Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հայկական գորգարուեստի ամենայայտնի եւ հզօր խորհրդանիշերէն մէկը վիշապն է: Նախաքրիստոնէական շրջանին վիշապը չարի խորհրդանիշ չէր. ընդհակառակը, վիշապագորգի վրայ պատկերուած վիշապը հզօր էակ եւ բնութեան ուժերու մարմնաւորում էր:
Վիշապը կը համարուէր ջուրի եւ պտղաբերութեան խորհրդանիշ. ան երկնային ջուրերու` անձրեւի եւ ամպրոպի տիրակալն էր: Անոր պատկերը գորգին վրայ կոչուած է ապահովելու առատ բերք եւ պտղաբերութիւն:
Վիշապը նաեւ կը համարուէր պահապան ուժ: Իր հզօր տեսքին շնորհիւ` վիշապը կը համարուէր տան եւ ընտանիքին պահապանը` չար աչքերէն եւ ուժերէն:
Վերջապէս, վիշապը իր օձաձեւ տեսքով կը համարուէր իմաստութեան եւ յաւերժութեան խորհրդանիշ:
Այսուհետեւ վիշապագորգ դիտելով` յիշենք, որ մենք կը տեսնենք ոչ թէ հրէշ, այլ` բնութեան հզօր ուժ, որ դարեր շարունակ պաշտպաներ է հայկական օճախը:
Ճիշդ է այն հաստատումը, որ իւրաքանչիւր հայկական գորգ մշակութային անցագիր է, որ կը կրէ իր ստեղծման վայրի, ժամանակի եւ գործողի հոգիին դրոշմը:
Ձեր Առօրեան Դիւրացնող Հնարքներ
Աղի Օգտագործման
Հետաքրքրական Տարբերակներ
Աղը, որ իւրաքանչիւր խոհանոցի հիմնական բաղադրիչն է, շատ աւելին է, քան` պարզապէս համեմունք: Այս բազմակողմանի հանքանիւթը հազարամեակներ շարունակ եղեր է մարդկային քաղաքակրթութեան անկիւնաքարը` կարեւոր դեր խաղալով մեր կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ:
Ստորեւ` աղի օգտագործման տարբերակներ:
1
Կտրատման տախտակը ախտահանելու համար աղով եւ կիսուած կիտրոնի կտորով մը շփել զայն, ապա` կոշտ խոզանակով եւ տաք ջուրով մաքրել եւ, վերջապէս, առատօրէն ցօղուել պաղ ջուրով:
2
Միջատներու խայթոցին ցաւն ու ուռեցքը նուազեցնելու համար անմիջապէս թրջել խայթուածքը եւ ծածկել աղով:
3
Մարզական կօշիկները հոտազերծելու համար պարբերաբար անոնց մէջ աղ ցանել, ամբողջ գիշեր մը պահել, իսկ առաւօտեան լաւ թօթուել զանոնք:
4
Տապկոցի ընթացքին բռնկած տապակին կրակը մարելու համար երբեք ջուր չօգտագործել, տապակին վրայ առատ աղ կամ սոտա թափել եւ կամ կափարիչով մը ծածկել:
5
Կոկորդի ցաւն ու գրգռուածութիւնը թեթեւցնելու համար, մէկ բաժակ գաղջ ջուրի մէջ ապուրի դգալ մը աղ լուծել եւ քանի մը անգամ կոկորդը ողողել:
6
Եղունգները ամրացնելու համար կէս բաժակ տաք ջուրին աւելցնել մէկական թէյի դգալ աղ, սոտա եւ կիտրոնի հիւթ եւ մատներուն ծայրերը 10 վայրկեան թրջել այդ խառնուրդին մէջ:
7
Գետին ինկած, կոտրած ու կպչուն հաւկիթը դիւրին մաքրելու համար անմիջապէս վրան աղ թափել, սպասել քառորդ ժամ եւ, վերջապէս, հաւաքել կարծրացած զանգուածը:
8
Ժամանակի ընթացքին փոշոտած եւ գունաթափուած արհեստական ծաղիկները թարմացնելու համար զանոնք դնել կերպընկալ տոպրակի մէջ, աւելցնել 1/4 գաւաթ աղ եւ քանի մը անգամ թափահարել տոպրակը: Ծաղիկները կը վերագտնեն իրենց թարմ տեսքը:
9
Նոր ծղօտէ աւելին կեանքը երկարելու համար զայն 20 վայրկեան մխրճել տաք աղի ջուրով լեցուն դոյլի մէջ, ապա հանել, որպէսզի չորնայ:
10
Գորգին վրայ թափած կարմիր գինիին արատը մաքրելու համար անմիջապէս վրան առատ աղ ցանել, սպասել 10 վայրկեան, ապա փոշեկուլով մաքրել:
Առողջապահական
Ի՞նչ Է Հիւծուածութիւնը
Կամ Burnout-ը
Հիւծուածութիւնը շատ աւելին է, քան` սովորական յոգնածութիւնը. անիկա կ՛արտայայտուի ֆիզիքական, հոգեկան եւ յուզական ուժասպառութեամբ: Եթէ երկար ժամանակ անտեսուի, ան կրնայ վնասել առողջութեան:
Հիւծուածութիւնը Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան կողմէ սահմանուած է` որպէս յատուկ ընկճախտային վիճակ, որ ի յայտ կու գայ աշխատանքի կամ կեանքի մէջ առկայ ծանրաբեռնուածութեան պատճառով:
Հիւծուածութեան բնորոշ են`
– Յոգնածութիւն եւ ուժասպառութիւն,
– Յուզական անտարբերութիւն` հետաքրքրութեան կորուստ առօրեայ գործերու նկատմամբ,
– Արդիւնաւէտութեան նուազում:
Հիւծուածութիւնը կը վնասէ ոչ միայն հոգեբանական, այլեւ ֆիզիքական առողջութեան: Բժշկական փաստերու հիմամբ`
Ա – Հիւծուածութիւնը կը փոխէ ուղեղին աշխատանքը, կը տկարացնէ յիշողութիւնը, կեդրոնացումն ու հոգեկան կայունութիւնը: Ուսումնասիրութիններ ցոյց տուած են, որ հիւծուածութիւնը կրնայ վնասել ուղեղի որոշ հատուածներուն, ինչպիսիք են որոշումներ կայացնելու պատասխանատու կեդրոնները:
Բ – Երկարատեւ հիւծուածութիւնը կրնայ 80 առ հարիւրով բարձրացնել սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը:
Գ – Հիւծուածութիւնը կը տկարացնէ մարմնին դիմադրողականութիւնը` ենթական դարձնելով աւելի խոցելի վարակներու նկատմամբ:
Դ – Հիւծուածութիւնը յաճախ կ՛առաջնորդէ անքնութեան կամ քունի լուրջ խանգարումներու:
Որո՞նք են հիւծուածութեան հիմնական պատճառները
– Ծանրաբեռնուածութիւնը` չափէն աւելի գործը եւ զանոնք կատարելու համար ժամանակի անբաւարարութիւնը,
– Վերահսկողութեան պակասը` իրավիճակը կառավարելու անզօրութիւնը,
– Անհաւասարակշռութիւնը, երբ աշխատանքը կը գերակշռէ անձնական ժամանակին,
– Առանձնութիւնը` շրջապատէն բաւարար աջակցութիւն չստանալու անզօր վիճակը:
Ինչպէ՞ս յաղթահարել հիւծուածութիւնը
Հիւծուածութեան դէմ պայքարելու համար անհրաժեշտ է փոփոխութիւններ կատարել ինչպէս առօրեային, այնպէս ալ մտածելակերպին մէջ: Այսպէս, վերականգնել քունի արարողութիւնը, զբաղիլ մարմնամարզութեամբ, գործի ժամանակ ընդմիջումներ կատարել, օրուան ընթացքին ժամանակ յատկացնել ընտանիքին, ընկերներուն, անձնական հետաքրքրութիւններուն, իսկ վիճակի բարելաւման բացակայութեան պարագային` դիմել մասնագէտի:
* * *
Հիւծուածութիւնը լուրջ խնդիր է, բայց ան յաղթահարելի է: Կարեւոր է ժամանակին նկատել անոր նշանները եւ անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկել:
(Քաղուած` «Soread.me»-էն)
Ձեռային Աշխատանք
Հին Ճինզերուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք
Իրերը վերիմաստաւորելու եւ անոնց երկրորդ կեանք մը տալու ունակութիւնը հմտութիւն է, որ բոլորէն տրուած չէ: Եկէ՛ք տեսնենք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպէ՛ս երկրորդ կեանք մը տուած են հանդերձապահարանին մէջ լքուած հին ճինզերուն: Իսկ կա՞յ տուն, ուր հին ճինզեր չկան:
Ա.- Առօրեայ օգտագործման տակդիրներ,
Բ.- Բռնիչներ,
Գ.- Շուկայի պայուսակ,
Դ.- Սեղանի անհատական սփռոց` պնակը, անձեռոցիկն ու դգալեղէնը տեղադրելու համար:
* * *
Այս առիթով, եկէ՛ք, վերյիշենք ձեռային աշխատանքի առողջական օգուտները` հոգեկան բարեկեցութեան համար:
– Կը պայքարի հոգեկան անկումին դէմ: Ձեռային աշխատանքը ուշադրութիւնը կը տեղափոխէ բացասական միտքերէն նպատակասլաց գործընթացի վրայ:
– Կը բարելաւէ կեդրոնացումն ու համբերութիւնը:
– Կը բարելաւէ ճանաչողական գործառոյթն ու յիշողութիւնը:
– Կ՛ամրապնդէ ինքնավստահութիւնն ու ինքնագնահատականը:
– Ուրախութիւն եւ հոգեկան բաւարարութիւն կը պատճառէ:
Խոհագիր
Ղուրեպիէ
– 500 կ ալիւր
– 300 կ կարագ
– 150 կ փոշի շաքար
– Հալէպի պիստակ` զարդարանքի համար
– Պտղունց մը աղ
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ ելեկտրական հարիչով հատել կարագն ու մաղէ անցած փոշի շաքարը: Միատարր թանձրուկ մը ստանալէ ետք աւելցնել մաղէ անցած ալիւրը եւ պտղունց մը աղը եւ ձեռքերով շաղել խմորը:
Խմորին երեսը ծածկել եւ 1 ժամ սառնարանը պահել: Մէկ ժամ ետք խմորէն փոքրիկ գնդակներ ձեւաւորել, ցուցամատով իւրաքանչիւրին կեդրոնը փոսիկ մը բանալ եւ Հալէպի պիստակ մը զետեղել:
Ձեւաւորուած խմորները շարել մոմ թուղթով ծածկուած ափսէի մէջ եւ 160 ջերմաստիճանով նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել 15-18 վայրկեան: Երկար եփելու պարագային, կրկնեփներուն վրայ ճաթռտուքներ կը յայտնուին:
Կարելի է զարդարանքի համար նաեւ նուշ օգտագործել, իսկ կարագը փոխարինել կենդանական իւղով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մահեր
Ամենայն տեղ մահը մի չէ
կախում ունի ինչի համար կը մեռնիս,
մարդ բիւր անգամ, գաղտագողի, պիտ՛ մեռնի
որ հասկնայ` եթէ կրնայ` ինչ ըսել է ծնիլը,
բայց երանի մէյ մը մարդուն`
որ պայքարի ընկերներուն հետ կը զոհուի,
մէյ մ՛ալ անոր
որ ազգէն անդին, մարդէն անդին, միս մինակը` կ՛անհետի:
ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ



