Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
– Ձայնարկու կուսանք կամ լալկան կիներ:
Յուղարկաւորութեան ծէսերու ժամանակ այս կիները վարձատրութեամբ մեռելին վրայ ողբերգեր կը յօրինէին: Գլխաւոր լացասողը եղերամայր կը կոչուէր: Ի դէպ, Նարեկացին վկայաբերելով այս կիները, նշած է, թէ անոնցմէ սորված է «արտասուք հոսեցնելու չափ մորմոքեցուցիչ» տողեր գրել:
– Դիւթ, որ դիւթել, կախարդել բառէն եկած է: Կախարդութեամբ կը զբաղէին կարդալ իմացողները, գիրք կարդացողները: Դիւթն այն անձն էր, որ ձեռքի եւ զանազան նիւթերու միջոցով հմայութիւններ կ՛իրականացնէր: Որպէս մոգութեան նիւթեր` կ՛օգտագործուէին գարին, ալիւրը, աւազը, քարը, ջուրը եւ այլն… Դիւթ կրնային ըլլալ կիները, բայց` նաեւ տղամարդիկ:
– Թովիչները այն շնորհալի կիներն էին, որոնք ունակ էին հմայախօսութեամբ բուժել կարգ մը հիւանդութիւններ: Անոնց տուածուրիկ կը կոչէին, քանի որ համոզում կար, թէ տրուած շնորհքը փոխանցուեր է որեւէ սուրբէ կամ երկինքէն:
Թովիչները կրնային բուժել` ձանձողիկը (բկացաւ-ուռուցք), դեղնախտը, կողացաւը եւ այլն…
– Գրիչները ձեռագիրները արտագրող մասնագէտներն էին: Անոնք կ՛աշխատէին գրչութեան կեդրոններուն մէջ, թէեւ կային գրիչներ, որոնք կ՛երթային պատուիրատուին մօտ` ձեռագրելու: Ասոնք թափառական գրիչներ կը կոչուէին:
Կ՛ըսուի, թէ երբ գրիչները կտոր մը հացը կը թրջէին ջուրին մէջ եւ կ՛ուտէին, անչափ գոհ կը մնային իրենց կեանքէն, բայց երբ թանաքը կը սպառէր, չափազանց կը տխրէին: Մէկ ձեռագիրը երբեմն կրնար տեւել տասնեակ տարիներ. երբեմն գրիչի մը աշխատանքը կիսատ մնալու պարագային մէկ ուրիշը կը շարունակէր ու կ՛աւարտէր գործը: Ձեռագիրը արտագրելէ ետք մատեանի վերջաւորութեան գրիչները կը ներկայացնէին իրենց ապրած ժամանակը` վկայաբերելով պատմական որոշ իրադարձութիւններ, որոնց ականատես եղած էին անձամբ: Գրիչներէն ոմանք կը խնդրէին, որ իրենց անունց չմոռցուի, ոմանք ալ նոյնիսկ իրենց անունը չէին գրեր մատեանի աւարտին:
Ի՞նչ կ՛ըլլար, եթէ չըլլային եկեղեցին, գրչութեան կեդրոնները եւ գրիչները, գրեթէ ոչինչ կ՛ունենայինք մեր հին մատենագրութենէն, որովհետեւ Խորենացիի, Եղիշէի եւ միւս պատմիչներու ինքնագրերը մեզի չեն հասած, իրենց աշխատութիւնները մեզի հասած են ուշ շրջանի գրիչներու ընդօրինակութիւններուն շնորհիւ:
Մեր մօտ առաւելաբար յայտնի են տղամարդ գրիչները, բայց ունեցած ենք նաեւ երկու տասնեակէ աւելի հմուտ գրչուհիներ:
Աղբիւր` ՅԱՍՄԻԿ ՍԻՄՈՆԵԱՆ
Ձմրան Եղանակին Մորթը Պաշտպանելու
Գործնական Միջոցներ
Մորթը կը կազմէ մարմնի զանգուածին 20 տոկոսը: Անիկա` որպէս պատնէշ, կը պաշտպանէ մեզ արտաքին միջավայրի անբարենպաստ գործօններէն: Բացի պաշտպանելէ` ան նաեւ ջերմակարգաւորող է, դիմադրականութիւնը զօրացնող եւ այլն… Մորթին բնական վիճակի պահպանումը անհրաժեշտ է մեր մարմնի բնականոն կենսագործունէութեան համար:
Ձմրան եղանակին մորթը յաւելեալ խնամքի կարիք ունի. ցուրտը, քամին, տուներուն մէջի չոր օդը կը վնասեն անոր պաշտպանիչ խաւին: Առաջին հերթին խօսքը դէմքի եւ ձեռքերու մորթին կը վերաբերի:
Ձմրան մորթը հակամէտ է կարմրելու, թեփոտելու եւ նոյնիսկ` արիւնելու. պատճառը ցուրտ օդը, ինչպէս նաեւ ջերմաստիճանի կտրուկ տատանումներն են:
Ստորեւ գործնական միջոցներ՛ ձմրան եղանակին մորթը պաշտպանելու համար:
– Խոնաւցնող սերեր օգտագործել: Մորթին չորացումը կանխարգիլելու համար ցերեկային եւ գիշերային հիտրաթանթ սերեր օգտագործել:
Նոյնպէս ալ, իւաքանչիւր լոգանքէ ետք, տրուած ըլլալով, որ մարմնի կարգ մը օճառներ եւ շամփուէններ կը նպաստեն մորթի չորացման:
* * *
– Բուսական ձէթով շփել մարմնին այն մասերը, ուր մորթը չորցած ու կարծրացած է, ինչպէս` կրունկներն ու արմուկները:
* * *
– Պաշտպանել շուրթերը: Այո՛, շուրթերը եւս շատ զգայուն են ցուրտին. առաջին առիթով կը չորնան, կը ճաթռտին ու կ՛արիւնին: Կլիսերինով կամ շուրթերու յատուկ պաշտպանիչ սերերով պէտք է օծել զանոնք:
* * *
– Պաշտպանել ձեռքերը: Տան գործերը, օդի փոփոխութիւնները կը վնասեն ձեռքերուն եւ ժամանակէն առաջ կը ծերացնեն մորթը: Ահա թէ ինչո՛ւ յատկապէս ձմրան եղանակին պէտք է օրուան ընթացքին քանի մը անգամ զանոնք օծել ձեռքի յատուկ սերերով: Ձեռնոցի գործածութիւնը եւս լաւ տարբերակ է վերոյիշեալ անպատեհութեանց առաջքը առնելու համար:
* * *
– Հրաժարիլ շատ տաք ջուրէն: Լոգանքի ընթացքին պէտք է հրաժարիլ շատ տաք ջուրէն. իսկ լոգանքի աւարտին կարեւոր է մարմինը լաւ ցամքեցնել` առանց ամուր շփելու կամ ուժ բանեցնելու: Զարմանալիօրէն թաց մորթը աւելի հակամէտ է չորնալու:
* * *
– Տաք ըմպելիքներ խմել: Ձմրան եղանակին, մորթի խնամքի միակ լուծումը գեղագիտական միջոցներու օգտագործումը չէ: Մարմինը խոնաւցնելու համար պէտք է`
Ա.- Տաք ըմպելիքներ խմել, ինչպիսին են` թէյերը, ապուրները եւ այլն…
Բ.- Նախապատուութիւն տալ կարճատեւ, գաղջ ջուրով լոգանքներուն,
Գ.- Տունը չափազանց չտաքցնել: Մաշկաբաններու կարծիքով, ջեռուցման համակարգերը հակուած են չորցնելու տան օդը, ինչ որ վատ անդրադարձ կ՛ունենայ մորթին վրայ:
Հետազօտողներու Կարծիքով
Ո՞ր Կտրատախտակն Է
Ամէնէն Առողջապահականը
Կտրատախտակը, որ իւրաքանչիւր խոհանոցի անփոխարինելի գործիքն է, կրնայ դառնալ մանրէներու բազմացման վայր, եթէ ան ճիշդ ձեւով չլուացուի: Կան փայտէ, փլասթիքէ, դիդանէ, ապակիէ կտրատախտակներ, ո՞րն է ամէնէն անվտանգը:
Հետազօտողներու կարծիքով, անհրաժեշտ է երկու կտրատախտակ ունենալ. մէկը` հում միսի, ձուկի, հաւի համար, միւսը` եփած սնունդի, մաքուր պտուղներու եւ բանջարեղէններու համար:
Բայց ի՞նչ նիւթ պէտք է նախընտրել անվտանգ օգտագործման համար, հետազօտողները ներկայացուցած են իրենց կարծիքները:
ՓԼԱՍԹԻՔ ԿՏՐԱՏԱԽՏԱԿ-ը թէեւ դիւրին մաքրուող, թեթեւ եւ ճկուն է, այնուամենայնիւ, անոր երկար գործածութիւնը կը մաշեցնէ զայն եւ փլասթիքի մանր կտորներ կրնան սնունդին խառնուիլ: Հետազօտողները կը յանձնարարեն զայն փոխարինել նորով մը` մաշուածութեան առաջին նշաններու պարագային:
ՓԱՅՏԵԱՅ ԿՏՐԱՏԱԽՏԱԿ-ը մաքրելը դժուար է. մանրէները կրնան կուտակուիլ փայտին մէջ, գոյատեւել ժամանակի ընթացքին եւ աւելի ուշ դուրս գալ, երբ տախտակը խոնաւնայ: Հետեւաբար մասնագէտները խորհուրդ կու տան յաճախ մանրէազերծել փայտեայ տախտակը` աղով, կիտրոնի շերտով, քացախով. երբե՛ք խոնաւ չպահել եւ նորով մը փոխարինել մաշուածութեան առաջին նշաններուն հետ:
ԴԻԴԱՆԷ ԿՏՐԱՏԱԽՏԱԿ-ը դիւրին մաքրուելու առաւելութիւնը ունի: Տրուած ըլլալով, որ ան շատ դիմացկուն նիւթ է, աւելի դանդաղ կը քայքայուի: Անպատեհութիւններէն մէկն ալ այն է, որ ան աւելի դիւրին կը բթացնէ դանակները:
ԱՊԱԿԵԱՅ ԿՏՐԱՏԱԽՏԱԿ-ը դիւրին մաքրուելու եւ դիմացկուն ըլլալու յատկութիւն ունի, բայց կրնայ բթացնել դանակները:
Խոհագիր
Կիտրոնով Եւ Շոմինով
Օրզոյի Ապուր
Երբ եղանակը կը փոխուի, եւ ջերմաստիճանը կտրուկ կը նուազի, ոչինչ կրնայ ձեր տրամադրութիւնը բարձրացնել, քան` տաք եւ հանգստացնող ապուր մը:
Ձիթապտուղի ձէթով, կիտրոնով եւ շոմինով յագեցած այս յունական ոգեշնչմամբ ապուրը միջերկրածովեան համերու կատարեալ համադրում է եւ կ՛արժէ զայն փորձել:
Բաղադրիչներ
1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
1 փոքր սոխ` մանր կտրատուած
2 պճեղ սխտոր` մանր կտրատուած
2 միջակ չափի ստեպղին` կլոր շերտուած
1 գաւաթ օրզօ դդմաճ
6 գաւաթ բանջարեղէնի, հաւի կամ միսի արգանակ
2 գաւաթ թարմ շոմին` կտրատուած
1 կիտրոն` կլոր շերտերով կտրատուած
Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Մեծ կաթսայի մը մէջ տաքցնել ձիթապտուղի ձէթը. աւելցնել կտրատուած սոխը եւ սխտորը: Տապկել 4-5 վայրկեան, մինչեւ փափկին ու բուրաւէտ դառնան:
Աւելցնել ստեպղինը եւ 2-3 վայրկեան եւս եփել: Խառնուրդին աւելցնել արգանակը. եռալէն ետք աւելցնել օրզոն: Խառնել եւ եփել 8-10 վայրկեան մինչեւ օրզոն եփի:
Կրակը թեթեւցնել եւ աւելցնել շոմինն ու կիտրոնի շերտերը: Շարունակել ապուրը եփել եւս 2-3 վայրկեան, մինչեւ շոմինը թառամի եւ համերը միաձուլուին: Համեմել աղով եւ պղպեղով:
Ապուրին կարելի է աւելցնել մանրուած ազատքեղ, սամիթ կամ ռեհան` անոր լրացուցիչ համ հաղորդելու համար:
Բարի՛ ախորժակ
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Իմ Մահը
Եթէ տժգոյն մահու հրեշտակ
Անհուն ժպտով մ՛իջնէ իմ դէմ…
Շոգիանան ցաւքս ու հոգիս,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:
Եթէ սընարըս իմ տիպար
Մոմ մը վըտիտ ու մահադէմ
Ո՜հ, նըշուլէ ցուրտ ճառագայթ,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:
Եթէ ճակտովս արտօսրազօծ
Զիս պատանի մէջ ցուրտ զերթ վէմ
Փաթթեն, դընեն սեւ դագաղը,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:
Եթէ հընչէ տխուր կոչնակ,
Թրթռուն ծիղաղն մահու դժխեմ,
Դագաղս առնէ իր յամր քայլ,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:
Եթէ մարդիկն այն մահերգակ,
Որք սեւ ունին եւ խոժոռ դէմ`
Համասըփռեն խունկ ու աղօթք,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:
Եթ’ յարդարեն իմ հողակոյտ,
Եւ հեծեծմամբ ու սըգալէն
Իմ սիրելիքը բաժնըւին,
Գիտցէ՛ք որ դեռ կենդանի եմ:
Իսկ աննըշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ,
Եւ յիշատակս ալ թառամի,
Ա՜հ, ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ:
ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ
Երէկ (21 յունուար 1871), բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի մահուան 154-րդ տարելիցն էր:


