Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Լիբանանի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը առանց դժուարութեան հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 8-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Ամալ Պիքֆայան:
Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց նաեւ փոխախոյեան Լիբանանեան բանակի հաւաքականը, որ 6-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սարաֆանտը:
Տեղի ունեցան այլ մրցումներ ալ` տարբեր կազմերու միջեւ:



