Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 6 հոկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, ՀՄԸՄ կը ներկայացնէ տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին մասնակցող իր կազմը` մարզական անձնաւորութիւններու, յատուկ հրաւիրեալներու եւ մարզական լրագրողներու ներկայութեան:
ՀՄԸՄ, որ նախորդ կիրակի, 1 հոկտեմբերին տիրացաւ Հանրի Շալհուպի անուան պասքեթպոլի 3-րդ մրցաշարքին, Լիբանանի ախոյեանութեան մասնակցելէ բացի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ 23 հոկտեմբերէն 2 նոյեմբեր Մարոքի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան:


