50 Տարի Առաջ (6 Փետրուար 1969)
Թեսաղոնիկէ ՀՄԸՄ-ի Յիսնամեակի Տօնակատարութիւնը Յունուար 26-ին Թեսաղոնիկէի «Մաքետոնիքոն սփուտոն»-ի դասախօսութեանց յատուկ ընդարձակ սրահին մէջ արժանի շուքով տեղի ունեցած է ՀՄԸՄ-ի յիսնամեակի տօնակատարութիւնը: Երկսեռ հասարակութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած է սրահը: ՀՄԸՄ-ական քոյրեր եւ եղբայրներ հանդիսականներուն կուրծքերը զարդարած են ՀՄԸՄ-ի նշանակներով: «Ադամեան» երգչախումբի յունական եւ հայկական քայլերգներու խմբերգումէն ետք, բացման խօսքը կատարած է օրուան նախագահ Արշաւիր Ճամճեանը: Վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ...




