Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (1 Դեկտեմբեր 1968)

Դեկտեմբեր 1, 2018
| Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանի Քեսապցիներու
Ուսումնասիրաց Միութեան
Գիշերային Դպրոցը

Տասնեւիններորդ տարին ըլլալով, իր լռութեան եւ խոնարհութեան մէջ, այս հաստատութիւնը նորէն կը սկսի ազգային եւ մշակութային իր նուիրական աշխատանքին:

Տասնեւութ տարիներ առաջ, քանի մը պէյրութաբնակ քեսապցի համալսարանական տղաք, առաջնորդութեամբ Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի, կը ձեռնարկեն գիշերային դպրոցի այս աշխատանքին: Գործը իր սեղմ շրջանակին մէջ անմիջական պահանջի մը գոհացում պիտի տար: Պէյրութաբնակ քեսապցի երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք տնտեսական կամ ընկերային այլ պարտադրանքներու տակ չէին կրցած նոյնիսկ իրենց մայրենի բարբառին համը առնել, պիտի հաւաքուէին այս քանի մը կամաւոր տղոց կողմէ եւ, առնուազն, շաբաթը երկու երեկոյ իրենց պիտի դասաւանդուէր մայրենի լեզուն:

Սակայն, բարեբախտաբար, պէտք է ըսել, որ ուսումնական այս ձեռնարկը, անմիջական պահանջներու պարտադրանքին տակ, իր սկզբնական շրջանին իսկ կը ստիպուի իր ծրագիրէն ու սահմաններէն դուրս գալ: Իր դուռերը լայն կը բանայ եւ կ՛ընդունի ուսման ծարաւի բոլոր երիտասարդ-երիտասարդուհիները` առանց որեւէ խտրութեան: Ու այսպէս, իր կամաւոր աշխատանքին մէջ տոկալով եւ բարգաւաճելով` դպրոցը կը հասնի իր տասնեւիններորդ սեմին:

Անցնող տասնեւութ տարիներու իւրաքանչիւր վերամուտին, անկասկած, վարչութիւնները ունեցան իրենց մտահոգութիւնները: Մտահոգութիւն մը, որ հետզհետէ աւելի կ՛աճի եւ ուշագրաւ կը դառնայ մանաւանդ մեր օրերուն, այսպիսի քաղաքի մը մէջ, երբ երիտասարդութիւնը օրէ օր քաշուելով ամէն տեսակի զոհաբերութիւն պահանջող աշխատանքներէ` կը վազէ իր անձնական հաճոյքներուն ետեւէն: Ահա թէ ինչո՛ւ գիշերային դպրոցի նման աշխատանքներու մէջ նուիրեալներ գտնելը մեծ մտահոգութիւն մըն է պատասխանատու վարչութեան համար:

Այսուհանդերձ, պէտք է անկեղծօրէն ընդունիլ, որ ամէն տարի, ծառայութեան եւ նուիրումի կոչում ունեցող հայ տղաք եւ աղջիկներ, կամաւորաբար եւ, մանաւանդ, կանոնաւորաբար լծուած են այս աշխատանքին եւ զայն գլուխ հանած` յաջողութեամբ:

Լիբանանի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութեան գիշերային դպրոցին վարչութիւնը երախտագիտական խոր զգացումներով կը գնահատէ համալսարանական երիտասարդ-երիտասարդուհիներու կատարած կամաւոր ծառայութիւնը:

Վարչութիւնը հրապարակաւ իր խոր գնահատանքը կը յայտնէ նաեւ Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի խնամակալ վարչութեան, որ գիտակցելով այս գործին` գիշերային դպրոցի նուիրական բնոյթին, կը բերէ նաեւ իր մասնակցութեան բաժինը` սիրայօժար տրամադրելով քոլեճի շէնքին մէկ յարկաբաժինը:

Նոր տարեշրջանի մը համար գիշերային դպրոցը արդէն սկսած է իր կանոնաւոր դասաւանդութիւններուն: Այս տարի կը դասաւանդուին հայերէն (չգիտցողներուն համար պարտադիր), անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն եւ մեքենագրութիւն:

Լիբանանի Քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութեան գիշերային դպրոցը իր դուռերը լայն բացած է բոլոր այն երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն առջեւ, որոնք, օրուան ընթացքին զբաղած ըլլալով հանդերձ, կ՛ուզեն ուսման իրենց ծարաւը յագեցնել:

Յ. ՍԱՐՄԱԶԵԱՆ

Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի
Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 16 նոյեմբեր, երեկոյեան, «Քարլթոն» պանդոկին մէջ: Ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնած էր հիւսիսային Մեթնի պետական երեսփոխան Անտրէ Թապուրեանը: Վարչութիւնը ճիգ չէր խնայած լեցնելու համար սրահը շուրջ հինգ հարիւր ՀՄԸՄ-ական քոյրերու, եղբայրներու եւ բարեկամներու ընտիր հասարակութեամբ մը, որոնց մէջ պատուոյ սեղանին շուրջ կարելի էր տեսնել ազգային պաշտօնական մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները:

Վարչութեան քարտուղար Եփրեմ Քենտիրճեանը, ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին անունով ողջունելէ ետք ներկաները, վարեց օրուան յայտագիրը` անթերի կանոնաւորութեամբ:

Պարահանդէսը աւելի խանդավառ եւ հայկական մթնոլորտի մը մէջ պահելու համար վարչութիւնը հրաւիրած էր «Լոս Ամորես» հայկական նուագախումբը, որ կրցաւ լաւագոյնս արդարացնել իր անունին շուրջ գոյութիւն ունեցող գնահատանքը` ներկաներուն շնորհելով հայկական եւ եւրոպական երգերու եւ պարերու վայելքը:

Առաւօտեան ժամը 1:30-ին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւնը: Ներկաները` բոլորն ալ բախտաւորուեցան արժէքաւոր նուէրներով, որոնք տրամադրուած էին Պուրճ Համուտի եւ Պէյրութի մեր եղբայրներուն եւ բարեկամներուն կողմէ:

Ներկաները գոհ եւ խանդավառ տրամադրութիւններով մեկնեցան սրահէն առաւօտեան ժամերուն` իրենց հետ տանելով ՀՄԸՄ-ի շունչն ու ոգին:

Գաղութիս համար փնտռուած ձեռնարկ մըն է Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը, որուն համար շնորհաւորելի են անոր կազմակերպիչները, ինչպէս նաեւ` բարոյապէս եւ նիւթապէս անոր յաջողութեան սատարող բոլոր եղբայրներն ու բարեկամները:

Ե.

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

103 Տարեկան Դաշնակահարուհին

RelatedPosts

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 18, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 17, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?