Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Նոր տարուան տօնական սեղանը աւելին է, քան` պարզապէս ճաշկերոյթ. ան խորհրդանիշ է, որ կը կանխագուշակէ եւ կը ձեւաւորէ գալիք տարին: Հնագոյն հաւատալիքներու համաձայն, այն¬ ինչ մենք կ՛ուտենք Նոր տարուան նախօրէին կամ առաջին օրը, կ՛ապահովէ` մեր բախտը, հարստութիւնը եւ առողջութիւնը յաջորդ 12 ամիսներուն համար:
Աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ կ՛օգտագործեն այնպիսի մթերքներ, որոնք կ՛արտացոլացնեն իրենց փափաքները` մետաղադրամի տեսքով հատիկներ, որոնք հարստութիւն կը խորհրդանշեն, երկարաւուն դդմաճներ` երկարակեցութիւն, կամ խոզի միս, որ բարգաւաճութիւն կը խորհրդանշէ: Եւ այսպէս`
Հայաստան
Հայկական Ամանորեայ սեղանը մշտապէս առանձնացեր է իր ծաւալով եւ բազմազանութեամբ, որ կը խորհրդանշէ գալիք տարուան բերրիութիւնը:
– Խորոված խոզի պուտը` աւանդական հայկական սեղանի գլխաւոր զարդը, կը խորհրդանշէ բարգաւաճում եւ առատութիւն:
– Գաթան եւ փախլաւան, ինչպէս նաեւ տարբեր չիրեղէնները կ՛ապահովեն գալիք տարուան «քաղցրութիւնը»:
– Ղափաման` դդումով, բրինձով, չիրերով, ընկուզեղէնով եւ մեղրով պատրաստուած այս ուտեստը կը խորհրդանշէ բերքառատութիւն եւ բազմազանութիւն:
Մեքսիքա
Մեքսիքայի մէջ Նոր տարին կը նշուի ընտանեկան մեծ հաւաքոյթներով:
– Թամալեսը եգիպտացորենի խմորով պատրաստուած ուտեստ է, որուն մէջ միս, պանիր եւ մրգեղէն կը լեցուի եւ կը փաթթուի եգիպտացորենի կամ պանանի տերեւով ու կը շոգեխաշուի:
Թամալեսը մեծ աշխատանք կը պահանջէ եւ զայն կը պատրաստեն ընտանիքին բոլոր անդամները: Թամալեսը միասնութեան խոհրդանիշ է եւ առատ տօնական սեղանը կիսուելու աւանդութիւն:
Սպանիա
Սպանիոյ Նոր տարուան գիշերը կը կրէ «Ամանորեայ 12 խաղողի հատիկներ» աւանդութիւնը: Երբ Մատրիտի Փուետրա տել սոլ հրապարակի ժամացոյցը կէսգիշերին սկսի հնչելու, իւրաքանչիւր սպանացի պէտք է մէկ խաղողի հատիկ ուտէ ժամացոյցի 12 զարկերէն իւրաքանչիւրին համար:
Իւրաքանչիւր հատիկ կը խորհրդանշէ յառաջիկայ տարուան մէկ ամիսը: Այս «մրցավազքը» յաջող աւարտելու պարագային, յառաջիկայ 12 ամիսները կ՛ըլլան երջանիկ եւ յաջողակ:
Իտալիա
Իտալացիներու Ամանորեայ սեղանի անփոխարինելի ուտեստը ոսպն է: Իտալացիք կը հաւատան, թէ որքա՛ն շատ ոսպ ուտեն Նոր տարուան գիշերը, այնքան շատ կը հարստանան յառաջիկայ տարի:
Ոսպին կլորաւուն, տափակ ձեւը շատ նման է հնագոյն հռոմէական մետաղադրամներուն, եւ ան կը համարուի հարստութեան եւ բարգաւաճութեան բացարձակ խորհրդանիշ:
Ճափոն
Ճափոնի մէջ Նոր տարուան գիշերը մատուցուող ուտեստները լի են մշակութային խորհրդանիշներով:
– Թոշիկոշի սոպան պարտադիր ուտեստ է` պատրաստուած երկար, բարակ հնդկացորենի դդմաճով: Ան կը խորհրդանշէ երկարակեցութիւն եւ բարեկեցութիւն. զայն պէտք է կլլել առանց կտրելու, որպէսզի կեանքի թելը չկտրուի…
Սպանացիին խաղողի հատիկները, իտալացիին ոսպը, ճափոնցիին սոպան, մեքսիքացիին թամալեսը եւ հայուն խոզի պուտը մէկ նպատակի կը ծառայեն` խորհրդանշականօրէն «ուտել» յաջողակ ապագայ:
Հետաքրքրական
Ինչպէ՞ս Սովորական Հացը Դարձաւ
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութիւն
Լաւաշը աւելին է, քան` պարզապէս սնունդ. ան ինքնութեան, համայնքի եւ սերունդներու միջեւ կապի խորհրդանիշ է: Եկէ՛ք ծանօթանանք, թէ ինչպէ՛ս կրցաւ այս համեստ թուացող հացը գրաւել աշխարհի ուշադրութիւնը եւ արժանանալ մարդկութեան ամենահեղինակաւոր կոչումներէն մէկուն` ընդգրկուելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ:
Լաւաշի Թխման Արուեստն Ու Ծէսը
Լաւաշին ուժը ոչ թէ բաղադրատոմսին, այլ անոր պատրաստման մշակոյթին մէջ է: Աւանդաբար լաւաշ թխելը կիներու գործ է, որ հմտութիւն, համբերութիւն եւ խմբային աշխատանք կը պահանջէ: Գործընթացը ծիսակարգի նման է, որուն կեդրոնը թոնիրն է` հայկական տան սիրտը, որ կը խորհրդանշէ արեւը եւ կեանքը:
– ԽՄՈՐԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ. պարզ բաղադրիչներէ (ալիւր, ջուր եւ աղ) պատրաստուած խմորը կը հունցուի, գունդերու կը վերածուի եւ կը ձգուի` հանգստանալու:
– ԽՄԲԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ. կիները կը հաւաքուին թոնիրին շուրջ: Մէկը կը գրտնակէ բացուած խմորի գունդերը, միւսը` փորձառու թխողը, կ՛առնէ բարակ բացուած խմորը եւ ձեռքերուն վրայ դարձնելով զայն կը հասցնէ թուղթի բարակութեան:
– ԹԽՄԱՆ ՊԱՀԸ. բացուած խմորը կը փոխադրուի յատուկ բարձի վրայ եւ հմուտ շարժումով մը կը փակցուի տաք թոնիրի պատին: Շատ չանցած` արդէն պատրաստ, բուրաւէտ լաւաշը թոնիրէն կը հանուի մետաղեայ կեռով:
Այս գործընթացը պարզապէս հաց թխել չէ: Ան հաղորդակցելու, պատմութիւններ պատմելու, գործը երիտասարդ սերունդին փոխանցելու առիթ է: Լաւաշը կը միաւորէ` ընտանիքի անդամները, դրացիներն ու համայնքը:
Դէպի Եունեսքօ
2014-ին լաւաշը ընդգրկուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ի՞նչ չափանիշներու հիման վրայ կայացուց իր որոշումը. ան կը գնահատէ ոչ թէ բուն առարկան (լաւաշը` որպէս հաց), այլ անոր հետ կապուած կենդանի աւանդութիւնը: Հիմնական չափանիշներն էին.
Ա.- Սերունդէ սերունդ փոխանցում: Լաւաշ թխելու հմտութիւնները եւ գիտելիքները կը փոխանցուին մայրերէն դուստրերուն` ապահովելով աւանդութեան շարունակականութիւնը:
Բ.- Համայնքային նշանակութիւն: Լաւաշը կ՛ամրապնդէ ընկերային կապերը եւ կը խթանէ համագործակցութիւնը:
Գ.- Մշակութային ինքնութեան զգացում: Լաւաշը հայ ժողովուրդի ինքնութեան անբաժանելի մասն է, որ կը կապէ անցեալը ներկային:
Դ.- Մարդկային ստեղծագործութեան դրսեւորում: Հակառակ իր պարզութեան` լաւաշի պատրաստութիւնը բացառիկ վարպետութիւն կը պահանջէ:
Ինչ Կը Նշանակէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի Կարգավիճակ
Շատ կարեւոր է հասկնալ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին վրայ ընդգրկուիլը «սեփականութեան իրաւունք» կամ «հեղինակային իրաւունք» չի տար: Հայաստանին համար այս կարգավիճակը կը նշանակէ 2 բան.
1.- Միջազգային ճանաչում: Աշխարհը պաշտօնապէս կը ճանչնայ, որ լաւաշի հետ կապուած աւանդութիւնը հայկական մշակոյթի կենդանի եւ անբաժանելի մասն է:
2.- Պահպանման պարտաւորութիւն: Այս կարգավիճակը ստանալով` Հայաստան կը պարտաւորուի քայլերու ձեռնարկել այս աւանդութիւնը պահպանելու, գրանցելու եւ սերունդներուն փոխանցելու համար:
Հայկական Մշակոյթի Միւս Գանձերը ԵՈՒՆԵՍՔՕ–ի Ցանկին Վրայ
Լաւաշը միակը չէ: Հայկական մշակոյթը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին վրայ ներկայացուած է նաեւ այլ գոհարներով, ինչպիսիք են`
– Տուտուկի երաժշտութիւնը,
– «Սասնայ Ծռեր» դիւցազնավէպը,
– Խաչքարի արուեստը. խորհուրդը եւ խաչքարագործութիւնը,
– Քոչարի աւանդական խմբապարը,
– Սուրբ Թադէոս վանքի ուխտագնացութիւնը (Իրանի հետ համատեղ):
* * *
Այսպիսով, լաւաշի ճանաչումը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ պատմութիւն է այն մասին, թէ ինչպէ՛ս ամենասովորական եւ ամէնօրեայ թուացող բաներ կրնան կրել մշակութային իմաստ եւ դառնալ մարդկութեան համընդհանուր արժէք:
Ժառանգութիւնը ոչ միայն թանգարանային նմուշներն ու յուշարձաններն են, այլեւ` այն կենդանի աւանդութիւնները, որոնք մենք կ՛ապրինք ամէն օր թոնիրի շուրջ, սեղանի շուրջ, սերունդներու միջեւ:
(Քաղուած` «Soread.me»-էն)
Խոհագիր
7 Բանջարեղէններով
Ապուր
– 6 միջակ ստեպղին
– 1 պրասի ցողուն
– 2 միջակ լոլիկ
– 2 միջակ դդում
– 1 սոխ
– 1 շողգամ
– 2 գետնախնձոր
– 1 նեխուրի ճիւղ
– 10 սլ թարմ սեր
– 10 կ կարագ
– 1 խորանարդ խտացած արգանակ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Բանջարեղէնները լուալ, կեղուել եւ խորանարդաձեւ կտրատել: Բարակ մանրել պրասը:
Կաթսային մէջ կարագը հալեցնել, աւելցնել պրասն ու սոխը եւ տապկել 3-4 վայրկեան:
Աւելցնել մնացեալ բանջարեղէնները, նեխուրի ճիւղը, մինչեւ երեսը ջուրով ծածկել, աւելցնել խտացուած արգանակը, աղն ու սեւ պղպեղը եւ եփել մինչեւ բանջարեղէնները փափկանան:
Ելեկտրական հարիչով բանջարեղէնները խիւսի վերածել, փոխադրել ներկայանալի ամանի մէջ, թարմ սեր աւելցնել եւ տաք մատուցել:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հոնի Կորիզը
Տարեմուտի երեկոյին
Մայրս թխեց կարկանդակ,
Մէջը դրաւ հոնի կորիզ,
Իբրեւ բախտի նշանակ:
«Կորիզն,- ասաց,- ում որ ընկնի,
Դովլաթաւոր կը դառնայ,
Ո՛ւր որ գնայ, ի՛նչ գործ բռնէ,
Փառք ու պատիւ կը ստանայ»:
Կարկանդակը բաժանեցինք,
Կորիզն ընկաւ ինձ բաժին,
Եղբայրներս սրտնեղելով`
Նախանձեցին իմ բախտին:
«Կոյր է բախտը, սուտ չէ ասած»,
Մեծ եղբայրս փնթփնթաց,
«Մի՞թէ սա է ամէնիս մէջ
Աշխատաւոր, բանիմաց…»
Մէկելներն հաւանեցին
Մեծ եղբօրս ասածին.-
«Իրա՛ւ, իրա՛ւ, չէր արժանի»,
Միաբերան ձայնեցին…
Մայրս ասաց. «Խելօք կացէք,
Ահա կը գայ Նոր տարին,
Նա որ տեսնէ ձեզ կռուելիս`
Պարգեւ չի տայ ոչ մէկին:
Բայց որ տեսնէ դուք սիրով էք
Եւ խռով չէք իրանցից,
Այնուհետեւ ինչ որ ուզէք,
Չի խնայի ձեզանից»:
Այս ասելով` նա մեզ տուաւ
Տեսակ-տեսակ մրգեղէն,
Չիր ու չամիչ, տանձ ու խնձոր
Եւ զանազան քաղցրեղէն:
Քաղցր կերանք ու քաղցրացանք
Եւ խնդացինք շատ ու շատ,
Չարազ առինք նուռ, սերկեւիլ,
Ունաբ, սալոր, թուզ, փշատ:
«Հոնի կորիզն» այնուհետեւ
Բոլորովին մոռացանք,
Եւ շատ սիրով իրար գրկած,
Պառկոտեցինք, քնացանք…
ՂԱԶԱՐՈՍ ԱՂԱՅԵԱՆ



