«Սքայ Սփորթց» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Կերըթ Պէյլ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբի 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք վերջին 2 մրցումներուն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
6 հոկտեմբերին Կալես կը մրցի Վրաստանի դէմ, իսկ 9 հոկտեմբերին` Իրլանտայի դէմ:
Դ. խմբակին մէջ, այժմ Կալես 14 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը:
Պէյլ, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ եօթը մրցումի, նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց 1 էսիսթ:



