Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Տեսէ՛ք, թէ հնարամիտ մայր մը ի՛նչ միջոցի դիմած է ձանձրացած իր մանչուկին խաղ-զբաղում մը ապահովելու համար: Անշուշտ այս հնարքը որոշ տարիքի փոքրիկներու կը յարմարի, բայց խոստովանինք, որ բաւական խելամիտ միջոց է զայն զբաղեցնելու համար:
Խոհանոցի պահարանէն հանեցէք սնունդի համար օգտագործուող բոլոր փլասթիք տուփերը` իրենց կափարիչներով միասին, եւ ձեր երեխայէն պահանջեցէք, որ իւրաքանչիւր տուփի կափարիչը գտնէ ու փակէ զայն: Այս պարզ թուացող զբաղումը երեխայէն կը պահանջէ կեդրոնացում` իրերու ձեւի եւ չափի վրայ, ինչպէս նաեւ` յարատեւութիւն եւ համբերութիւն:
Կ՛արժէ փորձել…
Սննդաբանին Կարծիքով
Ուղեղին Աշխատանքը Բարելաւելու
Սննդամթերքներ
Ոչ մէկ սննդամթերք չի կրնար մեզ խելացի դարձնել, սակայն կան սննդամթերքի խումբեր, որոնք կը նպաստեն ճանաչողական աշխատանքին. իւղոտ ձուկեր, ինչպիսիք են` սաղմոնը, թոնը, կարմրախայտը, որոնք օմեկա-3-ի աղբիւրներ են: Իսկ սննդաբաններու կարծիքով, օմեկա-3-ը կը նպաստէ յիշողութեան եւ կեդրոնացումի բարելաւման եւ կը նուազեցնէ ճանաչողական խանգարումներու վտանգը:
Սննդաբաններու խօսքով, ընկոյզը նոյնպէս օգտակար է ուղեղի աշխատանքին: Ան կը պարունակէ բազմաթիւ առողջ իւղեր, Էօ. կենսանիւթ եւ հակաօքսիտաններ, որոնք կ՛ապահովեն ուղեղին առողջ գործունէութիւնը:
Պէտք չէ մոռնալ նաեւ հաւկիթը, որ կը պարունակէ քոլին նիւթը, որ անհրաժեշտ է յիշողութեան գործընթացին:
Վերջապէս, կարմիր հատապտուղները, սեւ տուրմը, կանաչ բանջարեղէնները, քրքումը, սուրճը, թէյը եւ ամբողջական հացահատիկները ոչ միայն կը նպաստեն յիշողութեան եւ կեդրոնացումին, այլեւ պաշտպանող ազդեցութիւն ունին ճանաչողական անկման դէմ:
Մորթի Խնամք
Գետնախնձորով Դէմքի Ծեփուկներ
Գետնախնձորը բնական բաղադրիչ է, որ յաճախ կ՛անտեսուի մորթի խնամքին մէջ, մինչդեռ ան իսկական գանձ մըն է, հարուստ` կենսանիւթերով, հանքայիններով: Անկախ անկէ, որ դուք ունիք չոր, իւղոտ, զգայուն, գունատ թէ ջրազրկուած մորթ, կայ գետնախնձորի ծեփուկ` իւրաքանչիւր մորթի տեսակի համար:
Ստորեւ տնական գետնախնձորի ծեփուկներ` առողջ, փայլուն մորթ ձեռք ձգելու համար:
Զգայուն Մորթի Համար
Բաղադրիչներ` 1 գետնախնձոր, 1 ապուրի դգալ մեղր:
Պատրաստութիւն` գետնախնձորը քերոցէ անցընել, աւելցնել մեղրը եւ ստացուած մածուկը տարածել դէմքին եւ վիզին վրայ: Սպասել 15-20 վայրկեան, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:
Չոր Մորթի Համար
Բաղադրիչներ` 1 գետնախնձոր, 1 ապուրի դգալ հեղուկ սեր:
Պատրաստութիւն` գետնախնձորը խաշել, ճզմել եւ խիւսի վերածել: Աւելցնել սերը եւ ստացուած խիւսով ծեփել դէմքը: Սպասել քառորդ ժամ, ապա ցօղուել պաղ ջուրով:
Գունատ Մորթի Համար
Բաղադրիչներ` 1 գետնախնձոր, 1 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ:
Պատրաստութիւն` գետնախնձորը քերոցէ անցընել, քամել եւ ստացուած հիւթին կիտրոնի հիւթը աւելցնել: Լուծոյթը քսել դէմքին եւ ձգել 10-15 վայրկեան, ապա լուալ գաղջ ջուրով:
Իւղոտ Մորթի Համար
Բաղադրիչներ` 1 գետնախնձոր, 1 ապուրի դգալ մածուն:
Պատրաստութիւն` գետնախնձորը քերոցէ անցընել, աւելցնել մածունը եւ խառնուրդը տարածել դէմքին եւ վիզին վրայ: Սպասել քառորդ ժամ, ապա ցօղուել գաղջ ջուրով:
Դէմքի Բշտիկներու Համար
Բաղադրիչներ` 1 գետնախնձոր, 1 ապուրի դգալ խնձորի քացախ:
Պատրաստութիւն` գետնախնձորը քերոցէ անցընել եւ քամել` հիւթը ստանալու համար. աւելցնել քացախը եւ լուծոյթը քսել բշտիկներուն վրայ. սպասել քառորդ ժամ եւ ցօղուել գաղջ ջուրով:
Գետնախնձորով ծեփուկները, բաղդատած շուկան վաճառուող սուղ գեղեցկագիտական արտադրութիւններուն, թէ՛ բնական եւ թէ՛ աժան ըլլալու առաւելութիւնը ունին. ուրեմն` ինչո՞ւ չփորձել:
Գիտէ՞ք, Թէ…
– Կոճապղպեղով թէյը կը բուժէ բորբոքումները եւ բնական ցաւազրկիչ մըն է: Անանուխով թէյը կը կանոնաւորէ մարսողական համակարգը: Խատուտիկով թէյը մարմնին մէջ կուտակուած աւելորդ ջուրը կը պարպէ մէզի ճամբով: Կասիայով թէյը կը կարգաւորէ շաքարին տոկոսը արեան մէջ: Կանաչ թէյը կը կարգաւորէ քոլեսթերոլի մակարդակը եւ կ՛օգնէ մարմնին` այրերու յաւելեալ ճարպը: Երիցուկով թէյը կը թեթեւցնէ ընկճախտը եւ կը թուլացնէ մարմինը: Լաւանտով թէյը կ՛օգնէ քունին` ապահովելով արագ եւ որակեալ քուն:
* * *
– Դափնիի տերեւը միայն կերակուրներու մէջ օգտագործելու համար չէ: Պահարանին դարաններուն վրայ զետեղուած տերեւները կը հեռացնեն ցեցերը: Ալիւրի կամ ընդեղէններու շիշերու մէջ զետեղուած դափնիի տերեւները իրենց հոտով կը վանեն բոլոր տեսակի ճճիները: Սենեակին մէջ վառած դափնիի տերեւները կը վանեն ճանճերն ու մժեղները:
Մարզանքի կօշիկներուն գարշահոտը կը չէզոքանայ, եթէ անոնց մէջ ամբողջ գիշեր մը դափնիի տերեւներ պահուի: Լոգարանին ջուրին մէջ նետուած դափնիի քանի մը տերեւ կը թուլացնեն ու կը հանգստացնեն մարմինը:
* * *
– Նոր եփած, տաք հաւու կրծքամիսը իր հիւթէն կը պարպուի, եթէ անմիջապէս կտրատուի. պէտք է սպասել, որ 10 վայրկեան հանգչի, որպէսզի հիւթեղ մնայ եւ ոչ թէ ցամքի ու կարծրանայ:
Սառցարանէն ելած հաւը երբեք սենեկային ջերմութեամբ «չհալեցնել», այլ` սառնարանին յարկերուն վրայ: 12 ժամ հաշուել հաւի կտրատուած կտորներու համար եւ 24 ժամ` լման հաւի մը պարագային:
* * *
– Պրոքոլիին Սէ. կենսանիւթը կ՛օգնէ լեարդի բնական մաքրման գործընթացին: Եթէ մարզումներէ ետք մկանները երկար ժամանակ կը ցաւին, նարինջին Սէ. կենսանիւթը կ՛օգնէ մկաններու վերականգնման աշխատանքին: Եթէ տեսողութիւնը կը վատանայ եւ աչքերը արագ կը յոգնին, թարմ կարմիր պղպեղին Սէ. կենսանիւթը կ՛օգնէ պաշտպանելու աչքերուն առողջութիւնը եւ կանխելու աչքերու հետ կապուած խնդիրները: Հիւանդութիւններէ ետք արագ վերականգնելուն կ՛օգնէ ելակին Սէ. կենսանիւթը: Քիուիին Սէ. կենսանիւթը կը բարելաւէ նեարդային համակարգը, կը մեղմացնէ ընկճախտը եւ կը նպաստէ քունին: Լինտերու արիւնահոսութիւնը եւ ակռաներու թուլացումը կը կարգաւորէ անանասին Սէ. կենսանիւթը:
Խոհագիր
Մուսախխան
Մուսախխանը պաղեստինեան աւանդական ուտեստ է: Մուսախխանի խրթխրթան գլանափաթթոցներ ստանալու համար անհրաժեշտ են`
– Խաշած հաւու միս (գզգզած)
– Սոխ (համաչափ, բարակ շերտուած)
– Ձիթապտուղի ձէթ
– Աղտոր (սումախ, հիմնական համեմն է), աղ
– Սաժ հաց (կամ որեւէ այլ տարբերակ)
Բաղադրիչներուն քանակը կախեալ է անձերու թիւէն:
Պատրաստութիւն
Խորունկ տապակի մէջ առատ ձիթապտուղի ձէթ լեցնել, աւելցնել շերտուած սոխերը եւ տապկել, մինչեւ որ սոխերը փափկանան եւ ապա շէկ գոյն ստանան:
Տապկուած սոխին աւելցնել գզգզած հաւու միսը, խառնել եւ համեմել առատ աղտորով եւ աղով: 5-10 վայրկեան եփելէ ետք, կրակը անջատել եւ սպասել, որ խառնուրդը պաղի:
Սաժ հացը (նայած մեծութեան) 8 կամ 16 եռանկիւնի բաժնել: Եռանկիւններուն լայն մասին վրայ միջուկ դնել, խմորին ծայրամասերը դէպի ներս ծալելով` գլաններ ձեւաւորել: Վերջամասին քսել ջուրով եւ ալիւրով պատրաստուած մածուկ, որպէսզի գլանները չբացուին:
Ափսէին յատակը ձիթապտուղի ձէթով ծեփել եւ գլանափաթթոցները քով քովի շարել, վրձինի միջոցով երեսը ձիթապտուղի ձէթով ծեփել, աղտորով զարդարել եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել 15-20 վայրկեան, մինչեւ որ գլանափաթթոցները ոսկեգոյն դառնան:
Թելադրելի է, որ մուսախխանի գլանափաթթոցները մատուցուին տաք, երբ անոնք տակաւին խրթխրթան են:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Նմանութիւն
Եթէ մի օր, անուշ ընկեր,
Գաս այցելու իմ շիրմին
Ու նորաբոյս վառ ծաղիկներ
Տեսնես փռուած չորս կողմին,
Դու չկարծես, թէ հասարակ
Ծաղիկներ են ոտքիդ տակ,
Կամ թէ գարունն է այն բերել,
Իմ նոր տունը զարդարել:
Նրանք չերգած իմ երգերն են,
Որ սրտումս ես տարայ,
Նրանք սիրոյ էն խօսքերն են,
Որ դեռ չասած ես մեռայ:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
Այսօր (19 փետրուար 1869) Ամենայն Հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան տարեդարձն է:
Այսօր նաեւ գիրք նուիրելու օր է: Այս օրը ընտրուած է ի պատիւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրուան: Տօնին նպատակն է` ընթերցանութեան եւ գիրքի նկատմամբ սէր փոխանցել նոր սերունդներուն, զանոնք հաղորդակից դարձնել գրականութեան ու հոգեւոր մշակութային արժէքներուն:
Նշենք, որ բանաստեղծը բարձր ուսում չէր ստացած, բայց խոր գիտելիքներ ստացեր էր ինքնակրթութեամբ: Իր կարճատեւ ու դժուար կեանքի ընթացքին շուրջ 10 հազար գիրք հաւաքած էր. անոնցմէ 8150-ը պահպանուած են, մնացեալը փոխ առեր են ու չեն վերադարձուած…
Յ. Թումանեան ըսած է. «Պէտք է կարդալ, ամէն մի կարդալը մի բան է տալիս ու աննկատելի կերպով ամբարւում է, բան դառնում»:


