ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պտոյտի կամ ճամբորդութեան երթալու կը պատրաստուիք: Դրական եւ արդիւնաբեր շրջան մըն է: Ամէն առիթ օգտագործեցէք յաջողութեան հասնելու համար:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ճկուն եղէք, բայց ձեր իրաւունքէն երբեք մի՛ զիջիք: Ձեր տեսակէտը մի՛ պարտադրէք ձեր շուրջիններուն վրայ: Լուծումներ գտէք, որոնք կը գոհացնեն հարց ունեցող բոլոր կողմերը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր ձայնը մի՛ բարձրացնէք ձեր տնեցիներուն վրայ: Անակնկալ ճնշումները թող չազդեն ձեր վրայ: Թշնամական կեցուածք պիտի որդեգրէք ձեզ նեղացուցած ընկերներէն մէկուն հանդէպ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Դրական անձ մը եղէք ձեր շրջապատին մէջ: Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Ձեր ներկայութիւնը բաղձալի է ձեր ընկերութեան մէջ: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Մեծ յաջողութիւն պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ: Պամանները ի շահ ձեզի պիտի փոխուին: Ձեր պարտականութիւններուն գիտակից եղէք: Շուտով մի՛ յանձնուիք, կրկին փորձեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Կարեւոր շրջան մըն է` ձեր ընկերային յարաբերութիւնները ամրապնդելու: Անձնական գետնի վրայ հարցի մը պատճառով քիչ մը պիտի տագնապիք, բայց շուտով պիտի լուծուի ձեր հարցը:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Անակնկալ ծախսեր պիտի ունենաք եւ անոնց համար պիտի մտահոգուիք: Հանդարտ շրջան մըն է, բայց պէտք է խնայողութեամբ կատարէք ձեր ծախսերը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Նոր զարգացումներ տեղի պիտի ունենան ձեր կեանքին մէջ: Ձեր հարցադրումներուն պատասխան պիտի գտնէք: Առաջ անցէք` ձեր նպատակները իրագործելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Պէտք ունիք խրատի, որպէսզի կարենաք որոշում տալ: Բախտէ զուրկ շրջան մըն է: Ձանձրոյթ պիտի զգաք: Ձեր սովորական աշխատանքը կատարեցէք հանդարտութեամբ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Հեռաձայնային կարեւոր կապ մը պիտի ունենաք: Յաջող քննարկումներ պիտի կատարէք: Կանուխ գացէք աշխատանքի, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պաշտպանեցէք ձեր իրաւունքները: Վիրաւորական խօսքեր մի՛ ուղղէք ձեր շուրջիններուն: Ճկուն եղէք ուրիշներուն հետ ձեր վարմունքին մէջ: Պէտք եղած ատեն զիջումներ կատարեցէք, որպէսզի դիւրանայ ձեր գործերու ընթացքը: