Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Քուրսին փայտէ ցածրադիր սեղան էր, որուն շուրջ ընտանիքը կը խմբուէր ձմրան եղանակին: Փայտաշէն, ամուր կառուցուածքով ցածրադիր սեղանին տակ կը դրուէր կրակարանը, իսկ վրան կը փռուէր մեծ ու տաքուկ վերմակ մը (երբեմն` կարպետ մը), որ կը ծածկէր ամբողջ սեղանը եւ կ՛իջնէր ամբողջ սեղանը եւ կ՛իջնէր մինչեւ քուրսիին շուրջ հաւաքուածներուն ոտքերը:
Ընտանիքին անդամներն ու հիւրերը իրենց ոտքերը կ՛երկարէին սեղանին տակ, կրակարանին մօտիկ, իսկ մեծ, երկար վերմակով կը ծածկէին իրենց ոտքերը:
Կարգ մը տուներու մէջ քուրսին կը զետեղուէր մարած թոնիրին վրայ. լաւաշ թխելու արարողութիւնը կամ կերակուր պատրաստելը աւարտելէ ետք, ընտանիքը կը հաւաքուէր ու կը նստէր թոնիրին շուրջ` ոտքերը կախ, իսկ քուրսին կը դրուէր վրան: Հոն էր, որ ընտանիքը կը ճաշէր ու կը զրուցէր:
Քուրսիի այս իւրօրինակ ծէսը ունեցեր է նաեւ բուժիչ յատկութիւններ:
Սննդագիտական–Առողջապահական
Ի՞նչ Կը Պատահի, Եթէ Օրական
Քիչ Մը Ընկոյզ Ուտէք
Օգտակար իւղերով, կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ ընկոյզը կը նպաստէ ամէն ինչի` սրտի առողջութենէն մինչեւ ուղեղի գործառոյթը, եւ նոյնիսկ` տրամադրութեան:
Եկէ՛ք, աւելի մանրամասն քննարկենք, թէ ի՛նչ կ՛ըսեն գիտութիւնն ու բժիշկները ընկոյզի ամէնօրեայ օգտագործման մասին:
Ա) Ձեր սիրտը կը դառնայ աւելի ուժեղ եւ առողջ: Ընկոյզը հարուստ է օմեկա-3 ճարպաթթուներով, մասնաւորապէս` alpha-linolenic acid-ով, որ կ՛օգնէ նուազեցնել` մարմնին բորբոքումները:
Բժիշկները կը նշեն, որ ընկոյզի կանոնաւոր օգտագործումը կրնայ` նուազեցնել վատ քոլեսթերոլը, բարելաւել արեան անօթներու գործառոյթը եւ նուազեցնել սիրտի հիւանդութիւններու եւ կաթուածի վտանգը:
Բ) Ձեր ուղեղին գործառոյթը կը բարելաւուի: Սննդաբանները յաճախ ընկոյզը կ՛անուանեն «ուղեղի սնունդ»: Ամէն օր ընկոյզ ուտելը կրնայ օգնել` բարելաւելու յիշողութիւնն ու կեդրոնացումը, պաշտպանել ուղեղին բջիջները մաշեցնող ընկճախտէ եւ աջակցիլ ճանաչողական գործառոյթին:
Գ) Ձեր աղիքներուն գործառոյթը կը բարելաւուի: Վերջին հետազօտութիւններ կ՛ընդգծեն ընկոյզին ազդեցութիւնը աղիքային մանրէներուն վրայ: Երբ օրական ընկոյզ ուտէք մարսողական համակարգի առողջութիւնը կը բարելաւուի եւ աղիքային բորբոքումները կը նուազին:
Առողջ աղիքները կը նպաստեն ոչ միայն մարսողական համակարգին, այլեւ` դիմադրողականութեան եւ նոյնիսկ մորթի առողջութեան:
Դ) Ձեր ախորժակը կը կարգաւորուի: Բժիշկները կը բացատրեն, որ ընկոյզը կ՛օգնէ կարգաւորելու ախորժակը, քանի որ ան հարուստ է մանրաթելերով, սպիտակուցներով եւ առողջ իւղերով:
Ընկոյզի ամէնօրեայ օգտագործումը կրնայ` նուազեցնել անօթութեան զգացումը, կանխել շատակերութիւնը եւ օգնել կայունացնելու արեան մէջ շաքարի մակարդակը:
Մարդիկ, որոնք ընկոյզ կը ներառեն հաւասարակշռուած սննդակարգի մէջ, ուտելէ ետք աւելի երկար ժամանակ բաւարարուածութիւն կը զգան:
Բժիշկները Կը Զգուշացնեն
Թէեւ ընկոյզը շատ առողջարար է, այսուհանդերձ, բժիշկները կը շեշտեն անոր չափաւոր օգտագործումը: Չափէն աւելի ընկոյզ ուտելը կրնայ անցանկալի կողմնակի ազդեցութիւններ յառաջացնել, ինչպէս` մարսողական համակարգի անյարմարութիւն (փքուածութիւն, լոյծ…), գիրութիւն` բարձր ջերմուժի պատճառով, եւ գերզգայնութիւններ:
Չափահասներու մեծամասնութեան համար բժիշկները խորհուրդ կու տան օրական պզտիկ ափ մը (7-10 հատ) ընկոյզ ուտել` օգտուելու համար անոր անհամար բարիքներէն:
Ոճաբաններու Կարծիքով
Աքսեսուարները Ճիշդ Կրելու
Ոսկի Կանոնները
Ոճը միջոց է` առանց խօսքերու ներկայացնելու մարդու էութիւնը: Յաճախ կարեւորութիւն կու տանք հագուստին եւ կը մոռնանք աքսեսուարներուն կարեւորութիւնը:
Նորաձեւութեան աշխարհին մէջ աքսեսուարները կարեւոր դեր կը խաղան. անոնք մեր անհատականութիւնը արտայայտելու եւ մեր կրած հագուստը նրբօրէն լրացնելու բանալիներն են: Այնուամենայնիւ, անոնց ուժը երկկողմանի սուր է. խելամիտ ընտրութիւնը կրնայ արժեւորել մեր հանդերձանքը, բայց մէկ սխալը կրնայ խաթարել զայն: Աքսեսուարները արդիւնաւէտ կերպով ընտրելու համար կարեւոր է գտնել համարձակութեան եւ զսպուածութեան միջեւ կատարեալ հաւասարակշռութիւն:
Ստորեւ` Աքսեսուարները
Ճիշդ Կրելու Ոսկի Կանոնները
Ա.- Միաժամանակ 7 աքսեսուարէն աւելի չկրել: Առաջին կանոնը չափաւորութիւնն է. աքսեսուարներուն կուտակումը կը ստեղծէ տեսողական խառնաշփոթ, որ կը խաթարէ հանդերձանքին ընդհանուր տպաւորութիւնը:
Բ.- Աքսեսուարները պէտք է համապատասխանացուին մարմնի ձեւին, կազմուածքին: Օրինակ` մեծ չափի պայուսակ մը կրնայ ծանրաբեռնել փոքրակազմ մարմինը, մինչդեռ «փոշեթ» պայուսակ մը` աննկատ անցնիլ բարձրահասակ կազմուածքի վրայ: Գօտի մը կրնայ ընդգծել նուրբ իրան մը եւ կամ շեշտել փորի հատուածի թերութիւնը:
Գ.- Ներդաշնակեցնել նիւթերը, գոյներն ու ոճերը: Ներդաշնակութիւն` չի նշանակեր միատարրութիւն. խօսքը աւելի շատ ներդաշնակ գունապնակ ստեղծելու մասին է:
Դ.- Հաշուի առնել` առիթը, վայրը, օրուան ժամը: Օրինակ` կարելի չէ կալայի երեկոյի մը, պատարագի արարողութեան մը, ծնողական ժողովի մը կամ հիւանդի այցելութեան մը ընթացքին նոյն տիպի աքսեսուարներ կրել:
Ե.- Մի՛շտ գնել թէկուզ քիչ, սակայն բարձրորակ աքսեսուարներ. խուսափիլ աժան, անորակ տեսակներէն: Երբեք չկրել աժան կրծքազարդ մը` շքեղ երեկոյեան զգեստի մը հետ:
Զ.- Եթէ իւրաքանչիւր առիթի համապատասխան պայուսակ, կօշիկ կամ զարդեր գնելու հնարաւորութիւն չկայ, ընտրել դասական ոճեր, որոնք կատարեալ կը համապատասխանեն գրեթէ բոլոր առիթներուն:
Է.- Փորձել ստեղծել ներդաշնակ ոճ` օգտագործելով աքսեսուարներ, որոնք կը լրացնեն ընդհանուր կերպարը: Ուշադրութիւն դարձնել երանգներուն, ձեւերուն, համատեղելիութեանը: Աքսեսուարներու ճիշդ ընտրութիւնը յաջող կերպարի գրաւականն է: Կերպարը անհատականացնելու աւելի ճիշդ միջոց չկայ, քան` համապատասխան աքսեսուարներ ընտրելը:
Ը.- Չչափազանցել աքսեսուարներու թիւը: Աքսեսուարները պէտք է միայն ընդգծեն զիրենք կրողին գրաւչութիւնը եւ մանաւանդ` չծանրաբեռնեն իրենց քանակով:
Ահաւասիկ` Նորաձեւութեան Աշխարհի
Մեծագոյն Վարպետներու Կարծիքները
ԳՕԳՕ ՇԱՆԵԼ. «Աքսեսուարներ կրելու ժամանակ հանեցէք այն, որ վերջինը աւելցուցիք: Այլ խօսքով, աքսեսուարները մի՛ չափազանցէք»:
ՔՐԻՍԹԻԱՆ ՏԻՈՐ. «Բազմաթիւ կիներ կը կարծեն, որ կօշիկները կարեւոր չեն, երկրորդական են, մինչդեռ կնոջ վայելչութեան անբաժան մասնիկներն են այն, ինչ որ կը կրեն իրենց ոտքերուն:
ՃՈՐՃԻՕ ԱՐՄԱՆԻ. «Աքսեսուարներուն դերը օրէ օր կ՛աւելնայ. գումար տրամադրեցէք կօշիկի, գօտիի, պայուսակի, փողկապի համար: Անոնց միջոցով կը թարմացնէք տարիներէ ի վեր կրած ձեր հագուստները:
ՔՐԻՍԹԻԱՆ ՏԻՈՐ. «Առանց գլխարկի կինը կարծէք կիսատ հագուած ըլլայ»:
ԳՕԳՕ ՇԱՆԵԼ. «Օծանելիքը անտեսանելի, բայց անմոռանալի ու անգերազանցելի աքսեսուար է: Անիկա կ՛ազդարարէ կնոջ գալուստը եւ կը շարունակէ յիշեցնել անոր մասին, երբ ան արդէն մեկնած է»:
Խոհագիր
Պասուց Փաթթոց
Կէս գաւաթ կիսաեփ մեծ ձաւար
Կէս գաւաթ կիսաեփ կարմիր լուբիա
կէս գաւաթ կիսաեփ ոսպ
Կէս գաւաթ կիսաեփ բրինձ
Կէս գաւաթ կիսաեփ (կեղեւազերծուած) սիսեռ
Խոշոր կաղամբ մը
2 հատ միջակ չափի մանրուած սոխ
2 ապուրի դգալ լոլիկի մածուկ
Կէս գաւաթ մանրուած ազատքեղ
Կէս թէյի դգալ չոր ռեհան
Աղ, սեւ պղպեղ, կարմիր փոշի պղպեղ
Կէս գաւաթ ձէթ
Պատրաստութիւն
Ձէթին մէջ տապկել սոխը, մինչեւ թափանցիկ դառնայ: Աւելցնել լոլիկի մածուկը եւ բոլոր կիսաեփ ընդեղէնները: Շարունակել տապկել 2-3 վայրկեան: Աւելցնել ազատքեղն ու համեմները, խառնել եւ ձգել, որ քիչ մը պաղի:
Խաշած կաղամբի տերեւներուն մէջ միջուկ լեցնել, փաթթել եւ կաթսային մէջ քով-քովի խիտ շարել եւ երեսը պնակ մը զետեղել:
Աղ-ջուր պատրաստել, լեցնել փաթթոցին (սարմա) վրայ, մինչեւ երեսը ծածկուի: Եփել 25-30 վայրկեան` միջին կրակի վրայ: Մատուցել գաղջ կամ պաղ:
Եթէ ձեռքի տակ սալորաչիր ունիք, փաթթոցին (սարմա) կաթսային մէջ շարելու ատեն տեղ-տեղ սալորաչիր մը զետեղեցէք եւ մատուցման ժամանակ ձեր պասուց փաթթոցը զարդարեցէք այդ համեղ եւ հիւթեղ սալորաչիրերով:
***
Յառաջիկայ կիրակի Մեծ պահքի առաջին օրն է: Մեծ պահք կը կոչուի պահքերուն մէջ ամէնէն երկարատեւը ըլլալուն պատճառով: Այս պահքը կը կոչուի նաեւ քառասնորդաց` քառասուն օր տեւելուն համար: Քառասուն օրերը կը խորհրդանշեն անապատին մէջ Քրիստոսի քառասնօրեայ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը:
Պահքը կամաւոր ինքնազրկում եւ զսպուածութիւն է ուտելիքին նկատմամբ: Հրաժարում` կենդանական ծագում ունեցող ուտելիքներէ (բացի մեղրէն) եւ ոգելից խմիչքներէն: Պահքի ընթացքին հաւատացեալները նաեւ կը հրաժարին` մոլի սովորութիւններէ, շատախօսութենէ, ստախօսութենէ, հայհոյանքէ եւ այլ մեղքերէ:
Պահքը ինքնաքննութեան ու խոկումի ժամանակաշրջան է: Պահքի շրջանին կը թելադրուի աղօթել եւ հաղորդուիլ Աստուծոյ հետ, նաեւ` ջանալ բարիք գործել, այսինքն` օգնել եւ օժանդակել համայնքի հաստատութիւններուն բարեսիրական միութիւներուն, նիւթական եւ հոգեւոր օժանդակութիւն ցուցաբերել աղքատ ու հաշմանդամ մարդոց եւ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիք ունին: Կարելի է նաեւ ժամանակ տրամադրել ազնիւ նպատակներու եւ գործերու` այցելելով հիւանդներու, որբերու, սգաւորներու, տարեցներու եւ այլն…
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Խորհուրդ Վարդանանց
Ա.
Գիշեր մը երբեք այսպէս լուռ ու լուրջ,
Չէ դիզուած հսկայ բանակի մը շուրջ:
Եւ բանակ մ՛երբեք խաւարին մէջտեղ,
Չէ եղած այսպէս լուսագեղ, անմե՜ղ:
Երկինքն այս գիշեր երկիրը կ՛օրրէ
Հոգիներն Հայոց իրմով կը խմորէ:
Հոս խաչեր եւ հոն սաղաւարտ ու սուր`
Խաւարի ծովում շիթերն են մաքուր:
Խըթո՜ւմ է կարծես.- «Ամէն կողմ ահա
Կոչնակներու կանչն հանդարտ կը թրթռայ:
Ամէն կողմ սեղան, մոմեր, երէցներ,
Բանակը ճաշակ կ՛առնէ այս գիշեր:
Էն վերջը Վարդան` գլխաբաց, հետի,
Կու գայ հաղորդուիլ արեա՛մբն Յիսուսի:
Բ.
Դաշտն` արշալոյսին խունկ է, կը մըխա՜յ,
Զէնքերու շաչիւնն իր շուրջն է ծնծղայ:
Թշնամի բանակն ամպի պէս խաւար,
Կ՛երեւայ հեռուն եւ կը սահի վար…:
– «Վասըն Յիսուսի, Վասըն Հայրենեաց`
Յառա՜ջ», Վարդանի ձայնը հո՛ն գոռաց…:
Քիչ յետոյ արդէն խառնուրդն է անհուն…
Կեանքէ կեանք կ՛երթան զինուորներն Հայուն…:
Կը նետուին ընդդէմ սուրի՛ն, նիզակի՛ն,
Որոնք խաչերուն վրայ կը կոտրին:
Վարդան, իր ճերմակ ձիով, զըրահով,
Ամէնքէն առաջ, ամէնքին է քով:
– «Յաղթեցինք կ՛ըսէ Պարսիկը փախաւ…»
Եւ կ՛իյնա՜յ` տալով իր հոգին անբաւ…:
Գ.
Մութցած երկինքին ներքեւ` արեւի
Ճաճանչ մը, յանկարծ, գետնէն կը ծագի:
Եւ մութցած, սառած դէմքերուն անշէջ,
Կը մտնէ՜ ամէն Հայու հոգւոյն մէջ:
Վարդանի հոգին, հըրագո՛ւնտ անշէջ,
Կը մտնէ՜ ամէն Հայու հոգւոյն մէջ:
Հոգիներուն մէջ ան կ՛երթայ առաջ`
Հոգիներէն դուրս ցըցած սուր ու խաչ:
Կը զարնէ խաչովն ու սուրովն գիր,
Կը գըրէ, կ՛օրհնէ՜ Վարդանը կարմիր:
Դարերը կ՛անցնին` բայց Վարդա՛նը Քաջ,
Բայց Վարդա՛նը Սուրբ կ՛երթայ միշտ առաջ:
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ



