
«Մարքա» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ աճուրդի մը ընթացքին 600 հազար եւրոյի ծախեց իր 4 «ոսկեայ գնդակներ»-էն մէկը:
Ռոնալտօ իր ստացած այս գումարը պիտի յատկացնէ «Մէյք-ը-ուիշ» բարեգործական հիմնադրամին, որ կը պայքարի մանկական հիւանդութիւններու դէմ: