ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Հարցեր ու վիճաբանութիւններ պիտի ծագին: Ամբաստանութիւններու զոհ պիտի դառնաք: Պիտի կորսնցնէք առեւտրային գործարք մը: Ձեր ջիղերը պինդ պահեցէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր պարտականութիւնները դիզուին: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Դասաւորեցէք ձեր աշխատանքի ցուցակը եւ սկսեցէք առաջնահերթութիւններէն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Պիտի յաղթահարէք ձեր առջեւ դրուած բոլոր դժուարութիւնները: Յաջողութեամբ մը պիտի ուրախանաք: Ձեր հարցերը պիտի սկսին գտնել իրենց լուծումները. անհոգ մնացէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս
Ընտանեկան եւ անձնական վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք: Արդիւնաբեր գործերու համար ծախսեցէք ձեր ներուժը: Առարկայօրէն լուծեցէք ձեր բոլոր խնդիրները:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր ընկերային յարաբերութիւնները պիտի զարգանան: Առիթ մի՛ տաք, որ անձնական հարցերը ազդեն ձեր աշխատանքին վրայ: Ազդեցիկ միտքեր ունիք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Կարեւոր դեր մը պիտի խաղաք ձեր ընկերութեան մէջ: Մանրամասնութիւնները պիտի սերտէք եւ հոգ պիտի տանիք ձեր նիւթական առաջնահերթութիւններուն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Օգնութեան դռներ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Ձեր աշխուժութիւնը եւ եռանդը պիտի վերագտնէք: Անսպասելի զօրակցութիւն մը պիտի ստանաք: Հին, ցաւոտ էջերէն մէկը պիտի ծալէք: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Բացասական միտքեր պիտի ունենաք: Այս շրջանին ոչ մէկ որշում տուէք: Տխրութիւն եւ նեղութիւն պիտի զգաք, բայց շուտով այս բացասական վիճակը պիտի փոխուի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեզի կը յարմարի խմբային աշխատանք կատարել: Պիտի ուրախանաք ուրիշներու յաջողութեամբ: Պիտի մասնակցիք քննարկումի մը եւ պիտի յաջողիք ձեր տեսակէտը պարզել ձեր շուրջիններուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Դժուար եւ տագնապալից շրջան մը պիտի ապրիք: Ձեզի կը սպասէ անկեղծ յարաբերութիւն մը: Մինակ պիտի չըլլաք ձեր դժուարութեան մէջ, ձեր ընկերները ձեր կողքին պիտի ըլլան:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր բախտը զգալիօրէն պիտի զօրանայ: Պիտի ճամբորդէք եւ մասնակցիք համագումարի մը: Նոր անձերու պիտի հանդիպիք ու ծանօթանաք: Մի՛ տկարանաք, աշխուժութեամբ կատարեցէք ձեր գործերը:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Մի՛ վարանիք օգնութիւն խնդրելէ ձեր ընկերներէն: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Մի՛ թերանաք ձեր պատասխանատուութիւններուն մէջ: Լաւ դասաւորեցէք ձեր ժամանակը, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք: