
PROFOTO
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութիւնը այսօր` շաբաթ, 14 հոկտեմբերին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենան երրորդ դիրքի եւ աւարտականի մրցումները:
Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս երէկ մեծ եւ հաստատ քայլերով առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, երբ կիսաւարտականին իր կատարած մրցումին 96-67 արդիւնքով (24-16, 26-11, 25-17 եւ 21-23) պարտութեան մատնեց Օլիմփիքը (Եգիպտոս):
Թէեւ ՀՄԸՄ մրցումը աւարտեց 29 կէտի տարբերութեամբ, սակայն մրցումին տեւողութեան կէտերու տարբերութիւնը յաջողեցաւ բարձրացնել մինչեւ 39 կէտի (86-47):
Նկատի ունենալով կէտերու տարբերութեան բարձրացումը, ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Փաթրիք Սապա, հետզհետէ սկսաւ փոխել իր հիմնական մարզիկները` առիթ տալով այլ մարզիկներու, որ դաշտ ներկայանան:
Աւարտականին, այսօր` շաբաթ, 14 հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, ՀՄԸՄ իր դէմ պիտի ունենայ թունուզեան Սաֆաքասը, որ իր կարգին երէկ յաղթանակ արձանագրեց` պարտութեան մատնելով յորդանանեան Ֆահիս խումբը, երեք կէտի տարբերութեամբ միայն` 70-67 արդիւնքով (26-13, 7-11, 21-14 եւ 16-29):
Թէեւ Սաֆաքասի մրցումին ընթացքին ունեցաւ 21 կէտի առաւելութիւն մը, սակայն Ֆահիս բաւական պայքարելով կէտերու տարբերութիւնը նուազեցուց մինչեւ երեք կէտի:
Նշենք, որ երրորդ դիրքի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին, պիտի յաջորդէ աւարտական մրցումը (ժամը 16:00-ին):
Այսօր յետմիջօրէին բոլորիս ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերելու ՀՄԸՄ-ի մեր մարզիկները, աւարտին արձանագրուելիք յաղթանակը միասնաբար տօնելու համար:


