Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ 23-րդ խմբակին, մրցեցաւ Ապնա Խալիժի դէմ:
ՀՄԸՄ, որ իր կատարած առաջին մրցումին պարտութիւն մը կրած էր (47-43), երէկուան այս մրցումին արձանագրեց 55-46 արդիւնքով յաղթանակ մը:


