պատրաստուեցէք առնել առաջին քայլը: Ուրախ լուրերով պիտի ուրախանաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Հանգստացէք եւ լոյսերէն հեռու կեցէք, որոնք բացասաբար պիտի ազդեն ձեր վրայ, ինչպէս նաեւ` աշխատանքային կարողութեան վրայ: Վստահ եղէք ձեր ժամադրութիւններէն` զերծ մնալու համար որեւէ յուսախաբութենէ: Նոր գործի մի՛ անցնիք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
