Շաբաթ, 14 հոկտեմբեր 2017-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբը յաջողեցաւ լիբանանեան պասքեթպոլին, ինչպէս նաեւ արաբական պասքեթպոլին մէջ պատմութիւն կերտել, երբ աննախընթաց իրագործում մը կատարելով տիրացաւ Արաբական պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան տիտղոսին` աւարտականին 11 կէտի տարբերութեամբ` 61-50 արդիւնքով (17-14, 18-12, 13-13 եւ 13-11) յաղթելէ ետք թունուզեան Սաֆաքասի խումբին:
Աւարտական այս մրցումին ներկայ գտնուեցան Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնին անդամները, որոնց կարգին` ֆետերասիոնի փոխնախագահ Մաժտի Ապու Ֆրէյխա, որ կը ներկայացնէր նախագահ Իսմայիլ Քըրքաուին եւ որ ախոյեանութեան տիտղոսը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Նաթալի Սվաճեանին: Ներկայ էր նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզքը, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ի համակիրներ, որոնք մրցումին սկիզբէն մինչեւ աւարտը ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերեցին իրենց կազմը:
Ինչ կը վերաբերի աւարտական այս մրցումին, ՀՄԸՄ անոր տեւողութեան կէտերու տարբերութիւնը յաջողեցաւ հասցնել նոյնիսկ 14-ի (46-32):
ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլ իրագործեց Ճեսիքա Պրիլենտ (22 կէտ, 13 ռիպաունտ), մինչ Մեղրի Թորոսեան իր նշանակած 2 թրի փոյնթերով (ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ թրի փոյնթը) մեծապէս օգտակար դարձաւ կէտերու տարբերութեան բարձրացումին:
Ինչ կը վերաբերի երրորդ դիրքի մրցումին, Ֆուհէյս (Յորդանան) 86-76 արդիւնքով յաղթեց Օլիմփիքին (Եգիպտոս):

Այժմ ախոյեանութիւնը աւարտած է եւ ՀՄԸՄ իր անունը արձանագրած արաբական եւ լիբանանեան պասքեթպոլի պատմութեան մէջ:
Կը շնորհաւորենք, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասը` իր կատարած այս իրագործումին համար, անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ եւ իրագործումներ:



