50 Տարի Առաջ (4 Դեկտեմբեր 1968)
Ընկեր Միսաք Թորլաքեանի Յուղարկաւորութիւնը Ազգային հերոս Միսաք Թորլաքեանի ազգային յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը տեղի ունեցած է համազգային մասնակցութեամբ: Կազմակերպած է ՀՅԴ Քալիֆորնիոյ կեդր. կոմիտէն` եկեղեցական մարմիններու օժանդակութեամբ: «Տան կարգը» տեղի ունեցած է ուրբաթ, նոյեմբեր 15-ին: Հանգուցեալ ընկերոջ կուրծքը զարդարուած է ՀՅԴ զինանշան-մետալով եւ եռագոյն երիզով: Դամբանական խօսած են Հիւսիսային Ամերիկայի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Սմբատ ծ. վրդ. Լափաճեանը, կաթողիկէ համայնքի հովիւ հայր...




