Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովրդական Հաւատալիքներ. Ե՞րբ Պէտք Է Հաւաքել Տօնածառը

January 15, 2026
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Բոլորս ալ գիտենք, որ նոր տարուան ամենակարեւոր խորհրդանիշներէն մէկը տօնածառն է: Ան ոչ միայն գեղեցիկ յարդարանք է, այլ նաեւ` յոյսի, նոր սկիզբի, բարեկեցութեան եւ ընտանեկան ջերմութեան խորհրդանիշ: Սակայն շատեր հարց կու տան, թէ ե՛րբ է տօնածառը հաւաքելու եւ վերցնելու ճիշդ ժամանակը, որպէսզի տարին յաջող ըլլայ, բախտն ու յաջողութիւնը պահպանուին…

Ոմանք կը շտապեն տօնածառը հաւաքելու, ուրիշներ զայն կը պահեն մինչեւ փետրուար, իսկ կան մարդիկ, որոնք վստահ են` սխալ օր հաւաքելը կրնայ ազդել ամբողջ տարուան վրայ:

Հին ժամանակներէն տօնածառը համարուեր է կեանքի, անմահութեան եւ վերածնունդի խորհրդանիշ: Մշտադալար ծառը նոյնիսկ ձմրան ցուրտին կը մնայ կանաչ, ի՞նչ որ մարդոց համար եղեր է յոյսի նշան:

Ժամանակի ընթացքին տօնածառը դարձաւ ընտանիքը միաւորող առարկայ մը, որուն շուրջ կը հաւաքուին բոլորը, կը կիսուին իրենց ցանկութիւններով, նոր նպատակներ կը դնեն ու երազանքներ կը պահեն:

Ահա այս պատճառով է, որ տօնածառի հետ կապուած գործողութիւնները` տեղադրելը, զարդարելը եւ հաւաքելը պէտք է կատարուին մտածուած ձեւով:

Ժողովրդական Հաւատալիքներ

– Շատ կանուխ հաւաքել.- Եթէ մինչեւ յունուար 7-ը տօնածառը հաւաքուի, տարին կրնայ անցնիլ շտապողականութեան մէջ, հնարաւոր են դրամական դժուարութիւններ, յաջողութիւնը կրնայ «փախչիլ տունէն»: Կայ ժողովրդական ասոյթ` «Տօնածառը շուտ հաւաքողը բախտը շուտ կը ճանապարհէ»:

– Շատ ուշ հաւաքել.- Միւս ծայրայեղութիւնն ալ ունի իր բացասական կողմերը: Եթէ տօնածառը մնայ մինչեւ փետրուարի վերջ, տունը կրնայ լեցուիլ «չէզոք ալիքներ»-ով: Տան անդամները կրնան յոգնածութիւն եւ կորովի պակաս զգալ, նաեւ դժուարանալ` նոր ծրագիրներ մշակելու:

– Ոսկի միջին.- Ծառը հաւաքելու ամենայաջող ժամանակը յունուար 18-19-ն է:

Յունուար 19-ին կը նշուի Աստուածայայտնութիւնը: Կայ հաւատալիք, թէ այդ օրը կ՛աւարտի տօնական շրջանը, տունը կը պատրաստուի նոր տարուան լիարժէք ընթացքին:

Ժողովրդական հաւատալիքներու համաձայն, եթէ տօնածառը հաւաքուի յունուար 19-ին կամ մէկ օր առաջ, տարին կ՛ըլլայ բարեկեցիկ, կայուն եւ առանց մեծ կորուստներու:

Հոգեբանական տեսանկիւնէն, տօնական միջավայրը երկար պահելը կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը, կը նուազեցնէ ձմեռնային ընկճախտը եւ կը ստեղծէ ապահովութեան զգացում:

Ինչպէ՞ս Հաւաքել Տօնածառը, Որպէսզի…

Տօնածառը պէտք է հաւաքել լաւ տրամադրութեամբ, առանց քաշքշուքի: Նախ հաւաքել ու ծրարել խաղալիքները, յետոյ` ճիւղերը: Կարելի է նաեւ մտքէն շնորհակալութիւն կամ երախտագիտութեան խօսք մը ըսել անցած տարուան մասին:

Երբեք տօնածառը չքանդել բարկացած վիճակով, չհաւաքել զարդերը անփոյթ ձեւով, իսկ աշխատանքի աւարտին մաքրել տարածքը:

Ժողովուրդը կը հաւատայ, որ տօնածառի նկատմամբ վերաբերմունքը կ՛արտացոլուի տարուան ընթացքին:

Միշտ յիշենք, որ տօնածառը պարզապէս զարդ չէ. ան մեր տարուան սկիզբն է, մեր ցանկութիւններու եւ սպասումներու խորհրդանիշը:

Առողջապահական

 Առաւօտեան Սովորութիւններ,
Որոնք Կը Բարելաւեն Կեանքի Որակը

Բժիշկներու կարծիքով, ամէն օր նոյն ժամուն քնանալու եւ արթննալու սովորութիւնը կ՛օգնէ վերահսկելու արեան ճնշումը, սիրտին աշխատանքը եւ քունի ու տրամադրութեան հետ կապուած հորմոններու արտադրութիւնը:

Արթննալէ անմիջապէս ետք ջուր խմելը կը բարելաւէ արեան շրջանառութիւնը, աղիքներու եւ երիկամներու աշխատանքը:

Նախաճաշը կ՛օգնէ պահպանելու աշխուժութիւնն ու կեդրոնացումը ամբողջ օրուան ընթացքին, հետեւաբար ան պէտք է հաւասարակշռուած ըլլայ:

Առաւօտեան կարճատեւ զբօսանքը չափազանց օգտակար է բարեկեցութեան բարելաւման համար: Եթէ զբօսնելու յարմարութիւն չկայ, կարելի է կենալ բաց պատուհանի մօտ եւ թարմ օդ շնչել:

Խուսափիլ ելեկտրոնային սարքերէն` արթննալէ անմիջապէս ետք: Նախքան մարմնի արթննալը, հաղորդագրութիւններու, ընկերային ցանցերու կամ նորութիւններու ազդեցութիւնը կրնան բացասաբար ազդել ուղեղին վրայ:

Ինքնաշարժի փոխարէն` ոտքով (անշուշտ եթէ հնարաւոր է) գործի կամ շուկայ երթալը թեթեւ եւ օգտակար մարզանք է օրը լաւ սկսելու համար:

Կեանքին դրական եւ լաւատես աչքով նայելու որոշում կայացնելը կեանքի որակի բարելաւման լաւագոյն գրաւականներէն մէկն է:

Երեխայ Ունենալը Լաւ Է Առողջութեան

Երեխայ ունենալը անկասկած կեանքի ամենամեծ ուրախութիւններէն մէկն է, երբեմն նոյնիսկ կը համարուի երջանկութեան գրաւական:

Արդեօ՞ք երեխայ ունենալը օգտակար է առողջութեան համար. այո՛, եւ` քանի մը պատճառներով:

Ա.- Քաղցկեղի հաւանականութեան նուազում

Հետազօտութիւններ հաստատած են, թէ որքան շատ երեխայ ունեցեր է կինը իր կեանքի ընթացքին, այնքան քիչ է հաւանականութիւնը, որ ան զարգացնէ ձուարաններու քաղցկեղ կամ կրծագեղձի որոշակի տեսակներ, անկախ անկէ` կուրծքով կերակրե՞ր է իր երեխան, թէ՞ ոչ:

Բ.- Կեանքի տեւողութեան աճ

Երեխաներ ունենալը կիներու կեանքի տեւողութիւնը շուրջ մէկ տարիով կ՛աւելցնէ` ըստ «Համաճարակաբանութեան եւ համայնքային առողջութեան հանդէս»-ին կողմէ հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը: Պատճառնե՞րը` երեխաներուն կողմէ տարեց ծնողներուն ցուցաբերուող աջակցութիւնը եւ երեխային ծնելէն ետք առողջ վարքագիծի որդեգրումը:

Գ.- Մահացութեան վտանգի նուազում

European Prospective investigation into Cancer and Nutrition կատարած է հետազօտութիւն մը եւրոպական 10 երկիրներէ աւելի քան 500 հազար տարեցներու մասնակցութեամբ: Աւարտին հաստատուած է, որ առնուազն մէկ երեխայ ունեցող կիներու մահուան վտանգը 20%-ով ցած է, քան` երեխայ չունեցող կիներուն մօտ: Այս թիւերը կը վերաբերին թէ՛ քաղցկեղէ եւ թէ՛ սրտանօթային հիւանդութիւններէ մահացութեան:

Գեղեցկագիտական

 Կնճիռ Պատճառող
5
Վատ Սովորութիւններ

Կնճիռներէն խուսափիլը գրեթէ անհնար է, սակայն կան նախզգուշական միջոցներ, որոնք կրնան դանդաղեցնել անոնց յայտնութիւնը: Պարզապէս պէտք է առաջին հերթին հրաժարիլ այս 6 սխալ սովորութիւններէն:

1.- Մորթին քոլլաժենին եւ էլասթինին կը վնասեն` ապականած օդը, քաֆէինը եւ ոգելից ըմպելիքները: Ջանացէք հեռու մնալ այս երեքէն:

2.- Շաքարեղէնի չարաշահումը կը վնասէ մորթին որակին` դանդաղեցնելով վերանորոգումը, քոլլաժենի եւ էլասթինի, որոնք կ՛ապահովեն ձեր մորթին առաձգականութիւնը եւ թարմութիւնը:

3.- Կողմի վրայ յաճախ քնանալը պատճառ կը դառնայ, որ բազմաթիւ կնճիռներ յայտնուին աչքերուն եւ բերնին շուրջ, բայց նաեւ` վիզին վրայ: Փորձեցէք քիչ-քիչ հրաժարիլ կողմի վրայ քնանալու սովորութենէն:

4.- Շատ խիստ սննդականոնները նոյնպէս կը վնասեն մորթին առաձգականութեան: Թելադրելի է որդեգրել հաւասարակշռուած սննդականոն մը, որուն գործադրումը չի վնասեր ձեր մորթին եւ, մանաւանդ, կ՛ապահովէ անոր անհրաժեշտ սնունդը:

5.- Զգուշացէք ծխախոտէն, անոր չափազանցութիւնը ոչ միայն կը վնասէ ձեր առողջութեան, այլ նաեւ` ձեր մորթին որակին, արտաքին տեսքին եւ նոյնիսկ գոյնին:

Խոհագիր

 Կորեկով Ապուր

Բաղադրիչներ

– 5 գաւաթ խաշած կորեկ
– 1 ապուրի դգալ կարագ
– 1 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 2 ցօղուն նեխուր` մանրուած
– 1 միջակ սոխ` մանրուած
– 1 թէյի դգալ ճզմուած սխտոր
– 4 գաւաթ արգանակ` հաւի, միսի կամ բանջարեղէնի
– Աղ, մեւ համեմ
– Կէս գաւաթ խաշած կորեկ` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Կաթսային մէջ տաքցնել ձէթն ու կարագը, աւելցնել մանրուած սոխն ու նեխուրը եւ թեթեւ կրակի վրայ եփել 5-7 վայրկեան:

Աւելցնել` խաշած կորեկը, արգանակը, սխտորը, աղն ու սեւ համեմը եւ քառորդ ժամ եփել: Կաթսան կրակին վրայէն հանել, ձգել, որ քիչ մը պաղի, ապա ելեկտրական գործիքով հարել, մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի:

Ապուրը կրկին տաքցնել, ապա փոս ամաններու մէջ մատուցել` երեսը կորեկի հատիկներով զարդարելով:

Գիտէի՞ք, Թէ…

Կորեկը հարուստ է` Ա., Պէ.1, Պէ. 2 կենսանիւթերով, մակնեզիոմով,  մանկանեզով, ֆոսֆորով, երկաթով եւ զինկով:

Ան կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը եւ արեան մէջ գէշ քոլեսթերոլի մակարդակը:

Կորեկը նաեւ կը կանոնաւորէ արեան գերճնշումը եւ կը կանխարգիլէ արեան տկարութիւնը:

Կորեկի յաճախակի օգտագործումը կը պահպանէ աչքերուն առողջութիւնն ու տեսողութիւնը: Կը նպաստէ մկաններու եւ ոսկորներու աճին եւ կը խթանէ դիմադրողականութիւնը:

Վերջապէս, կորեկը կը պայքարի յօդացաւի եւ արթրոզի դէմ եւ կը նուազեցնէ քաղցկեղի հաւանականութիւնը:

*
*  *

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Չեմ յարգում շանն էլ, որին չար տէրը
Անտեղի տեղը որքան ծեծում է,
Այնքան նա լիզում տիրոջ ոտերը`
Իրեն տրորո՜ղ-ջարդո՜ղ ոտերը,
Եւ կծելու տեղ լոկ կաղկանձում է.
Եկէք միասին չյարգենք նրա՛նց,
Ովքեր սերտում են եւ ոչ թէ դատում,
Ճառո՜ւմ են եւ բնաւ չե՛ն կշռադատում.
Ովքեր չեն ջոկում ո՛չ թացը չորից,
Ո՛չ էլ տարբերում անդունդը ձորից.
Ովքեր գրածի տառն են ընթերցում,
Ովքեր քնածին մեռած են կարծում,
Ովքեր կարծում են
Ծուխը` հըրաբուխ,
Իսկ լացը` հարբուխ…

ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (14 Յունուար 2026)

Յաջորդը

Գաղութէ-Գաղութ

RelatedPosts

Հետաքրքրական.  Հին Հայկական Պահանջուած Մասնագիտութիւններ, Որոնք Առաջ Կային Ու Հիմա Չկան
Կնոջական

Հետաքրքրական. Հին Հայկական Պահանջուած Մասնագիտութիւններ, Որոնք Առաջ Կային Ու Հիմա Չկան

January 22, 2026
«Loving Father, Bitter Son». Աքսորի, Լռութեան Եւ Հաշտութեան Հետքերով
Կնոջական

Նոր Տարուան Սեղանի Խորհրդանիշները

December 18, 2025
Խոտաբոյսի Մը Պատմութիւնը
Կնոջական

Խոտաբոյսի Մը Պատմութիւնը

December 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.