Այսօր` հինգշաբթի, 5 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ իր դաշտին վրայ կը կատարէ իր վերջին մրցումը` հիւրընկալելով Լեհաստանը: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Եթէ Հայաստան իր յոյսերը կորսնցուցած է Ռուսիոյ համար տոմս մը ապահովելու առումով, անդին Լեհաստան կը պայքարի անոր համար եւ ամէն գնով յաղթանակի կարիքը ունի` Ե. խմբակին պարագլուխի դիրքին վրայ մնալու համար:
Նշենք սակայն, որ Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը երբեք չէ կրցած յաղթանակ արձանագրել Երեւանի մէջ: Վերջին անգամ, երբ Հայաստան եւ Լեհաստան իրարու դէմ յանդիման եկան Երեւանի մէջ, Հայաստան` շնորհիւ Համլեթ Մխիթարեանի նշանակած կոլին, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Կը կարծուի, որ այսօրուան մրցումին Հայաստանի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեան պիտի կիրարկէ 4-2-3-1 խաղաոճը:
Ցարդ Հայաստան իր կատարած 8 մրցումներուն ընթացքին արձանագրած է 2 յաղթանակ եւ կրած 6 պարտութիւն: Հայաստան, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 6 կէտ, նշանակած է 8 կոլ եւ իր բերդին մէջ ստացած 19 կոլ:
Հայաստան զտումի իր մրցումները կ՛աւարտէ 8 հոկտեմբերին, երբ հիւրը ըլլայ Ղազախստանի:



