Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Աքուաթլոնի մրցումները` գործակցութեամբ Ժունիէի քաղաքապետութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին:
Մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 87 երկսեռ մարզիկներ` տարբեր տեսակի դասակարգերէ:
Տեղի ունեցան մեծերու (18 տարեկանէն վեր լողարշաւի մրցումներ (3,3 քմ), ապա վերադարձ վազքով (12 քմ): Կատարուեցաւ նաեւ կրտսերներու (18 տարեկանէն վատ) լողարշաւի (400 մեթր) եւ վազքի մրցումներ (2 քմ):
Նշենք, որ 40-49 տարեկան դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Սեւակ Տեմիրճեան, որ արձանագրեց 1 ժամ 50’18” արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն ներկայութեան:



