ՎԱՂԸ, ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ԺԱՄԸ 6:30-ԻՆ, ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ, ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ, ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՆԱԽԿԻՆ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐՈՒՆ:
————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սոնա Պօղոսեան-Գալուստեան
Հանգուցեալ Յակոբ Գալուստեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Անահիտ Տիլանեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Ալիս Գրիգորեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Նշան Պօղոսեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Վարդան Պօղոսեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Էլիզ Գապաքոլաքեանի ընտանիք
Տիկին Մարի Ակաբէկեան եւ զաւակունք
Գալուստեան եւ Պօղոսեան ընտանիքներ
Գրիգորեան եւ Տիլանեան ընտանիքներ
Եղիայեան եւ Աթայեան ընտանիքներ
Դանիէլեան եւ Շիթելեան ընտանիքներ
Թէնքէրեան եւ Սեֆերեան ընտանիքներ
Գապաքոլաքեան եւ Ակաբէկեան ընտանիքներ
Չիւրիկեան եւ Տանիէլ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԱՐԱ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 9 ապրիլ 2019-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` հինգշաբթի, 11 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, իսկ ուրբաթ, 12 ապրիլին, հանգուցեալին բնակարանը` Զալքա, Զէյնուն փողոց:
————————————–
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ԵՒ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ» ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
ՔԱՂՑԿԵՂԻ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՒՄ
Դասախօսական շարք – թիւ 2
Հովանաւորութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց
Դասախօս`
ՏՈՔԹ. ՀԱՄԲԻԿ ՔՈՒՐԻԷ
(Մասնագէտ քաղցկեղի)
Նիւթ`
«ԹՈՔԵՐՈՒ ՔԱՂՑԿԵՂ»
Հինգշաբթի, 11 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ:
ՀՐԱՒԷՐ
————————————–
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ
Կիրակի, 14 ապրիլ 2019-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:30-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին
Ծաղկազարդի տօնին առիթով, մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ մանուկներուն ու պատանիներուն իր հայրական խօսքը պիտի ուղղէ եւ ապա վեհարանին մէջ զիրենք պիտի ընդունի`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւն, նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Պիտի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու առաւօտեան մատուցուելիք Ս. եւ անմահ պատարագին, մանուկներու թափօրին եւ յետմիջօրէի Դռնբացէքի արարողութեան, լեցուելու համար Քրիստոսի գալստեան խորհուրդով:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ`
ՃԻՒՆԻԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Այսու կու գանք յայտարարելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 14 ապրիլ 2019-ը կը զուգադիպի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքին` Ծաղկազարդի տօնին:
Տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ: Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մանուկներու Ծաղկազարդի թափօր` ժամը 11:30-ին
Երեկոյեան դռնբացէքի արարողութիւն` ժամը 5:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան սուրբ խորհուրդով:
ԾԱՆՕԹ.- Փոքրիկներու թափօրը տեղի պիտի ունենայ յետ պատարագի:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՃԻՒՆԻԻ,
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ
Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ, ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹԸ ԵՒ Ս. ԶԱՏԻԿԸ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
(14-ԷՆ 21 ԱՊՐԻԼ 2019)
Լիբանանի հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ, Ծաղկազարդի, Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկուան եկեղեցական գլխաւոր արարողութիւնները հետեւեալ ժամանակացոյցին համաձայն տեղի պիտի ունենան.
1.- Կիրակի, 14 ապրիլ, ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ, սուրբ պատարագ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին
2.- Կիրակի, 14 ապրիլ, ԴՌՆԲԱՑԷՔ, երեկոյեան ժամը 5:00 -ին
3.- Աւագ երեքշաբթի, 16 ապրիլ, ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐ, ժամերգութիւն, երեկոյեան ժամը 5:00-ին\
4.- Աւագ հինգշաբթի, 18 ապրիլ, ՈՏՆԼՈՒԱՅ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին
5.- Աւագ հինգշաբթի, 18 ապրիլ, ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐ, երեկոյեան ժամը 9:00-ին
6.- Աւագ ուրբաթ, 19 ապրիլ, ԹԱՂՈՒՄՆ ՏԵԱՌՆ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին
7.- Աւագ շաբաթ, 20 ապրիլ, ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին
8.- Կիրակի, 21 ապրիլ, ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ, սուրբ պատարագ, առաւօտեան ժամը 9:30
ԱՌԱՋՆՈՐԴ` ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ պիտի հանդիսապետէ հետեւեալ եկեղեցական արարողութիւններուն եւ իր հայրական պատգամը ուղղէ.
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ եւ ԴՌՆԲԱՑԷՔ, Ս. Յարութիւն եկեղեցի (Ճիւնի)
ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի
ՈՏՆԼՈՒԱՅ, Ս. Սարգիս եկեղեցի
ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԳԻՇԵՐ, Ս. Աստուածածին եկեղեցի
ԹԱՂՈՒՄՆ ՏԵԱՌՆ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
ՃՐԱԳԱԼՈՅՑ, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ, Ս. Նշան Մայր եկեղեցի
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————–
Սեն Ժոզեֆ Համալսարան
Արեւելեան Գրադարան
Լուսանկարներու Արխիւատուն
Ձեզ սիրով կը հրաւիրեն լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացումին
ՎԱՐՈՒԺԱՆ`
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԱՌՔԻ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ
ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉԸ
Հովանաւորութեամբ` ՏԻԱՐ ՎԱՐՈՒԺ ՆԵՐԿԻԶԵԱՆի
Ընդհանուր տնօրէն «Էմիրէյթս Լեպանըն» դրամատան
11 ԱՊՐԻԼ 2019-ԻՆ, ԺԱՄԸ 17:00-ԻՆ
- Հիւրասիրութիւն
Վայր` Արեւելեան գրադարանի գետնայարկի ցուցասրահ, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի փողոց, Յիսուսեաններու թաղ, Էշրեֆիէ, հեռաձայն` 01-421827:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 31 մայիս 2019, ժամը 10:00-17:00, բացի կիրակի եւ տօնական օրերէն:
————————————–
ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 12 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հսկումի արարողութիւն:
Պիտի նախագահէ եւ պատգամէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱԲՂՅ. ՔԻՒՐԻՒՄԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԱՐԵԳ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ
Լուիս Պլեքի
ՓՈՔՐ ՀԱՐՈՒԱԾ ՄԸ
Կատակերգութիւնը
Բեմադրութեամբ` ՀՐԱՅՐ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆԻ
Ուրբաթ, 12 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
Սակ` 10.000 լ.ո.
————————————–
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «ԽՕՍՆԱԿ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ
ԱՊՐԻԼԸ ՄԵՐ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
ԵՒ
ՀԲԸՄ-Ի ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Կը մասնակցին`
ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ՓԱՓԱԶԵԱՆ ԱՆԻ ՏԱԳԷՍԵԱՆ ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ
Զեկուցում ու համադրում`
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 12 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Ահրամճեան» կեդրոնին մէջ:
- Գեղարուեստական յայտագիր
- Հիւրասիրութիւն
————————————–
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 14 ապրիլ 2019-ին կը զուգադիպի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը` Ծաղկազարդի տօնը:
Այս առիթով Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, օրուան պատգամը փոխանցէ եւ մանուկներու թափօրը նախագահէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Սուրբ պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 12:00-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, տեղի պիտի ունենայ դռնբացէքի արարողութիւնը, դարձեալ նախագահութեամբ`
ԳԵՐՊ. Տ. ԱՆԱՆԻԱ Ծ. ՎՐԴ. ԳՈՒՃԱՆԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ դռնբացէքի արարողութեան, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————–
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»
«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ»
Հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան, «Վանայ Ձայն»-էն ունկնդրեցէ՛ք «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը` կիրակի, 14 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:
7-րդ դասարանէն 2-րդ փուլ անցած են 8 աշակերտներ.
