Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Դպրոցէն ներս ուսուցիչին կերպարը մեծ ազդեցութիւն ունի երեխայի անձին ձեւաւորման վրայ: Յաճախ կը խօսուի երկու տարբեր մօտեցումներու մասին` խիստ եւ բարի ուսուցիչ:
Խիստ ուսուցիչը կը պահպանէ կարգապահութիւն, յստակ պահանջներ ունի եւ չի շեղիր կանոններէն: Անոր դասապահերուն աշակերտները կը սորվին` կարգապահութիւն, ժամանակի ճիշդ կառավարում, կարգ ու կանոն: Սակայն, եթէ խստութիւնը չափազանցուի, երեխան կրնայ վախնալ սխալելէ, փակուիլ եւ կորսնցնել ինքնավստահութիւնը:
Բարի ուսուցիչը երեխային հետ կը կառուցէ վստահութեան եւ ջերմութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւն: Ան կը լսէ, կը հասկնայ, կ՛աջակցի եւ կ՛ոգեւորէ: Այդպիսի միջավայրի մէջ երեխան ազատ կ՛արտայայտուի, աւելի համարձակ է եւ հաճոյքով կը սորվի: Բայց միայն բարութիւնը, առանց յստակ սահմաններու, կրնայ առաջնորդել անփութութեան եւ պատասխանատուութեան նուազումի:
Իսկական ուսուցիչը ունակ է համադրելու խստութիւնն ու բարութիւնը: Ան պահանջկոտ է, բայց արդար, խիստ է` առանց ճնշելու, բարի է` առանց սանձարձակութիւն թոյլ տալու:
Ուսուցիչին իրական ուժը ոչ թէ խստութեան կամ բարութեան մէջ է, այլ` անոնց խելամիտ հաւասարակշռութեան:
ԱՂԲԻՒՐ` «Սովորենք Սիրով»
Հետաքրքրական
Քաղաքային Կեանքը Կ՛ազդէ
Մեր Առողջութեան Վրայ
Մարդկութեան պատմութեան մէջ քաղաքները միշտ եղած են առաջընթացի, նորարարութեան եւ հնարաւորութիւններու կեդրոններ: Այսօր աշխարհի բնակչութեան աւելի քան 55 առ հարիւրը կը բնակի քաղաքներու մէջ, եւ այս թիւը կը շարունակուի աճիլ: Վիճակագրութիւններ ցոյց տուած են, որ քաղաքային կեանքը կրնայ բարձրացնել ընկճախտի եւ անհանգստութեան մակարդակը. այսպէս, քաղաքի մէջ մեծցած, ապրած մարդոց մօտ 21 առ հարիւրով աւելի բարձր է անհանգստութեան խանգարումներու զարգացման հաւանականութիւնը, իսկ 39 առ հարիւրով` տրամադրութեան խանգարումներու հաւանականութիւնը: Ահա՛ հիմնական պատճառները.
Ա.- Շրջակայ միջավայրի գործօնները.
Մնայուն աղմուկը, օդի ապականումը եւ չափազանց լուսաւորումը կրնան վնասել քունին եւ բարձրացնել ընկճախտի պատասխանատու հորմոնի` քորթիզոլի մակարդակը:
Բ.- Ընկերային մեկուսացում.
Հակառակ բազմութեան եւ մարդաշատ բնակչութեան` մեծ քաղաքներու մէջ դրացիներու հետ յարաբերութիւնները յաճախ մակերեսային են: Ասիկա կը յանգեցնէ ընկերային մեկուսացումի, ինչ որ դարձեալ ընկճախտի հիմնական պատճառներէն է:
Բնութեան Բացակայութիւն
Քաղաքի երկնաքերներուն մէջ մարդիկ յաճախ կը կորսնցնեն բնութեան հետ կապը, ինչ որ կենսականօրէն կարեւոր է հոգեկան առողջութեան համար:
Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ բնութեան հետ շփումը կը նուազեցնէ ընկճախտը, կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը եւ կը բարելաւէ կեդրոնանալու ունակութիւնը: Քաղաքը ապրող մարդիկ զրկուած են այս հնարաւորութենէն:
Լուծումներ
Քաղաքային կեանքի մարտահրաւէրները դիմակայելու համար հնարաւոր է գտնել հաւասարակշռութիւն եւ փոքրիկ լուծումներ`
Ա.- Աւելցնել կանաչ տարածքները` ստեղծելով փոքրիկ պարտէզ` մը պատշգամբը եւ կամ տունը կանաչապատել բոյսերով,
Բ.- Համայնքային կապեր հաստատել, կամաւորական աշխատանքներ կատարել` նուազեցնելու առանձնութեան զգացումը,
Գ.- Պարբերաբար անջատուիլ ընկերային ցանցերէն եւ բջիջային հեռախօսներէն` անոնց յատկացուած ժամանակը հոպիի մը տրամադրելով,
Դ.- Շաբաթավերջերուն փախուստ տալ` դէպի գիւղերը, բաց տարածութիւնները, խաղաղ բնութիւնը եւ մաքուր օդը:
Հիւսելու Առաւելութիւնները
Հիւսելը` բացի հաճելի ժամանց ըլլալէ, բազմաթիւ առաւելութիւններ ունի ֆիզիքական եւ մտաւոր առողջութեան վրայ: Ան հարստացնող զբաղում է, հասանելի բոլորին` անկախ տարիքէն:
Աւելի պարզ պատկերացում կազմելու համար ստորեւ` հիւսելու հիմնական առաւելութիւններուն մասին:
– Հոգեկան առողջութեան բարելաւում
Շարժումներու կրկնութիւնը եւ անհրաժեշտ կեդրոնացումը կ՛օգնեն կեդրոնանալու ներկայ պահին վրայ` ուշադրութիւնը շեղելով սեւ միտքերէն եւ նուազեցնելով ընկճախտը:
Հիւսելը կը խթանէ տոփամինի արտադրութիւնը` զարգացնելով հաճոյքի եւ բաւարարուածութեան զգացողութիւնը:
– Շարժիչ հմտութիւններու զարգացում
Հիւսելու ընթացքին կրկնուող շարժումները կը ներգրաւեն մատներու, ձեռքերու եւ թեւերու մկանները` նպաստելով շարժիչ հմտութիւններու բարելաւման: Ասիկա կրնայ յատկապէս օգտակար ըլլալ անոնց, որոնք կը տառապին արթրիտէ, քանի որ հիւսելը կ՛օգնէ պահպանելու յօդերու ճկունութիւնը:
– Իմացական կարողութիւններու ամրապնդում
Հիւսելը կը պահանջէ կեդրոնացում եւ հաշիւ, բան մը, որ կը խթանէ ուղեղին աշխատանքը: Որոշ ուսումնասիրութիւններու համաձայն, հաշիւը, տրամաբանութիւնը եւ ստեղծագործականութիւնը ներառող գործողութիւնները կ՛օգնեն կանխելու ճանաչողական անկումը եւ նոյնիսկ յետաձգելու մտագարութիւնը:
– Ընկճախտի նուազում
Հիւսելը նաեւ կը նուազեցնէ ընկճախտը: Հիւսքի ճաղերուն կրկնուող կշռոյթը եւ նախշին հետեւելու համար անհրաժեշտ կեդրոնացումը զգալիօրէն կը նուազեցնեն անձկութեան եւ ընկճախտի մակարդակը:
Կեդրոնանալով պարզ եւ կրկնուող առաջադրանքի վրայ, հիւսողը կրնայ խուսափիլ առօրեայ անհանգստութիւններէն` խթանելով հոգեկան հանգստութեան վիճակը:
– Ստեղծագործութեան խթանում
Վերջապէս, հիւսելը նաեւ ստեղծագործական խթանման աղբիւր է: Գոյներու, նախշերու եւ հիւսուածքներու ընտրութիւնը կը բանայ անձնական եւ գեղարուեստական արտայայտութեան լայն դաշտ:
– Ինքնագնահատականի բարձրացում
Հիւսելը շատ աւելին է, քան` պարզապէս ստեղծագործական աշխատանք: Ան նաեւ ինքնագնահատականը բարձրացնելու միջոց է: Յաջողութեամբ աւարտած իւրաքանչիւր գործ հմտութիւններու եւ նպատակասլացութեան ապացոյց է:
Գործուածքին վերաբերող իւրաքանչիւր գովասանք նաեւ կը բարձրացնէ ինքնագնահատականը եւ հպարտութիւն կը պատճառէ: Այսպիսով, հիւսելը կը դառնայ հիանալի միջոց` դէպի աւելի մեծ ինքնավստահութիւն եւ աւելի լաւ ինքնագնահատական:
Ձեռային Աշխատանք
«Ֆլանել» Շապիկներուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք
«Ֆլանել» շապիկները շատ մը զգեստապահարաններու անբաժանելի մասն են. անոնք յայտնի են իրենց յարմարաւէտութեամբ եւ ջերմութեամբ: Այնուամենայնիւ, երբ անոնք կը մաշին կամ կը դադրին նորաձեւ ըլլալէ, յաճախ կը նետուին աղբամաններու մէջ:
Ստեղծագործ մտածելով` մենք կրնաք այս շապիկները վերածել գործնական եւ ոճային իրերու. ստորեւ` հետաքրքրական գաղափարներ.
Հին «ֆլանել» շապիկները վերածեցէք`
զ – Ճինզ բաճկոններու յարդարանքներու:
Խոհագիր
Ծաղկակաղամբ
(Մարոքեան Պատրաստութիւն)
– 1 ծաղկակաղամբ
– 1 թէյի դգալ փոշի քիմիոն
– Կէս կապոց թարմ գինձ
– 2 – 3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 1 պճեղ ճզմուած սխտոր
– Կէս թէյի դգալ կարմիր փոշի պղպեղ
– 1 թէյի դգալ փոշի կոճապղպեղ
– 1 թէյի դգալ քրքում
– Աղ, սեւ փոշի պղպեղ
– 1 կիտրոն
Պատրաստութիւն
Ծաղկակաղամբը բաժնեցէք պզտիկ ծաղկաբոյլերու եւ 20 վայրկեան եփեցէք աղաջուրի մէջ: Եփած ծաղկաբոյլերը քամոցէ անցուցէք: Տապակի մը մէջ տաքցուցէք ձէթը, ապա աւելցուցէք ծաղկակաղամբը:
Վերը նշուած համեմունքները ցանեցէք կտորներուն վրայ, աւելցուցէք ճզմուած սխտորը, խառնեցէք եւ 6 վայրկեան տապկեցէք, մինչեւ որ ծաղկակաղամբի կտորները թեթեւակի կարմրին:
Վերջաւորութեան աւելցուցէք կէս կիտրոնի հիւթը, աղն ու սեւ համեմը:
Մատուցեցէք տաք կամ գաղջ` երեսը զարդարելով մանրուած գինձով եւ կիտրոնի շերտերով:
Այս բաղադրատոմսին կը յարմարին հետեւեալ թացանները.
ե.- կիտրոնով մածուն
բ.- կիտրոնով թահին
գ.- մեղր – մանանեխ
Գիտէ՞ք, Թէ…
– 1 գաւաթ հում ծաղկակաղամբը կը պարունակէ` ՍԷ. ՔԱ. եւ ՊԷ. 6 կենսանիւթեր, մանրաթել, մակնեզիոմ, փոթասիոմ եւ հակաօքսիտաններ:
– Ծաղկակաղամբին շնորհիւ` ձեր մարսողական համակարգը աւելի լաւ կ՛աշխատի, ձեր ուղեղը աւելի արդիւնաւէտ կը գործէ, ձեր արեան մէջ շաքարի մակարդակը աւելի կայուն կը մնայ, ձեր սրտին առողջութիւնը կը բարելաւուի:
– Պրոքոլիին, կաղամբին եւ պրիւսելի կաղամբին նման, ծաղկակաղամբը եւս հակաքաղցկեղային յատկութիւն ունի:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ռումբեր են կախուել աշխարհի գլխին,
Նստած է աշխարհն ռումբերի վրայ…
Աշխարհը մօր պէս դողում է կրկին
Իր ձեռքով ցանած հունդերի վրայ:
Հոգուս մէջ առել տագնապն աշխարհի
Ու միտք եմ անում իմ դերի վրայ.
Ամենաահեղ ռումբը դառնայի,
Պայթէի բոլոր ռումբերի վրայ:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ








