Այս տարուան ընթացքին շարք մը վնասուածքներ ստանալէ ետք, երեք վիրաբուժութիւններու ենթարկուած ռուսահայ Մարկարիթա Գասպարեան թենիսի դաշտեր վերադարձաւ եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քրեմլինի բաժակի մրցաշարքին:
Սակայն ան չկրցաւ յաղթական վերադարձ մը ունենալ եւ Ա. հանգրուանին իր կատարած մրցումին 6-4, 5-7 եւ 5-7 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց յոյն Վալենթինի Կրամաթիքոփոլուէն:
Այս մրցաշարքին 8-րդ դասուած մարզիկ այլ ռուսահայ մը` Կարէն Խաչանով, ուսի վնասուածք ունենալուն պատճառով հրաժարեցաւ մրցաշարքին մասնակցելէ:


