ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ուշադիր եղէք, որ բարոյական գետնի վրայ տեղքայլի մէջ չմնաք: Բախտը քիչ է այս օրերուն, հետեւաբար արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Կարեւոր ժամադրութենէ մը պիտի ուշանաք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Մինակ մի՛ աշխատիք, այլ գործակցեցէք ձեր ընկերներուն հետ, որպէսզի շուտով յաջողութեան հասնիք: Պիտի ուրախանաք` տեսնելով ձեր ընկերները ձեր կողքին: Զգացական գետնի վրայ անսպասելի հանդիպում մը պիտի ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր ծնողներէն մէկուն առողջութեան հոգ տարէք: Մի՛ աճապարէք ձեր որոշումներուն մէջ: Մի՛ ջղայնանաք, այլ տէր եղէք ձեր ջիղերուն եւ հանդարտ մնացէք: Կարեւոր առիթ մը ձեռք պիտի ձգէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պիտի կատարէք ճամբորդութիւն մը: Նոր նախասիրութիւն մը պիտի ունենաք: Դիւրաւ պիտի համակերպիք ձեր միջավայրի նոր փոփոխութիւններուն: Լաւատես մնացէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Առարկայականօրէն լուծեցէք ձեր խնդիրները: Մասնագէտներուն կարծիքը առէք` նախքան որեւէ քայլի դիմելը: Ստուգեցէք տուեալները ձեր ստորագրութիւնը դնելէ առաջ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր ձայնը ցած եւ ջիղերը պինդ պահեցէք: Ձախողութեան մի՛ մատնէք ձեր յարաբերութիւնները: Այս շրջանին քիչ մը տխրութիւն եւ նեղութիւն պիտի զգաք, բայց շուտով ամէն բան պիտի լուծուի:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Պատրաստ էք մասնակցելու զրոյցներու եւ քննարկումներու: Զիջումներ կատարեցէք, որպէսզի լուծուին ձեր հարցերը: Մարդոց հետ ունեցած ձեր յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկեցէք, որպէսզի անոնք ձեզմէ չնեղանան:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր գործերը մեծ յաջողութիւն պիտի արձանագրեն: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքին: Աստղերը աշխուժութեամբ ու խանդավառութեամբ պիտի պատեն ձեզ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր սիրելիին կամ ընտանիքի անդամներէն մէկուն հետ պիտի վիճաբանիք: Տագնապալից շրջան մըն է յարաբերաբար: Տնային նորոգութիւն մը պիտի կատարէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Իմաստութեամբ եւ դիւանագիտութեամբ մասնակցեցէք ձեր գործատեղիին մէջ տեղի ունեցող քննարկումներուն: Հանդարտութեամբ արտայայտեցէք ձեր միտքերը եւ կարծիքները:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Այս շրջանը լեցուն է աշխատանքներով եւ պատասխանաատուութեամբ: Լաւատես եղէք կեանքին հանդէպ: Միջին լուծումներ գտէք ձեր հարցերուն, որպէսզի անոնք չբարդանան:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Դէպքերը արագօրէն պիտի զարգանան: Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը եւ շատոնց սպասուած պատասխան մը պիտի ստանաք: Պիտի կատարէք աշխատանք մը, որ յաջողութիւն պիտի գտնէ:
