Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
103 տարեկանին ֆրանսացի դաշնակահարուհի մը` Քոլեթ Մազ, շուկայ կ՛իջեցնէ իր չորրորդ ձայնապնակը` նշելու համար յայտնի յօրինող Քլոտ Տեպուսիի մահուան 100-ամեակը:
Անոր տղան Ֆապրիսն է, որ այս լուրը յայտնած է թերթերուն: Պատահականօրէն, յիսուն տարիներէ ի վեր Քոլեթ կ՛ապրի Փարիզի 15-րդ թաղամասի շէնքերէն մէկուն մէջ, շատ մօտ այն շէնքին, ուր կ՛ապրէր երաժիշտը: Անոր յարկաբաժինը լեցուած է տեսակաւոր դաշնակներով: Հոն է, որ ան արձանագրած է իր չորրորդ ձայնապնակը` նուիրուած մեծ մասամբ Տեպուսիի գործերուն, սակայն նաեւ` Ասթոր Փիազզոլլայի եւ Ալպերթօ Ճինասթերայի:
Քոլեթը Տեպուսիի կտորները կը նուագէր իր փոքր տարիքէն. կը սիրէր այդ եղանակներուն մէջի զգացմունքայնութիւնը, որուն ընդմէջէն ան կը լսէր բնութիւնը, ծովը, տեղացող անձրեւը… Ան դաշնակ նուագել սկսած է 4 տարեկանին: Տան մէջ գոյութիւն ունէր դաշնակ մը, եւ ան այդ փոքր տարիքին կրնար մէկ մատով վերարտադրել վերի յարկին մէջ բնակող տղոց նուագած եղանակները:
Ապա Քոլեթը բախտը ունեցած է ընդունուելու երաժշտութեան վաստակաւոր դպրոց մը, ուր ուսուցիչները շատ արդիւնաւէտ մեթոտ մը ունէին դասաւանդութեան համար:
Քոլեթը կը փափաքէր արհեստավարժ դաշնակահար մը դառնալ: Սակայն որովհետեւ ծնողները զայն շատ չեն քաջալերած, ան դարձած է դաշնակի ուսուցչուհի եւ կրցած է իր ապրուստը շահիլ դաշնակին միջոցով: Ան հազարաւոր ժամեր դասեր տուած է Փարիզի եւ անոր արուարձաններու դպրոցներուն մէջ, անձնական դասեր, նուագած` պարուհիի մը համար: Միշտ օրական չորս ժամ դաշնակ նուագած է:
Ան սկսած է իր նուագածները արձանագրել 1990-էն սկսեալ: Սակայն հակառակ իր տարիքին, երբ ան կը նստի դաշնակին ետեւ եւ կը սկսի իր մատները ճկունութեամբ շարժել ստեղնաշարին վրայ, ան շատ երիտասարդ կը թուի:
Մարդկային Շղթայ Մը`
Գիրքեր Փոխադրելու Համար

 Կիպրոսի համալսարաններէն մէկուն փակին մէջ ուսանողներ մարդկային շղթայ մը կազմած են գիրքեր հին գրադարանէն նոր գրադարանը փոխադրելու համար:
Կիպրոսի համալսարաններէն մէկուն փակին մէջ ուսանողներ մարդկային շղթայ մը կազմած են գիրքեր հին գրադարանէն նոր գրադարանը փոխադրելու համար:
Այս ձեւով, հազարաւոր ուսանողներ, քով-քովի կեցած, իրարու փոխանցած են գիրքերը` մինչեւ անոնց նոր կեցութեան վայրը: Այդ մարդկային շղթային մասնակցած են նաեւ զինուորներ եւ ոստիկաններ: Երկու ժամէն անոնք կրցած են փոխադրել 600 գիրքեր 4 քմ հեռաւորութեան վրայ: Խմբային աշխատանքի գեղեցիկ փաստ մը:

 Կիպրացիները միակ անձերը չեն եղած, որոնք նման գործողութիւն մը իրականացուցած են: Հոկտեմբեր ամսուն, Անգլիոյ Սաութ Համփթըն քաղաքին մէջ, գրախանութի տէրեր, որոնք իրենց խանութին վարձքը վճարելու անկարելիութեան առջեւ գտնուած են, ստիպուած եղած են իրենց խանութին աւելի քան 2000 գիրքերը փոխադրել: Բարեբախտաբար 250 կամաւորներ եկած են անոնց օգնութեան` գիրքերը 150 մեթր հեռու փոխադրելու համար:
Կիպրացիները միակ անձերը չեն եղած, որոնք նման գործողութիւն մը իրականացուցած են: Հոկտեմբեր ամսուն, Անգլիոյ Սաութ Համփթըն քաղաքին մէջ, գրախանութի տէրեր, որոնք իրենց խանութին վարձքը վճարելու անկարելիութեան առջեւ գտնուած են, ստիպուած եղած են իրենց խանութին աւելի քան 2000 գիրքերը փոխադրել: Բարեբախտաբար 250 կամաւորներ եկած են անոնց օգնութեան` գիրքերը 150 մեթր հեռու փոխադրելու համար:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
– Ադամանդի կարգ մը կտորներ երկրագունդ ինկած են անջրպետէն:
– Աշխարհի բնակչութեան միայն տասը առ հարիւրը ձախլիկ է:
– Մրջիւնները իրենք իրենց դեղ «կու տան», երբ կը հիւանդանան:
– Գիտնականները նախապատմական մանրէներ գտած են Սիպերիոյ սառոյցներուն մէջ:
– Մարդամեքենաներ կը գործածուին սրտի գործողութիւններու ընթացքին:
– Գայլերու նորածին լակոտները ո՛չ կրնան տեսնել, ո՛չ ալ լսել:
– Գոյութիւն ունի չղջիկի տեսակ մը, որ կրնայ մէկ ժամուան ընթացքին ուտել հազար մժեղ:- Կարգ մը մսակեր բոյսեր կրնան թռչուններ ուտել:
– 2015-ը Միջազգային լոյսի տարի հռչակուած էր:
– Գիտնականները Փորթուգալի մէջ գտած են 152 միլիոն տարուան կոկորդիլոսի հաւկիթներ:
– Գիտնականները կրցած են ստեղծել արհեստական մորթ մը, որ կրնայ զգալ ջերմաստիճանի փոփոխութիւնները:
– 6,7 միլիոն տարի ետք, մէկ օրը մէկ վայրկեան աւելի երկար պիտի տեւէ:
– Մեր ոտքերուն մէջ գոյութիւն ունին 52 ոսկորներ, այսինքն` մեր ամբողջ մարմինին ոսկորներուն մօտաւորապէս մէկ քառորդը:
– Գոյութիւն ունին բրինձի աւելի քան 40 հազար տեսակներ:
– Քրիստոֆըր Քոլումպոս ամերիկեան ցամաքամաս բերաւ կիտրոնի առաջին հունտերը:
– Շրջանի մը տուրմը գործածուած էր իբրեւ դրամ:
– Շրջանի մը գեղանկարչութիւնը Ողիմպիական խաղերու մրցումներուն մաս կը կազմէր:
– Խխունջները իրենց շրթունքներով կը շնչեն:
– Կարգ մը գիտնականներ կը մտածեն, որ բոյսերը սորվելու կարողութիւնը ունին:
 – Աշխարհի ամէնէն երկար փիցցան 1,6 քմ երկարութիւն ունէր: Ան շինուած էր 1,4 թոն մոցարելլա պանիրով եւ 2 թոն լոլիկի թացանով:
– Աշխարհի ամէնէն երկար փիցցան 1,6 քմ երկարութիւն ունէր: Ան շինուած էր 1,4 թոն մոցարելլա պանիրով եւ 2 թոն լոլիկի թացանով:
Ինչո՞ւ
… ԱՍՏՂԵՐԸ ԿԸ ՓԱՅԼԻՆ: Աստղերը փոքրիկ արեւներու նման են. անոնք կազի գունդեր են, որոնք անդադար կ՛այրին եւ իրենց սեփական լոյսը կ՛արտադրեն: Ընդհանրապէս, որքան աստղերը երկրագունդէն հեռու ըլլան, այնքան անոնց լոյսը մեզի տկար կը թուի:
Աստղերը մեզի ճերմակ կ՛երեւին, սակայն անոնք, ըստ իրենց ջերմաստիճանին, կա՛մ դեղին են, կա՛մ կարմիր, կա՛մ ալ կապոյտ:
… ՄԵՆՔ ՑԱՒ ԿԸ ԶԳԱՆՔ, ԵՐԲ ԿԸ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԻՆՔ: Երբ մենք կը վիրաւորուինք, «լուրը» անմիջապէս կը ղրկուի մեր ուղեղին: Ան զօրաւոր ցաւ մը կը յառաջացնէ մեր ուշադրութիւնը գրաւելու համար: Օրինակի համար, երբ մենք մեր մատը կը կտրենք, ցաւն է, որ մեր ձեռքը անմիջապէս դանակէն կը հեռացնէ: Եթէ մենք ցաւը չզգայինք պիտի շարունակէինք բնականօրէն կտրել:
… ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՄՈՄԵՐ ԿԸ ԴՆԵՆՔ: Այս սովորութիւնը շատ հին ժամանակներէն եկած է: Մարդիկ կը մտածեն, որ կարկանդակին վրայ քանի մը երկվայրկեան մնացած կրակը կը պահպանէր իր տարեդարձը տօնող անձը, որովհետեւ կը հեռացնէր շուրջը դարձող չար ոգիները:
Այժմ կարգ մը անձեր կը մտածեն, որ բախտաբեր նշան է, երբ անձը մէկ շունչով կը մարէ բոլոր մոմերը:
Ժամանց



 
			










