ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պիտի համակերպիք պայմաններուն: Աշխատեցէք լուծումներ գտնել ձեր հարցերուն: Կրնաք աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրել, եթէ հանդարտ աշխատիք եւ` համբերութեամբ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ճնշումներու տակ իրար մի՛ անցնիք: Բացասական եւ թշնամական զգացումներ ունիք: Ձեր ջիղերը ամուր պահեցէք եւ հանդարտ մնացէք: Հեռու մնացէք վիճաբանութիւններէն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Կարգապահ եղէք եւ ձեր ընկերներէն օգնութիւն խնդրեցէք, եթէ պէտք ունենաք: Ճնշումները շատ պիտի ըլլան: Ձեր պարտականութիւնները լիուլի կատարեցէք, որքան ալ շատ ըլլան անոնք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր ընթացքը պիտի շարունակէք լաւատեսութեամբ: Պիտի ուրախանաք բարի լուրով մը, որուն հետ ձեր հարցն ալ պիտի լուծուի: Ձեր աշխատանքին արդիւնքը շուտով պիտի քաղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր ընտանիքին պահանջները պիտի շատնան: Դժուար բնաւորութիւն մը պիտի ունենաք: Ձեր սիրելիներուն հետ հարցեր մի՛ յարուցէք: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Զրոյցի եւ քննարկման ընթացքին ձեր հարցերուն լուծումեր պիտի գտնէք: Հրաւէր մը պիտի ստանաք` մասնակցելու կարեւոր ժողովի մը: Այցելութիւններ եւ ճամբորդութիւն պիտի կատարէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Համարձակ քայլ մը պիտի առնէք: Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը եւ նոր էջ մը պիտի սկսիք: Ձեր վախերը փարատեցէք խօսելով ու արտայայտելով անոնց մասին:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Լաւ գիտէք որոշում կայացնելու կարեւորութիւնն ու արժէքը: Աշխուժօրէն պիտի համակերպիք ձեր միջավայրի պայմաններուն: Կարեւոր նշան մը պիտի ստանաք եւ նոր ծրագիր մը պիտի գործադրէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Լուսինը կը զգուշացնէ, որ ձեր գործերուն ընթացքը պիտի դանդաղի: Ձեր առողջական վիճակին հոգ տարէք: Հանգստացէք` հեռու լոյսերէ: Պատրուակներ մի՛ փնտռէք պատասխանատուութիւններէն փախչելու համար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Յարմար ժամանակ է օգնութիւն խնդրելու ձեր ընկերներէն, որոնք կարեւոր դեր պիտի խաղան ձեր կեանքին մէջ: Յարմար է ժամանակը նաեւ հաճելի պահեր անցընելու ձեր ընկերներուն հետ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Դէպքերը արագօրէն իրարու պիտի յաջորդեն: Լաւ առիթ մը պիտի ունենաք` յաջողութիւն  արձանագրելու, մի՛ փախցնէք զայն: Ամէն ճիգ ի գործ դրէք հասնելու համար ձեր նպատակին:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ուրախ շրջան մը պիտի ապրիք եւ հաճելի փորձառութիւններ պիտի ունենաք: Ձեր գործերը զգալիօրէն պիտի բարելաւուին: Դրական շրջան մըն է, որուն ընթացքին ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
 
			