Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրինլենտի Գաղտնիքը

Փետրուար 2, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Արդեօք ի՞նչ պահուած է բեւեռներու սառոյցին տակ… Անոնք բնաւ չեն հալած. հետեւաբար ոչ մէկը իսկապէս գիտէ, թէ հոն ի՛նչ կայ: Սակայն, շնորհիւ երկրագունդին շուրջ դարձող արբանեակներուն հաշուիչ յատուկ մեքենաներու, մենք շատ բաներ սորվեցանք:

Հսկայական Փոս Մը` Կրինլենտի Տակ

Գիտնականները գտած են, որ Կրինլենտի սառոյցին մէջ, մօտաւորապէս մէկ քիլոմեթր խորութեան վրայ գոյութիւն ունի կլոր հսկայական փոս մը: Այս փոսը յառաջացած է, երբ երկնաքար մը երկրագունդին մակերեսին զարնուած է: Գիտնականները այս փոսին ներկայութիւնը գտած են երեք տարուան փնտռտուքներէ ետք: Անոնք նախ անցած են սառոյցի մակերեսին վրայէն, ապա անդրադարձած են, որ գետինը աւելի ցած էր յատուկ շրջանի մը տարածքին: Հետեւաբար, անոնք ՆԱՍԱ-էն խնդրած են իրենց օգնել` հայթայթելով արբանեակներէն առնուած նկարներ: Այս ձեւով է, որ անոնք անդրադարձած են այդ փոսին ներկայութեան: Անոր խորութիւնը 330 մեթր է, իսկ տրամագիծը` 31 քիլոմեթր: Այդ վայրին վրայ ինկած երկնաքարին լայնքը նուազագոյնը մէկ քիլոմեթր եղած էր: Այս փոսը աշխարհի քսանհինգ ամէնէն մեծ փոսերուն մաս կը կազմէ: Գիտնականները պիտի սկսին իրենց ուսումնասիրութիւնները` գիտնալու համար, թէ ե՛րբ երկնաքարը զարնուած էր երկրագունդին. անոնք կ՛ենթադրեն, որ այս դէպքը պատահած է երեք միլիոն տարիներ առաջ:

Հին Ցամաքամասեր` Անթարքթիքին Տակ

Ուրիշ գիտնականներ Անթարքթիքի սառոյցին տակ գտած են նուազագոյնը 500 միլիոն տարուան երկրագունդի «կեղեւէն» կտորներ: Անոնք տոկացած են տարբեր բնական երեւոյթներու եւ ցամաքամասերու բաժանումին. անոնք միշտ ներկայ եղած են եւ բնաւ չեն շարժած: Այս գիւտն ալ կարելի եղած է շնորհիւ արբանեակներուն կողմէ առնուած նկարներուն:

Ինչո՞ւ Մեր Քիթը
Կը Հոսի Ձմրան

Ձմրան, երբ մենք տաքուկ տունէն ցուրտին դուրս կ՛ելլենք, կը զգանք մեր քիթին ծայրի կաթիլը… Սակայն ուրկէ՞ կու գայ այս տհաճ դրութիւնը:

Երբեմն, երբ ջերմաստիճանը կ՛իջնէ, մեր քիթը կը սկսի առատօրէն հոսիլ: Ճիշդ է, որ շատեր կը տառապին այս երեւոյթէն, սակայն ասիկա անպայման հիւանդութեան նշան չէ:

***

Շնչառութեան կամ հոտառութեան կողքին, մեր քիթը կը բանի նաեւ զտիչի մը նման: Շնորհիւ մեր քիթին պատերը ծածկող թանձր եւ կպչուն հեղուկին` մեր քիթը կը քննէ օդին հետ մեր առած մասնիկները` մեր թոքերը պաշտպանելու համար:

Այս հեղուկը կը զտէ եւ կը խոնաւցնէ մաքուր օդը եւ կը բանտարկէ անընդունելի մասնիկները: Ապա ան կը հաւաքուի մեր կոկորդին ետեւը, որպէսզի մեր մարսողական գործարանը զանոնք անհետացնէ: Ասիկա կը նշանակէ, որ մեր քիթը անդադար կը հոսի, սակայն` դէպի մեր մարմնին մէջ:

***

Երբ օդը կը ցրտէ, քիթը կը տաքցնէ մեր շնչած օդը` զայն մեր կոկորդին եւ թոքերուն մէջ ղրկելէ առաջ, զանոնք չգրգռելու համար:

Քիթին մէջի ջիղերը լուր կը ղրկեն ուղեղին, որ պէտք է աւելի արիւն ուղղարկել դէպի քիթ: Արիւնի երակները կ՛ընդլայնին եւ այս ձեւով կը տաքցնեն անոնց մէջէն անցնող օդը, եւ իբրեւ հետեւանք` քիթը աւելորդ հեղուկ կ՛արտադրէ աւելի խոնաւցնելու համար մեր մարմնին մէջ մտնող պաղ օդը: Արդիւնք` աւելորդ հեղուկը կը սկսի դուրս հոսիլ:

Հետեւաբար, ինչպէս կը նշմարէք, քիթին միջոցով օդը տաքցնելուն միակ նպատակն է մեզ առողջ պահել:

Հետաքրքրական

Այս տարի նորոյթ է… քիթի գլխարկը: Անիկա կ՛անցուի մեր ականջներուն եւ այս ձեւով տաքուկ կը պահէ մեր քիթը, երբ օդը շատ ցուրտ է: Անգլիացիներն են, որոնք յղացած են այս գաղափարը:

Չմոռնանք

– Հոսող քիթ մը անպայման հիւանդութեան նշան չէ, այլ` օդերեւութաբանական պայմաններու դէմ հակազդեցութիւն մը:
– Դարման չկայ:
– Այս երեւոյթէն շատ չտառապելու համար ձեր բերանը եւ քիթը շալով մը ծածկեցէք:
– Շնչելով` դուք պիտի տաքցնէք օդը ձեր քիթին մէջ մտնելէ առաջ: Ապա երբ պիտի արտաշնչէք, շոգի պիտի ելլէ, եւ այս ձեւով դուք պիտի խոնաւցնէք ձեր քիթը:
– Պէտք չէ մոռնալ նաեւ ջուր խմել, նոյնիսկ երբ օդը ցուրտ է:
– Խուսափեցէք միայն բերնով շնչելէ: Այլապէս կրնաք գրգռել ձեր շունչի գործարանները եւ իսկապէս հիւանդանալ:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

– Անգլիոյ մէջ շուներ կը մարզուին օդանաւ քշելու համար:

– Աշխարհի ամէնէն երկար վազքի մրցումին ընթացքին վազողները կրնան օրական մօտաւորապէս 97 քմ կտրել, 52 օրուան ընթացքին:

– Յօրանջելը կրնայ զովացնել մեր ուղեղը:

– Մեծ ուղեղ ունեցող անասունները աւելի երկար կը յօրանջեն, քան` աւելի փոքր ուղեղ ունեցող անասունները:

– Պտուղի ճանճերը կրնան անքնութենէ տառապիլ:

– Ըստ ուսումնասիրութեան մը, Չինաստանէն բաժիններ գետնին մէջ կը մխրճուին տարեկան մինչեւ 10,2 սմ խորութեամբ:

– Նիւ Եորքի ճաշարաններէն մէկը փիցցա կը հրամցնէ փիցցայով պատրաստուած տուփերու մէջ:

– Գիտնականները կը մտածեն, որ սողուններն ու թռչունները հաւանաբար կ՛երազեն, երբ կը քնանան:

– Դեղձանիկը կրնայ նոյն ատեն երկու տարբեր եղանակներ սուլել:

– Մրջիւնները երկրագունդին վրայ կ՛ապրին 140 միլիոն տարիներէ ի վեր:

– Աշխարհի վրայ ամէնէն սուղ քարերէն մաս մը եկած է լուսինէն:

– Մեզի ծանօթ ամէնէն ծեր սոճիի ծառը աւելի քան 5000 տարեկան է:

– Համսթըրի մը ակռաները անդադար կ՛աճին:

– Գոյութիւն ունի պիրոն (փայթըն) օձի տեսակ մը, որ կրնայ մինչեւ մէկ տարի ապրիլ առանց ուտելու:

– Կրիաները չեն կրնար իրենց լեզուն դուրս հանել:

– Լուսինին մակերեսը աւելի փոքր է, քան Ասիան:

– Ձիերը կրնան օրական մինչեւ 160 քմ կտրել:

– Վարդի նման անուշ բուրմունքներ շնչելը քնանալու ատեն կրնայ ուրախ երազներ յառաջացնել:

– Ճափոնի մէջ շատ աւելի ընտանի անասուններ կան, քան երեխաներ:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ ժայռը` Ուլուրու կը գտնուի Աւստրալիոյ մէջ. ան 114 յարկանի շէնքէ մը աւելի բարձր է:

– Ուրանոսին հիւսիսային բեւեռը արեւին լոյսը չի տեսներ անընդհատ 42 տարիներէ ի վեր:

– Մինչ Երեւակը ունի աւելի քան 60 լուսիններ:

– Կարգ մը ամպեր աւելի քան 16 քմ երկարութիւն ունի:

– Անթարքթիքան ոչ մէկ երկրի կը պատկանի:

– Թութակները կրնան խօսիլ` առանց ձայնալարերու:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել առաջին պատկերին եւ միւս իւրաքանչիւր պատկերի միջեւ գոյութիւն ունեցող երկու տարբեր մանրամասնութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (2 Փետրուար 1969)

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արցախեան Կիզակէտը

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?