Ինչպէս ծանօթ է, կարգ մը երկիրներ ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ մէկ տարիով կախակայուեցան` նկատի ունենալով, որ անոնց մարզիկները 2008-ի եւ 2012-ի ողիմպիական խաղերուն խթանիչ դեղեր գործածած են:
Այդ երկիրներն են` Ռուսիա, Հայաստան, Ազրպէյճան, Պիելոռուսիա, Մոլտովա, Թուրքիա, Ուքրանիա եւ Պուլկարիա: Անոնց կախակայումը կ՛աւարտի հոկտեմբեր 2018-ին:
Սկզբունքով Եւրոպայի 2018-ի ախոյեանութիւնը պէտք էր տեղի ունենար 22-31 մարտ 2018-ին, Անթալիոյ մէջ (Թուրքիա):
Սակայն Ռուսիոյ ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին նախագահը` Մաքսիմ Ակապիթով, յայտարարեց, որ այս ախոյեանութիւնը յետաձգուեցաւ եւ այժմ անոր համար ճշդուեցաւ նոր թուական մը:
Անիկա տեղի պիտի ունենայ 24 նոյեմբերէն 3 դեկտեմբեր 2018-ին` Փերուի մէջ:


