
Երէկ` կիրակի, 15 հոկտեմբերին, ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին, երբ Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ տեղի ունեցան 2 մրցումներ:
«Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ Մութթահետ, որ հիւրընկալեց Սաժեսը, 76-66 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն:
Սաժեսէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Տուայն Ճեքսըն (15 կէտ, 12 ռիպաունտ) եւ Մայք Ֆրէյզըր (11 կէտ, 11 ռիպաունտ), մինչ Ճէյ Եանկպլատ նշանակեց 19 կէտ: Մութթահետէն տապըլ-տապըլ իրագործեց Տերիըն Թաունզ (10 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Ռիատի, որ հիւրը եղաւ Անթունիէի, 92-52 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Ռիատիէն Տանթէ Կրին տապըլ-տապըլ իրագործեց (17 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզադաշտին մէջ (Զուք), Թատամոն կը հիւրընկալէ Պիպլոսը:


