ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Վիճաբանութիւններ մի՛ յարուցէք, այլ հարցերէն հեռու մնացէք: Պինդ պահեցէք ձեր ջիղերը: Ճնշող շրջան մը կ՛ապրիք ընտանեկան կամ աշխատանքային պատասխանատուութիւններու պատճառով: Տագնապալից շրջան մըն է:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ուրախ պահեր պիտի ապրիք: Լուրով մը կամ դէպքով մը պիտի ուրախանաք: Տեղքայլի շրջանը պիտի աւարտի, եւ դուք խանդավառութեամբ նոր շրջան մը պիտի սկսիք: Զարգացում եւ յառաջդիմութիւն տեղի պիտի ունենան ձեր կեանքին մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Գուրգուրանք եւ սէր ցուցաբերեցէք ձեր ընկերներուն հանդէպ: Հարցի մը լուծումը պիտի ուրախացնէ ձեզ: Պահեցէք ձեր զգացումները եւ անտեղի ու աւելորդ խօսքեր մի՛ արտասանէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Եթէ կ՛ուզէք լաւ արդիւնքներ ունենալ, կանուխ գացէք աշխատանքի: Յարաբերաբար արդիւնաւէտ շրջան մըն է: Յարմար ժամանակ է որոշումներ տալու:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Տագնապալից շրջան մըն է: Խնդիր մը պիտի ունենաք: Պէտք է վերարժեւորէք պարագաները: Ուշադիր եղէք ձեր մէկ ընկերոջ հակառակ կեցուածքէն: Տեղի ունեցող փոփոխութիւնները պիտի նեղացնեն ձեզ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Հանդարտեցէք եւ նորոգութիւն մը կատարեցէք ձեր տան մէջ: Եթէ ձախողիք, կրկին փորձեցէք: Ձեր յարաբերութիւնները կարգաւորեցէք ձեր շրջապատին հետ: Յոգնութիւն պիտի զգաք ձեր ունեցած պատասխանատուութիւններէն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Յաջող եւ վիպային պահեր պիտի ապրիք: Ձեր սիրեցեալը ձեզի անակնկալ մը պիտի մատուցէ: Յարմար շրջան է ձեր յարաբերութիւնները ամրապնդելու: Ձեռնածալ մի՛ մնաք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Անձնական եւ ընտանեկան հարցեր պիտի քննարկէք: Կը մտածէք նոր երկիր փոխադրուիլ: Հանդարտ մնացէք, ձեր անձնական եւ ընտանեկան ճնշումները շատ են: Դժուար շրջան մըն է, ոչ ոք մեղադրեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Կարողութիւն ունիք ձեր շրջապատին հետ յարաբերելու իմաստութեամբ եւ ճկունութեամբ: Ժամանակ յատկացուցէք ուսումնասիրութիւններու եւ հանդիպումներու: Հասկցէք ձեր շուրջ անցած դարձածը: Մի՛ յամառիք, այլ զրուցեցէք ինքնավստահութեամբ եւ հանդարտութեամբ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Իմաստուն եղէք ձեր դրամները ծախսելու մէջ: Ձեր ընկերներէն մէկուն պարտքի դրամ պիտի տաք: Լաւ պատրաստեցէք ձեր գործը: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Յուսախաբութենէն զգուշ եղէք: Խաբեբայ մարդոցմէ հեռու մնացէք: Նեղութիւն եւ տագնապ պիտի զգաք: Ժխտական եւ բախտէ զուրկ շրջան մըն է, հետեւաբար արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ճնշումները եւ պահանջները շատ պիտի ըլլան, բայց ձեր վրայ վախ չկայ: Հարցերուն հետեւեցէք տրամաբանութեամբ եւ հանդարտութեամբ: Դուք պէտք ունիք ձեզի զօրակցող ու օժանդակող կողմի մը: