50 Տարի Առաջ (13 Ապրիլ 1969)
Պատանիի Օրուան Շքեղ Տօնակատարութիւնը Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ, երէկ` կիրակի, 13 ապրիլ, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին Պուրճ Համուտի սինեմա «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պատանիի օրուան շքեղ տօնակատարութիւնը` նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ-ի Լիբանանի Պատանեկան միութեանց Կեդր. վարիչ մարմինի: Ներկայ էին ղեկավար ընկերներ: Համակիրներու, ընկերներու երկսեռ հասարակութիւն մը եւ առաւելաբար պատանիներ լեցուցած էին ընդարձակ սրահը: Բեմը զարդարուած էր հանրապետութեան նախագահ Շարլ Հելուի...




