ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Մի՛ թերանաք ձեր առօրեայ պարտականութիւններուն մէջ: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Դժուար շրջան մըն է, լեցուն` պատասխանատուութեամբ: Նախ սկսեցէք ձեր առաջնահերթութիւններէն:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր պայմանները աւելի վիպային պիտի դառնան: Ուրախ լուր մը եւ գնահատագիր մը կը սպասեն ձեզի: Հաճելի եւ ուրախ պահեր պիտի ապրիք այս շրջանին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ընտանեկան որոշ դժուարութիւններ պիտի ունենաք: Իմաստութամբ վարուեցէք, որպէսզի հարցերը չբարդանան, եւ ձեր զաւակները անոնց զոհը չերթան:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ազատութեամբ եւ համարձակութեամբ արտայայտեցէք ձեր կարծիքը: Անակնկալ ծախսեր պիտի ունենաք: Քննութեան շրջան մը կրնայ ըլլալ, լա՛ւ պատրաստուեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Անկեղծ եւ հաւատարիմ եղէք ձեր գործին մէջ: Ձեր աշխատանքին մէջ գնահատական մը պիտի ստանաք: Վարկ ստանալու կարելիութեան մասին պիտի խորհրդակցիք դրամատան մը պաշտօնեաներէն մէկուն հետ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պիտի ստանաք լուր մը, որ ձեզ դուրս պիտի հանէ ձեր դժուար մէկ խնդիրէն: Ձեր յաջող գործին վրայ ուրիշներու ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնանայ: Յաջող աշխատանքային ընթացք մը պիտի ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Տագնապեցնող պահեր պիտի ապրիք: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Հեռու մնացէք աղմկալից մթնոլորտներէ: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է, համբերող եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր յարաբերութիւնները պիտի զարգանան, եւ դուք մեծ ժողովրդականութիւն ձեռք պիտի ձգէք: Ձեզ յարգող ու գնահատող մարդոց հետ ժամանակ պիտի անցընէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Մի՛ աղաւաղէք ձեր անունը, ձեր վրայ ճնշումները շատ պիտի ըլլան: Քննութեան շրջան մը պիտի ըլլայ ձեզի համար, անհոգութիւն մի՛ ընէք: Ձեր ջիղերուն տէրը եղէք եւ մի՛ ջղայնանաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Սովորական վիճակէ դուրս գալու յարմար շրջան է: Նոր հորիզոններ պիտի յայտնաբերէք ձեր կեանքին մէջ: Ձեր հարցերը վերջնական լուծում պիտի ստանան:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Աշխատեցէք յարմարիլ ձեր նոր պայմաններուն: Մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը: Լսեցէք ուրիշներուն կարծիքը նաեւ: Պիտի հրաժարիք ձեր մէկ կեցուածքէն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Խանդավառ էք` նորութիւն մտցնելու ձեր կեանքին մէջ: Ձեր տրամադրութիւնները նորէն պիտի բարձրանան, եւ դուք պիտի հասնիք ձեր նպատակին: Ուրախ պահեր պիտի ապրիք ձեր ընկերներուն հետ: