ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ղասսան եւ Ժիզել Ուազեն եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սինթիա Մենտիլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արսէն եւ Սիլվա Աբէլեան եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Սերժ եւ Նորմա Մենտիլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ եւ Այտա Մաթար եւ զաւակունք
Տիկին Իզապել Նամմուր եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Սալուա Ռըզքալլայի ընտանիք
Հանգուցեալ Մաթիլտ Ճիվելէքեանի ընտանիք
Մենտիլեան եւ Մաթար ընտանիքներ
Ուազեն եւ Ապունայեան ընտանիքներ
Աբէլեան եւ Քասսիս ընտանիքներ
Ռըզքալլա եւ Նամմուր ընտանիքներ
Ճիվելէքեան եւ Ֆրէնքեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՏԵԼ ՄԵՆՏԻԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՄԱԹԱՐ)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 2 նոյեմբեր 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` երկուշաբթի, 5 նոյեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ինչպէս նաեւ երեքշաբթի, 6 նոյեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Քիամա եկեղեցւոյ սրահին մէջ` Պիատա:
—————————————
ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ
Սիրելի՛ հայրենակից
«Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին դիմած է 2005-ի ծնունդ պատանի մը, որ ժամանակէ մը ի վեր քաղցկեղէ կը տառապի:
Անմիջական գործողութեան համար անհրաժեշտ է 150.000 ամերիկեան տոլար:
Բարեսիրական հաստատութիւններու միջոցով, պատկերասփիւռի արշաւով, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերով արդէն տեղի կ՛ունենան դրամահաւաքներ:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ձեզի կը դիմենք, որ ձեր օժանդակութեամբ նաեւ հայ պատանիի մը կեանքը փրկէք:
Բուժման առաջին փուլը արդէն սկսած է, «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտն ալ իր կարգին կոչ կ՛ուղղէ, որ իւրաքանչիւր հայ իր մասնակցութիւնը բերէ:
Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, Ճինիշեանի եւ ԼՕԽ-ի կեդրոններուն մէջ:
ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
—————————————
HAIGAZIAN UNIVERSITY
in cooperation with
BEIRUT ART FILM FESTIVAL
invites you to the screening of
Citizen Loewy – How a Frenchman
Designed the American Dream (52′)
Monday, Nov. 12, 2018 @ 6 pm
The Voice of Hagia Sophia (25′)
Wednesday, Nov. 14, 2018 @ 6 pm
HAIGAZIAN UNIVERSITY MEDIA CENTER-KANTARI
FREE ENTRANCE
TEL: 01-349230
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
Խանամիրեան ընտանիքի անդամները շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ցաւակցական գիրով կամ այլապէս մասնակից դարձան իրենց հարազատին` ՆՈՒՊԱՐ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ոսկերչական հաստատութիւն մը կարիքը ունի ոսկերիչ (սետեքեր) վարպետ գործաւորի մը: Հեռ. 01-262118:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Արա Արծրունիի մահուան առիթով`
Տիկին Ալիս Պաքալեան կը կատարէ հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան 100.000 լ. ո.
– ՔԱՀԼ-ի ծերանոցին 100.000 լ. ո.
– «Թռչնոց բոյն»-ին 100.000 լ. ո.
– «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին 100.000 լ. ո.
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ»-Ի
ՏԱՐԵԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
1 ԵՒ 2 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐԵՐ
ՀԲԸՄ – ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՈՒՐԲԱԹ, 7 ԵՒ ՇԱԲԱԹ, 8 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018,
ՀԲԸՄ-Ի «ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԿԱՂԱՆԴԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 13 ԵՒ ՈՒՐԲԱԹ,
14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018-ԻՆ
ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐԸ
ԿՐՆԱՆ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵԼ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ԹԻՒԵՐՈՒՆ.
03/905441, 70/962747 ԵՒ 03/576334
—————————————
ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
100-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԵԿՆԱՐԿ
15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2018