ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Կը նախընտրէք լոյսերէ հեռու եւ մինակ մնալ: Նոր սկիզբ մը պիտի ունենաք: Բախտի դռները պիտի բացուին ձեր դիմաց: Առուծախով պիտի զբաղիք: Ուշադիր եղէք նախանձոտ մարդոցմէ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Կարեւոր որոշում մը պիտի տաք: Դրական օրեր պիտի ապրիք: Ուշադիր եղէք ձեր գրածին ու խօսածին: Ժամանակաւոր տագնապ մը պիտի ապրիք: Աշխատեցէք շահիլ ձեր շուրջիններուն վստահութիւնը` դիմագրաւելու համար կարգ մը դժուարութիւններ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր գործերը եւ ծրագիրները պիտի շատնան այս օրերուն: Մի՛ յետաձգէք որեւէ գործ, այլ աշխատեցէք աւարտել պահանջուած բոլոր գործերը: Այս օրերուն ձեզի մեծ խոստումներ պիտի տրուին: Յաջողութիւն պիտի արձանագրէք յառաջիկայ օրերուն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր կարողութիւններուն հիման վրայ պիտի բազմանան ձեր գործերը: Այս պատճառով ալ ձեր տրամադրութիւնը պիտի վատանայ: Որոշում մի՛ տաք, այլ քայլ պահեցէք պայմաններուն հետ` առանց գանգատելու:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Դատարանային գործ մը քաջութեամբ պիտի աւարտէք: Դրական պայմաններ պիտի ստեղծուին ձեր շուրջ: Նախանձոտ գործընկերներ պիտի ունենաք, անոնց հետ դիւանագիտութեամբ վարուեցէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Իշխանութեան հետ հարցեր մի՛ ունենաք: Ճնշումներ եւ ծանրութիւն պիտի զգաք յառաջիկայ օրերուն: Իւրայատուկ փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Աշխատանքային գետնի վրայ քննարկումներ պիտի կատարէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Խնդիրները պիտի բարդանան: Ծրագիրի մը գործադրութեան մէջ դժուարութիւն պիտի ունենաք: Յառաջիկայ օրերուն ձեր բոլոր հարցերուն պատասխան եւ լուծում պիտի գտնէք, անհոգ մնացէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Մինակ մի՛ աշխատիք` ձեր նպատակները իրագործելու, մասնագէտներուն կարծիքը հարցուցէք եւ առիթ տուէք ձեր ընկերներուն, որ ձեզի օգտակար դառնան: Նիւթական շահ մը պիտի ապահովէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Օգտուեցէք ձեզի ընձեռուած պայմաններէն, որպէսզի ճամբորդութիւն մը կատարէք կամ տօնակատարութիւն մը կազմակերպէք: Մի՛ կեդրոնանաք ուրիշներուն գործած սխալներուն վրայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի վատանայ յառաջիկայ օրերուն: Կարեւոր որոշում մը պիտի տաք, որ անակնկալի պիտի բերէ ձեր շուրջինները: Ձեր հին սիրոյն պիտի վերադառնաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր նպատակները պիտի յաջողիք իրականացնել: Մրցակցութեան մը պիտի մասնակցիք: Անակնկալներով լեցուն օրեր պիտի ունենաք: Ձեր ընկերները սիրով պիտի լեցնեն ձեզ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Կարօտն ու վիճաբանութիւնները միասին պիտի այցելեն ձեզի: Արկածախնդրութեան պիտի դիմէք: Աշխատանքային գետնի վրայ կապ պիտի հաստատէք ձեր պատասխանատուներուն հետ: