Հայաստանի ֆութսալի ախոյեան Լէօ, Զաղրեպի մէջ (Խրուաթիա) տեղի ունեցած «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի իր ելոյթները աւարտեց յաղթանակով, երբ իր կատարած վերջին մրցումին (Ե. խմբակ) 6-5 արդիւնքով յաղթեց Քոսովոն ներկայացնող Լիպուրնի եւ 4 կէտով գրաւելով երկրորդ դիրքը, բնականաբար չկրցաւ անցնիլ Բ. հանգրուան եւ լքեց պայքարը:
Լէոյէն տուպլէի հեղինակ դարձան Սարգիս Նասիբեան եւ Գարեգին Մուշումեան, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Սլոպոտան Եանիիչ եւ Տիգրան Վարդանեան:
Հայաստանի ախոյեանը իր կատարած առաջին մրցումին 4-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Նասիոնալէն (Խրուաթիա), մինչ երկրորդին 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Կարժ Ճիպսոնի հետ (Ֆրանսա):


