Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ս. Սարգիսը շարժական տօն է. այս տօնով կը սկսի Բարեկենդանը, որուն անմիջապէս յաջորդող 49-օրեայ Մեծ պահքը կ՛աւարտի Զատիկով: Այսպիսով, անուղակիօրէն կապուելով 35 օրուան շարժականութիւն ունեցող Զատկուան հետ, Ս. Սարգիսի տօնը նոյնպէս կը շարժի 35 օրերու ընթացքին` նշուելով յունուար 18-էն մինչեւ փետրուար 23-ը երկարող այն շաբաթ օրը, որ տուեալ տարուան Զատկուան տօնէն ճիշդ 63 օր առաջ կու գայ:
Ս. Սարգիսը հայ ժողովուրդին սիրելի սուրբերէն է: Ան երիտասարդներուն բարեխօսն է, իր միջնորդութեամբ հրաշքներ կը կատարուին: Այդ օրը երիտասարդները կ՛աղօթեն սուրբին, որպէսզի իրենց աղօթքները հասցնէ Աստուծոյ:
Տօնին կը նախորդէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէ հաստատուած Առաջաւորաց պահքը, որ կը տեւէ 5 օր:
Ժողովրդական Սովորութիւններ
Ս. Սարգիսի նախորդող Առաջաւորաց պահքի օրերուն մարդիկ ոչ միայն արգելքներ կը դնէին իրենց սնունդին, այլ նաեւ` աշխատանքի որոշ տեսակներուն եւ մարմնի խնամքին վրայ: Արգիլուած էր` լուացք ընել, ճախարակ մանել, գործ ունենալ բուրդի հետ, որովհետեւ կը հաւատային, որ մազ լուալու պարագային Ս. Սարգիսի ձիու ոտքերուն թնճուկ կը գոյանայ եւ որպէս պատիժ` իրենց մազերը կը թափին…
Ուրբաթ օրը մարդիկ կը սկսէին Թաթախման պահքը բանալու նախապատրաստական աշխատանքները: Մեղրաջուրով կամ շաքարաջուրով փոխինձ կը շաղէին, ընտանիքին անդամներուն թիւով գունդերու կը բաժնէին եւ երեկոյեան պահքը կը բանային գունդներով:
* * *
Ծոմ պահած երիտասարդները ուրբաթ երեկոյ աղի կրկնեփ կ՛ուտէին, որպէսզի տեսնեն, թէ երազին մէջ իրենց ո՛վ ջուր պիտի տայ: Շաբաթ առտու աղի կրկնեփ կերած աղջիկներն ու մանչերը կը պատմէին իրենց երազները, թէ ո՛վ իրենց ջուր տուաւ, ինչպիսի՛ գաւաթով, որքա՛ն ջուր կար գաւաթին մէջ եւ այլն…
Ոսկեայ գաւաթը հարուստ ամուսին կը նշանակէր, փայտեայ գաւաթը` աղքատ, լեցուն գաւաթը երկար ամուսնական կեանք կը նշանակէր, կիսով լեցունը` կարճ ամուսնական կեանք եւ այլն…
* * *
Ժողովրդական սովորութիւններէն էր Ս. Սարգիսի տօնին ալիւրով լեցուն ափսէ դնել տան տանիքը կամ պատշգամին եւ սպասել Ս. Սարգիսի Զօրավարի ձիուն պայտի հետքին: Ըստ աւանդութեան, Ս. Սարգիսը պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի, եւ որու որ ափսէին մէջ դրուած ալիւրին վրայ ձգէ իր սպիտակ ձիուն պայտին հետքը, այդ տարի կ՛իրականանան երիտասարդին երազները:
* * *
Աւանդութեան համաձայն, Ս. Սարգիսի կրկնեփը պէտք է պատրաստէր հաւաքուած կիներէն ամենաերջանիկը, ան, որ մեծ սէր ապրած եւ երեխաներ ունեցած էր: Կրկնեփին պատրաստութիւնը շատ պարզ է` ալիւր, աղ եւ ջուր:
* * *
Մուսա լերան աւանդական խոհանոցին մէջ մինչեւ օրս պահպանուած է «գումպա» անունով ծիսական հաց-քաղցրեղէնի պատրաստութիւնը: Խմորը կը շաղեն երեկոյեան, եւ անիկա ամբողջ գիշերը կ՛եփի մարած թոնիրի տաքութեամբ:
Գումպան կը բաժնուի ընտանիքի անդամներուն թիւով: Բաժիններէն մէկուն մէջ մետաղադրամ կը դրուի, եւ որո՛ւ որ ելլէ դրամը, ան կը համարուի տարուան բախտաւորը:
* * *
Ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցիի խօսքերով, Ս. Սարգիսի տօնը ունի իր ծիսական ծառը, որ պատրաստուած կ՛ըլլայ փուշերէ, նուռէ, հացահատիկներէ (աղանձ, խաշիլ, փոխինձ): Ազգագրագէտին համաձայն, ոչ միայն եկեղեցին, այլ նաեւ տունը ունի տիեզերական խորհուրդ, եւ բոլոր ընտանիքները պէտք է պատրաստեն ծիսական այս ծառը:
Հետաքրքրական է փուշի ընտրութիւնը, Ագուլեցիի բացատրութեամբ` «Սէրը փշոտ է, սիրոյ համար պէտք է պայքարիլ…»:
* * *
Գիտէ՞ք, Թէ…
– Սուրբ Սարգիսը ներկայիս կը համարուի սիրոյ բարեխօս, կամ` սիրահարներու սուրբ միայն, մինչդեռ անցեալին ան նաեւ եղած է ընտանիքի պաշտպան սուրբը: Ամուլ կիները դիմեր են անոր բարեխօսութեան, յղի կիները հայցեր են անոր օգնութիւնը` դիւրին ծննդաբերելու համար, ճամբորդները խնդրեր են ապահովել իրենց անվտանգութիւնը, յատկապէս` փրկել քամիներէն, կայծակներէն եւ գայլերէն:
Նոյնիսկ խաղաղեցնել փոթորկոտ ծովը` հաւատալով, որ ան իր արագընթաց սպիտակ ձիով կը հասնի ամէնուր եւ կ՛օգնէ բոլորին:
* * *
– Պատմական Հայաստանի տարածքին Ս. Սարգիսի անունով շատ սրբատեղիներ կան` եկեղեցիներ, մատուռներ, նոյնիսկ` լեռ: Պատահական չէ, որ զայն անուաներ են ցանկութիւններ կատարող սուրբ: Տօնի նախօրեակին պահք կամ ծոմ կը պահուէր, ուխտի կ՛երթային սուրբին ուխտավայրը, իսկ կեսուրները նուէրներով եւ քաղցրեղէններով կ՛այցելէին հարսնացուներուն:
– Ս. Սարգիսի տօնի խմորեղէններէն յայտնի էին` աղի կրկնեփը, փոխինձի գունդները, բաղարջը, խաշիլը, խաւիծը, հելուան, կլոնդակը, գումպան եւ այլն…
Հոգեբաններու Կարծիքով
Սիրոյ 5 Լեզուները
Դուք որպէս ծնողք կը փորձէք ընել ձեր լաւագոյնը` ձեր երեխային փոխանցելու այն ամբողջ սէրը, որ կը զգաք անոր հանդէպ: Այնուամենայնիւ, երբեմն կը զգայ «բաւարար չսիրուած», «անտեսուած»:
Հոգեբաններու կարծիքով, գոյութիւն ունի սիրոյ, գորովի արտայայտման հինգ հիմնական «լեզու»`
1 – Ժամանակի յատկացում,
2 – Նուէրներ,
3 – Քաջալերանք, գովեստ,
4 – Աջակցութիւն,
5 – Հպում:
Ժամանակի Յատկացում
Եթէ ձեր փոքրիկը անընդհատ կը ձգտի ձեզի բան մը պատմել, երկար մնալ ձեր կողքին, ուրեմն անոր սիրոյ լեզուն ժամանակի յատկացումն է: Այս լեզուով «խօսող» երեխան յաճախ իր ծնողներէն կը խնդրէ միասին խաղալ, խօսիլ կամ զբօսնել: Ան անբացատրելի բերկրանք կ՛ապրի, երբ իր մօր եւ հօր հետ լուսնապարտէզ, մարզադաշտ կամ արձակուրդի կ՛երթայ: Ամէնէն աւելի կը սիրէ արձակուրդի օրերը, քանի որ հնարաւորութիւն կ՛ունենայ ծնողներուն հետ աւելի երկար ժամեր անցընելու:
Նուէրներ
Եթէ ձեր երեխան ձեռային աշխատանքով կամ գծագրութեամբ մը կը փորձէ ձեզի հաճոյք պատճառել, կրնաք դուք ձեր կարգին զինք ուրախացնել եւ ձեր սէրը յայտնել խորհրդանշական պզտիկ նուէրով մը, որ անշուշտ սովորոււթեան պէտք չէ վերածուի:
Քաջալերանք
Ինչպէս բոլոր երեխաները ձեր փոքրիկը եւս կ՛ախորժի, երբ զինք գովէք` գնահատելով իր դպրոցական արդիւնքները կամ մարզական նուաճումները: Ան թող զգայ, որ դուք հպարտ էք իրմով եւ կը գնահատէք իր ճիգերը:
Երբ երեխան գովեստի խօսքեր չի լսեր, կրնայ շատ արագ կորսնցնել իր հետաքրքրութիւնը, հետեւողականութիւնն ու խանդավառութիւնը:
Աջակցութիւն
Եթէ ձեր երեխան յաճախ կ՛առաջարկէ իր օգնութիւնը բերել տան գործերուն` ծաղիկները ջրել, շունը պտտցնել, սեղանը հաւաքել, կը նշանակէ, որ ան կ՛ախորժի, երբ դուք իր կողքին էք, դասերը պատրաստած ժամանակ, ժապաւէն մը դիտած ատեն կամ կոտրած խաղալիք մը նորոգելու ատեն: Ձեր ներկայութիւնը որոխ ապահովութիւն կը ներշնչէ անոր, եւ ան վստահ է, որ դժուարութեան պարագային ձեր օգնութիւնը պիտի չզլանաք իրեն:
Հպում
Այն երեխան, որուն «սիրոյ լեզուն» հպումն է, կ՛ուզէ բռնել մայրիկին ձեռքը, փաթթուիլ մօրը, նստիլ հօր ուսերուն: Աղջնակները կ՛ախորժին, երբ իրենց մազերը կը սանտրեն ու կը հիւսեն, մանչուկները` երբ իրենց գլուխը կը շոյեն. այլ խօսքով, անոր հաճելի է ֆիզիքական շփումը իր հարազատներուն հետ: Անշուշտ որ շոյանքը ունի իր սահմանները` գլխու կամ վարսերու շոյեանք, ուսի թեթեւ հպում, ջերմ պաչիկ մը, բայց` ոչ աւելին:
* * *
Վերջապէս, հոգեբանները կը յիշեցնեն շատ կարեւոր իրողութիւն մը. թէեւ իւրաքանչիւր ոչ ունի սիրոյ ընկալման իր ձեւը, իր լեզուն, սակայն այդ չի նշանակեր, որ ձեր երեխային համար վերոյիշեալ բոլոր «լեզուներն« ալ կարեւոր են եւ զիրար ամբողջացնող. հետեւաբար իւրաքանչիւրէն պտղունց մը առնելով` համեմեցէք անոր կեաnքը:
Հին Իրերուն Երկրորդ Կեանք Մը Տանք
Հին Ակնոցներու Տուփերը Վերօգտագործելու
Հետաքրքրական Տարբերակներ
Յաճախ կը թափենք մեր հին ակնոցներուն տուփերը, անմիջապէս որ մեր ակնոցը փոխարինենք նորով մը. մինչդեռ այս դիմացկուն տուփերը կրնան ծառայել բոլորովին այլ նպատակներու եւ դիւրացնել մեր առօրեան:
Հին ակնոցներու տուփերուն կրնանք երկրորդ կեանք մը տալ յատկապէս ճամբորդութիւններու ընթացքին եւ այսպէս`
Ա.- Որպէս առաջին բուժօնութեան իրերու տուփ,
Գ.- Ելեկտրոնային սարքերու լարերու տուփ,
Դ.- Եղունգներու խնամքի պիտոյքներու տուփ,
Ե.- Ակռաներու խնամքի պիտոյքներու տուփ:
Խոհագիր
Գումպա
– 5 գաւաթ ալիւր
– 1 գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 գաւաթ եռացած ջուր
– Կէս գաւաթ մեղր
– 1 գաւաթ շաքար
– Կէս գաւաթ չամիչ
– 1 գաւաթ մանրուած ընկուզեղէն (ընկոյզ, նուշ, գետնանուշ եւ այլն…)
– 1 թէյի դգալ աղացած կասիա
– Կէս թէյի դգալ աղացած մշկընկոյզ
– Կէս թէյի դգալ աղացած հիլ
– Քառորդ թէյի դգալ մեխակ
– 2 ապուրի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– Կէս թէյի դգալ աղացած մահլեպ
– Կէս գաւաթ ճերմակ շուշայ
– Մետաղադրամ մը
Պատրաստութիւն
Տապակին մէջ ալիւրը թեթեւակի բովել, մինչեւ որ գունատուի: Ամանի մը մէջ լեցնել ալիւրը, աւելցնել` շաքարը, պէյքինկ փաուտըրը, համեմունքները, ձէթն ու եռացած ջուրը: Շաղել, մինչեւ որ թանձր խմոր մը ստացուի:
Խմորին աւելցնել մեղրը, չամիչն ու ընկուզեղէնը, կրկին շաղել, ապա տարածել ձէթով ծեփուած ափսէի մէջ, զետեղել մետաղադրամը: Ձեռքերը թրջել եւ հարթեցնել խմորին մակերեսը. զարդարել շուշմայով, ընկոյզով եւ նուշով: Թխել 175 ջերմաստիճանով շուրջ 25-30 վայրկեան, մինչեւ որ երեսը ոսկեգոյն դառնայ:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Խեղդուելու Չափ
Պէտք Ունիմ Ես
Լաւ ընկերոջ ու լաւ մարդկանց.
Ոչ մի թաւիշ շող ու շքեղ,
Ոչ մի գունեղ մետաղ ու գանձ.
Ոչ մի թռիչք` երկինք հասնող,
Փառքի կատար ամենախանձ,
Ու պարտադիր սուտ սէրերի,
Ոչ մի կպչուն սօսինձ ու սանձ:
Մաքուր, մաքուր ու լուսնատես,
Լուսաբացի ցուրտ օդի պէս.
Ես յոգնել եմ, յոգնել եմ ես
Ձեւացնելով ու ձգելով,
Չեղած լաւը սուտ փքելով,
Յոյս տալով ինձ, սպասելով,
Ու մեղաներ ինձ ասելով:
Տարիները եկել, դիզուել
Ծանրացել են թռիչք ու թափ,
Լաւ սրտերի պէտք ունեմ ես
Խեղդուելու չափ,
Խեղդուելու չափ:
ՄԱՐՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ




