ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պիտի ծանօթանաք նոր անհատներու, որոնք պիտի օգնեն ձեզի ձեր գործերուն մէջ: Յառաջիկայ օրերուն կարեւոր գաղափարներ պիտի առաջարկէք ձեր հաստատութեան տնօրէնին: Լաւագոյնին հասնելու համար ձեր կարելին ըրէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ հաճելի ժամեր պիտի անցընէք: Այս օրերուն ոչ մէկ տեսակի պայմանագիր ստորագրեցէք: Բախտէ զուրկ շրջան մը պիտի ապրիք, վստահեցէք միայն ձեր ուժերուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Լաւատես եղէք, նոյնիսկ եթէ հարցեր ու խնդիրներ ունենաք: Նախանձոտ մարդոցմէ հեռու մնացէք, անոնք կրնան խանգարել ձեր կեանքի խաղաղ ընթացքը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ժամանակի ընթացքին աւելի համբերող դարձած էք: Հետեւեցէք ձեր հարազատներուն տուած խրատներուն: Մի՛ գանգատիք եւ գոհունակութեամբ փառք տուէք Աստուծոյ` ձեր ունեցած բոլոր բարիքներուն համար:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Շատեր պիտի զմայլին ձեր ստեղծագործութիւններուն եւ առաջարկած միտքերուն վրայ: Այս օրերուն նիւթական հարցեր պիտի քննարկէք: Պարտքի դրամ մի՛ տաք մանաւանդ ձեր ընկերներուն, որովհետեւ կրնաք երկուքն ալ կորսնցնել:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պիտի աշխատիք ուրախացնել ձեր սիրեցեալը: Հաճելի եւ ուրախ պահեր պիտի ապրիք միասին: Լուսարձակները ձեր վրայ պիտի կեդրոնանան, որովհետեւ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մեծ դեր պիտի խաղաք հաշտեցնելու համար իրարու հետ վիճաբանած ձեր երկու ընկերները: Հին էջեր պիտի աշխատիք ծալել: Ուրիշներէն աւելի` վստահեցէք դուք ձեր ուժին եւ կարողութեան:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Գեղեցիկ ելոյթ մը պիտի ունենաք ընկերային հաւաքի մը ընթացքին: Մեծ պատասխանատուութիւններ ունիք: Բախտը ձեր դուռը պիտի զարնէ այս օրերուն, պատրաստ եղէք եւ առիթները օգտագործեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Դժուարութեամբ պիտի համակերպիք տիրող պայմաններուն: Նիւթական դժուարութիւններ պիտի ունենաք: Ուրիշներուն գործերուն մի՛ խառնուիք: Հեռու մնացէք վիճաբանութիւններէն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Տքնաջան աշխատանք պէտք է տանիք յաջողութեան հասնելու համար: Անիմաստ խօսակցութիւններու մէջ մի՛ մտնէք: Մի՛ հաւատաք ձեր բոլոր լսածներուն: Տուեալները ստուգեցէք, ապա կարծիք յայտնեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Իմաստութեամբ պիտի յաջողիք լուծել ձեր դատին վստահուած հարցերը: Նեցուկ պիտի կանգնիք ձեր ընկերներուն, որոնք պիտի ուրախանան ձեր այդ քայլէն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Նուէր մը պիտի ստանաք յառաջիկայ օրերուն կամ` ուրախ լուր մը: Լրջօրէն կը մտածէք տեղափոխուիլ ուրիշ երկիր: Որոշում տալէ առաջ լաւ սերտեցէք բոլոր պայմանները:
 
			