- Հրակ Թաթեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ)
- Թիա-Մարիա Կարապետեան (Ս. Խաչ-Հարպոյեան)
- Ղազար Մեսճեան (Հայ Աւետարանական քոլեճ)
- Ալիք Թէմպէլեան (Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան)
- Լէոնարտօ Խայաթ (Ազգային Միացեալ վարժարան)
- Մարք Կիւլկիւլեան (Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան)
- Սէրլի Ինճէեան (Մխիթարեան վարժարան)
- Արենի Այնթապլեան (Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան)
Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ
————————————–
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-ԷՆ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՅՏԱԳԻՐ
ԼՕԽ-Ի ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Հինգշաբթի, 11 ապրիլ 2019-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-ին, «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն յատուկ յայտագիր, նուիրուած`
ԼՕԽ-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ
————————————–
«ՃԻՆԻՇԵԱՆ» ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
ՀԻՒԱՆԴԱՊԱՀՈՒՀԻԻ ԿԱՄ
ԴԵՂԱԳՈՐԾԻ ԿԱՐԻՔ
«Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկի Լիբանանի ընկերային եւ առողջապահական բարգաւաճման կեդրոնը կարիքը ունի մասնակի ժամանակով երիտասարդ, լիբանանցի համալսարանաւարտ հիւանդապահուհիի կամ դեղագործի մը:
Հետաքրքրուած` հանրային բարօրութեան ծրագիրներով եւ դիւրահաղորդ:
Անգլերէնի, արաբերէնի եւ հայերէնի իմացութիւնը անհրաժեշտ է:
Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի իրենց «Սի. Վի.»-ն ներկայացնել անգլերէնով եւ ե-նամակով ղրկել [email protected] հասցէին:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————–
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Մար Եուսեֆ հիւանդանոցի շրջան, 2 սենեակ եւ յարակից մասեր, Ա. յարկ: Դիմել` հեռ. 03-896964:
————————————–
ԾԱԽՈՒ ԿԱՄ ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Արաքս փողոց, Ա. յարկ, հեռ. 03-744538:
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի լիբանանցի երիտասարդ աշխատաւորներու` օրական վճարումի դրութեամբ: Դիմել` հեռ. 70-257767:
————————————–
ԲԱՑԱՌԻԿ ԳՈՐԾԻ ԱՌԻԹ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի բեռնատարի (վան) վարորդներու (շէօֆեր):
Վճարման լաւ պայմաններ, նաեւ` ընտանեկան ապահովագրութիւն:
Հետաքրքրուողներ կրնան հեռաձայնել 03-244967 թիւին:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Օժենի Միսիրեան-Տեքիրմենճեանի մահուան առիթով փոխան ծաղկեպսակի Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Տիկին Լիտիա Էլմայեան եւ զաւակունք 20$, տիկին Վերժին Ետալեան եւ զաւակունք 100.000 լ. ո., տիար Ժորժ Սունաուպար 50.000 լ. ո., տիկին Այտա Քաայի 50.000 լ. ո., Ուզունեան ընտանիք 50.000 լ. ո., Պալթարեան ընտանիք 50.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Միսաք եւ Մարօ Էլմայեան 50.000 լ. ո., տիկին Ֆլորա Ճուլֆայեան 50.000 լ. ո., տիար Իսա Զապլահ 30.000 լ. ո., տիար Քերոբ Քէշիշեան 30.000 լ. ո., տէր եւ տիկին Սարգիս Մալճեան 30.000 լ. ո., տիար Աւետիս Նալպանտեան 30.000 լ. ո., տիար Ռաֆիք Հաուըրտ եւ ընտանիք 20.000 լ. ո., տիար Մովսէս Պօղոսեան 20.000 լ. ո., տիար Գօգօ Մարաշլեան եւ ընտանիք 20.000 լ. ո.:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
8 ՄԱՅԻՍ 2019
ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ
BRUNCH
9 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՌՈՒԲԷՆ» ԿՈՄԻՏԷԻ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 10 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՌՈՒԲԷՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
ՇԱԲԱԹ, 11 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
ՇԱԲԱԹ, 18 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ 2019
1 ԵՒ 2 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