«Տոն Պալոն»-ի համաձայն, Ռէալ Մատրիտ 2018-ի ամրան պատրաստ է Թոթենհամին առաջարկելու 200 միլիոն եւրօ` ձեռք ձգելու համար անոր յառաջապահ Հերի Քէյնը:
2016-2017 տարեշրջանին ան հանդիսացաւ «Փրեմիեր-լիկ»-ի լաւագոյն ռմբարկուն` 30 մրցումի ընթացքին նշանակելով 29 կոլ:
Երկրին ֆութպոլի համակիրներուն կողմէ ան ճանչցուեցաւ տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը` ստանալով արհեստավարժ ֆութպոլիստներու միութեան մրցանակը:
Նշուեցաւ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիկին` Քէյնի փոխանցման այդ գումարին մէկ մասը Ռէալ Մատրիտ պիտի վճարէ Քարիմ Պենզեմայի եւ Կերըթ Պէյլի փոխանցումներէն գանձելիք իր գումարէն:



