50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1968)
Ինչո՞ւ Նուազ Է Գաղափարական Նուիրումը Հիներուն մատնանշած ցաւն է ասիկա: Նոր սերունդը կ՛ամբաստանուի շեշտուած եսականութեամբ: Գաղափարական նուիրումի տէր երիտասարդները, կ՛ըսուի յաճախ, այնքան նուազած են, որ չեն կրնար գոյն ու դիմագիծ տալ սերունդի մը: Հանրային եւ ազգային գործերու հանդէպ խանդավառութիւնը հազիւ կ՛առկայծի: Ամէն ոք իր դիրքին ու ապագային մասին կը մտածէ եւ, լաւագոյն պարագային, իր ժամանակի եւ ուժերու աւելորդէն քանի մը...



